1659867774661.JPG

Քահանայապետը ողջունեց Ուքրանիայէն ցորեն փոխադրող նաւերուն մեկնումը ու հրաւիրեց երիտասարդները` քալելու Յիսուս Քրիստոսին հետ

«Թող` որ ձեզ կեանքը ըլլայ միշտ ուղեւորութիւն, ուղեւորութիւն Յիսուսին Քրիստոսին հետ, ուղեւորութիւն դէպի Աստուած ու դէպի եղբայրները, ուղեւորութիւն ծառայութեան եւ ուրախութեան մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 7 օգոստոս 2022-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած եւ ուղիղ եթերով Մարեմեան Աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն նախ անդրադարձաւ Ուքրանիայէն ցորեն փոխադրող նաւերուն մեկնումին իր գոհունակութիւնը արտայայտելով ապա հաստատելով որ «այս մէկը ցոյց կու տայ` որ «երկխօսութիւնը կարելի է ու թէ կարելի է նաեւ ձեռք բերել որոշ արդիւնքներ»։

Հակամարտութիւնները կասեցնելը կարելի է

Այս իրադարձութիւնը կը ներկայանայ որպէս յոյսի նշան եւ ամենայն սրտով կը մաղթեմ, որ այս ճանապարհին հետեւելով, կարելի ըլլայ վերջ տալ հակամարտութիւններուն ու յանգիլ իսկական, արդար եւ տեսական խաղաղութեան»

Խրուաթիոյ մէջ ինքնաշարժի արկած

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց երէկ Խրուաթիոյ մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածին, որուն զոհ եղան դէպի Մէտժուկորէ ուխտագնացութեամբ մեկնող բազմաթիւ լեհ ուխտաւորներ։ «Թող Տիրամայրը բարեխօսէ բոլորին համար ու անոնց ընտանիքներուն համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով ապա Եւրոպայի Երիտասարդներու Սանթիակօ Տէ Քոմփոսթելլա կատարած ուխտագնացութեան` անցեալ տարի յիշատակուող ապա յետաձգուած Քոմփոսթելլայի Սուրբ Տարուան առիթով։

Սանթիակոյի Տէ Քոմփոսթելլայի ուխտագնացութիւն
Սանթիակոյի Տէ Քոմփոսթելլայի ուխտագնացութիւն

Երիտասարդական ուխտագնացութիւն Սանթիակօ Տէ Քոմփոսթելլա

Նորին Սրբութիւնը օրհնեց զանոնք ու օրհնեց նաեւ բոլոր անոնք որուն կազմակերպեցին եւ ընկերացան այդ ձեռնարկին։

«Թող` որ ձեզ կեանքը ըլլայ միշտ ուղեւորութիւն, ուղեւորութիւն Յիսուսին Քրիստոսին հետ, ուղեւորութիւն դէպի Աստուած ու դէպի եղբայրները, ուղեւորութիւն ծառայութեան եւ ուրախութեան մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով, որ առթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2022, 12:35