Մարեմեան աղօթք. «Հայցենք պարգեւը` ըլլալու խաղաղութեան գործիչներ»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» Յովհաննէսի Աւետարանէն (14,27) քաղուած Յիսուսին այս խօսքերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Մայիսի Ողջ Լեր Թագուհի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն ս, Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
«Յիսուս իր աշակերտներէն հրաժեշտ կ՜առնէ անդորրութեամբ ու այդ մէկը կ՜ընէ ոչ այնքան հանդարտ պահի մը ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով, թէ ինչպէս այդ պահուն Յուդան դուրս ելած էր զինք մատնելու եւ Պետրոս մօտ օրէն զինք պիտի ուրանար, մինչ միւս աշակերտները զինք պիտի լքէին։
Խաղաղութիւնը կը յորդի Յիսուսի սրտէն
Յիսուս այս ամէնը գիտէր սակայն չի յանդիմաներ, խիստ խօսքեր չ՛արտասաներ, Ան վախ ու ցաւ կը զգայ սակայն չի յանձնուիր դառնութեան։ Ան խաղաղութեան մէջ է, խաղաղութիւն` որ կու գայ հեզ սրտէն, որ բնակուած է վստահութեամբ։ Այնտեղէն է` որ կը յորդի խաղաղութիւնը` զոր Յիսուս կը թողու մեզի։
Կարելի չէ խաղաղութիւն տալ եթէ խաղաղութեան մէջ չենք
«Որովհետեւ կարելի չէ ուրիշներուն խաղաղութիւն լքել եթէ զայն չունինք մեր մէջ։ Կարելի չէ խաղաղութիւն տալ եթէ խաղաղութեան մէջ չենք», յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ ««Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի» խօսքով Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ թէ հեզութիւնը կարելի է եւ ինք այդ մէկը մարմնացուց ամենադժուար պահի ընթացքին եւ կ՛ուզէ, որ մենք եւս այդպէս վերաբերուինք, «մենք` որ անոր խաղաղութեան ժառանգորդներն ենք» նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ Յիսուս մեզ կ՜ուզէ հլու, բաց, տրամադիր ունկնդրութեան, ի վիճակի հարթելու վէճերը եւ հիւսելու համերաշխութիւն։
«Յիսուսը վկայելը այս է եւ այս մէկը աւելի արժէքաւոր է քան հազարաւոր բառեր եւ բազմաթիւ քարոզներ» նշեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ այդպէս է մեր վարուելակերպը։
Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի` ոչ նման աշխարհին
Յիսուսին երկրորդ խօսքը եղաւ «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»։ Ան գիտէ, որ մենք առանձին կարող չենք խաղաղութիւնը պահպանել, թէ կարիքը ունինք օգնութեան։ Խաղաղութիւնը, որ մեր յանձնառումն է, ամենէն առաջ Աստուածային պարգեւ է։ Յիսուս արդարեւ կ՜ըսէ «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, զայն չեմ տար ձեզի ինձպէս աշխարհը կու տայ»։ Եւ Յիսուսին այդ խաղաղութիւնը Սուրբ Հոգին է, Յիսուսին Հոգին։ Աստուծոյ ներկայութիւնն է մեր մէջ։ Ան է, որ զինաթափ կ՜ընէ սիրտը եւ զայն կը լիացնէ անդորրութեամբ։ Ան է, որ մեզի կը յիշեցնէ` թէ մեր մօտ եղողները եղբայրներ եւ քոյրեր են, ոչ թէ արգելքներ կամ հակառակորդներ։ Ան է, որ մեզի ուժ կը պարգեւէ ներերու, վերսկսելու, դարձեալ ճամբայ ելլելու։ Եւ Անոր հետ է, որ մենք կը դառնանք խաղաղութեան մարդիկ ու կիներ»։
Հայցենք Սուրբ Հոգին` Յիսուսին խաղաղութիւնը
Ոչ մէկ մեղք, ոչ մէկ ձախողութիւն, ոչ մէկ դժգոհութիւն պէտք է` որ մեզ վհատեցնէ Սուրբ Հոգիին պարգեւը հայցելէ։ Սորվինք ամէն օր ըսելու. «Տէր տուր ինծի խաղաղութիւնդ. Տուր ինծի Սուրբ Հոգիդ» եւ այս մէկը հայցենք նաեւ մեր մօտ գտնուողներուն համար, անոնց, համար որոնց կը հանդիպինք ամէն օր, եւ Պետութիւններու պատասխանատուներուն համար։
Թող որ Տիրամայրը մեզ օգնէ ընկալելու համար Սուրբ Հոգին եւ ըլլալու խաղաղութեան գործիչներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ