2023.01.31 Il dono al Papa di Eva Maria Fernandez

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ եւ ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները

Քահանայապետը հրաւիրեց լռելեան աղօթք մը նուիրել բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն բարօրութիւնը, անոնց` որոնք կը փնտռէին ազատութիւնը եւ սակայն չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակին, անապատի մէջ մեռնելով։ «Շատ մը տառապողներ Միջերկրական կը հասնին անցնելէ ետք անապատէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով աղօթելու այդ մարդոց դիտաւորութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմէն դէպի Քինշասա ուղղուած ճանապարհորդութեան ընթացքին, Երեքշաբթի 31 Յունուար 2023ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն ուզեց պահ մը հանդիպիլ եւ ողջունել իր հետ ճամբորդող 75 լրագրողները, որոնք կը ներկայացնեն 12 երկիրներ եւ որոնց մաս կը կազմեն երկու ափրիկեցի լրագրող։

Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որ «ինծի կ՛ ընկերանաք այս ճամբորդութեան ընթացքին» ըսաւ Ան գեղեցիկ համարելով ճամբորդութիւնը, որ շատոնց կը սպասէր։

«Պիտի ուզենայի նաեւ Կոմա երթալ բայց պատերազմի պատճառաւ այդ մէկը անկարելի է այժմ» շարունակեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ հանգրուանները պիտի ըլլան միայն Քինշասան եւ Ճուպան։

«Շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքին համար, որ մեծապէս օգտակար է որովհետեւ ճամբորդութեամբ հետաքրքրուող մարդոց հասանելի կը դարձնէ պատկերներն ու մտքերը ու նաեւ ճամբորդութեան մասին ձեր մեկնաբանութիւնները» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ իրեն համար անկարելի է այսօր շրջիլ իրենց միջեւ ու թէ ստիպուած է զիրենք ողջունել բազկաթոռի վրայ։

Քահանայապետը հուսկ դիտել տուաւ, որ այդ պահուն օդանաւը կը սաւառնէր Սահարայի վրայէն, հրաւիրելով լռելեան աղօթք մը նուիրել բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն բարօրութիւնը, անոնց` որոնք կը փնտռէին ազատութիւնը եւ սակայն չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակին, անապատի մէջ մեռնելով։ «Շատ մը տառապողներ Միջերկրական կը հասնին անցնելէ ետք անապատէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով աղօթելու այդ մարդոց դիտաւորութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2023, 11:57