Քանատայի մէջ բնական աղէտէն քանդուած տուներ Քանատայի մէջ բնական աղէտէն քանդուած տուներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Քանատայի եւ Միշիկանի մէջ բնական աղէտներու ի լուր։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրերը Քանատայի մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին ու Կայլորտ թեմի եպիսկոպոսին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական հեռագիրերով մօտիկութիւն ու աղօթք ապահովեցուց Քանատայի հարաւ արեւելեան շրջանին մէջ Փոթորիկի թիրախ ինչպէս նաեւ Միշիկան քաղաքի մէջ զօրաւոր մրրիկէն մահացած անձերուն։

Զօրակցութեան եւ աղօթքի ու ցաւակցական հեռագիրները ուղղուեցան Քանատայի եպսիկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Ռայմոնտ Փուասսոնին ու Կայլորտ թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ ժէֆրէյ Վալշին։

Նշենք թէ Քանատայի մէջ փոթորիկէն տուժուած են երկրին ամենաշատ բնակեցուած մարզերը՝ Օնթարիոն եւ Քէպեքը, ուր արձանագրուած են 8 զոհեր, որոնց հոգիներուն յաւիտենական հանգստեան համար ինչպէս նաեւ բնական աղէտէն տուժուած անհատներուն համար, ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովեցուց, շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ շտապ օգնութեան մատուցող կամաւորներուն։

Մինչ՝ Կայլորտի մէջ զօրաւոր մրրիկի հետեւանքով արձանագրուած են 40 վիրաւորներ եւ սպաննուած չորս անձեր, որոնց համար եւս Վատիկանի Պետական քարտուղարը ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքն ու մօտիկութիւնը յայտնեց, ցաւակցական հեռագրիր յղելով Կայլորտ թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Ժէֆրէյ Վալշին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 09:08