Դեսպաններու հաւատարմագրերու յանձնում Դեսպաններու հաւատարմագրերու յանձնում  

Չպէտք է մոռնալ աշխարհի մէջ ընթացող բազմաթիւ այլ հակամարտութիւնները․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Աթոռի մօտ Պակիստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու և Քաթարի դեսպաններու հաւատարմագրերու յանձնումի կապակցութեամբ իր ելոյթի ընթացքին, Ֆրանչիսկոսը շեշտած է, որ առաջարկուող մարդասիրական աջակցութիւնը և եղբայրութեան զգացումը տառապողներուն՝ պէտք չէ հիմնուած ըլլայ աշխարհագրութեան կամ անձնական շահերուն վրայ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր` 19 Մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իրենց հաւատարմագրերը յանձնեցին Փաքիստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու և Քաթարի՝ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նորանշանակ դեսպանները։

Ողբերգական իրավիճակները, բայց և այնպէս, վեր կը հանեն մարդկութեան լաւագոյն գիծերը

«Վերջին անգամ, երբ յունուարին հանդիպեցայ ձեր գործընկերներուն, մարդկային ընտանիքը սկսած էր թեթևցած շունչ քաշել, քանի որ սկսած էր համաճարակի ճիրաններէն դանդաղ, բայց հաստատապէս ազատուիլ»՝ երբ այս անգամ «պատերազմի մութ ամպը պատեց Արևելեան Եւրոպան, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով մը պարուրելով ողջ աշխարհը», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղուած իր ելոյթին մէջ՝ նկատել տալով, որ երկու Համաշխարհային պատերազմներու և Սառը պատերազմի ընթացքին միջուկային սպառնալիքներու կործանարար հետևանքները, ինչպէս նաև միջազգային իրաւունքի դերի նկատմամբ աճող յարգանքը և միջազգային քաղաքական և տնտեսական կազմակերպութիւններու ստեղծումը, Եւրոպայի մէջ պատերազմի գաղափարը այլևս հեռաւոր յիշողութիւն պիտի դարձնէր։

Միևնոյն ատեն, Պապը շեշտեց, որ նման ողբերգական իրավիճակները, ինչպէս համավարակն է կամ պատերազմը, վեր կը բարձրացնեն մարդկութեան լաւագոյն գիծերը, որոնք կը դրդեն շատ երկիրներու և անհատներու մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել, ինչպէս օրինակ փախստականներն ընդունիլը։

Ուշադրութեան առանցքը պէտք է կազմեն անարդար այլ իրավիճակները ևս

Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորեց չի մոռնալ, «որ աշխարհի մէջ կ’ընթանան բազմաթիւ այլ հակամարտութիւններ, որոնք քիչ կամ ընդհանրապէս ուշադրութեան չէն արժանանար՝ յատկապէս լրատուամիջոցներու կողմէ»: Որպէս մէկ մարդկային ընտանիք, արտայայտուած վրդովմունքի աստիճանը, առաջարկուող մարդասիրական աջակցութիւնը և եղբայրութեան զգացումը տառապողներուն պէտք չէ հիմնուած ըլլայ աշխարհագրութեան կամ անձնական շահերու վրայ․ «Որովհետև «եթէ իւրաքանչիւր մարդ ունի անքակտելի արժանապատուութիւն, եթէ իւրաքանչիւր մարդ իմ եղբայրն է կամ քոյրը, և եթէ աշխարհն իսկապէս կը պատկանի բոլորին, ապա կապ չունի՝ թէ ուր ծնած է մարդը, կամ թէ ան իր երկրէն սահմաններէն դուրս կ’ապրի. (Fratelli tutti, էջ 125)», ըսած է ապա Քահանայապետը յղում կատարելով Fratelli tutti իր շրջաբերական նամակին:

Պապը շեշտեց, որ խօսքը ոչ միայն կը վերաբերի պատերազմին և բռնի հակամարտութիւններուն, այլեւ անարդար այլ իրավիճակներուն, որոնցմէ կը տառապի մարդկային ընտանիքը՝ կլիմայի փոփոխութիւն, աղքատութիւն, սով, մաքուր ջուրի բացակայութիւն, աշխատատեղերի և կրթութեան հասանելիութիւն և այլն:

Երբեք չկորսնցնել յոյսը

Ֆրանչիսկոս ընդգծեց, որ Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ գործել բազմաթիւ ուղղութիւններով` նպաստելու հակամարտութիւններուն խաղաղ լուծումներ գտնելու և սոցիալական այլ խնդիրներու պատճառով առաջացած տառապանքները մեղմելու համար։ Ան ապա յորդորեց դեսպաններուն՝ հաշուի առնելով այն առանձնաշնորհեալ դերակատարումը, որ անոնք ունին միջազգային ասպարէզին մէջ և երկխօսութեան ու ժողովուրդներու միջև հասկացողութիւնը խրախուսելու գործին մէջ անոնց կարևոր ծառայութիւնը, «երբեք չի կորսնցնել յոյսը աշխարհ մը կառուցելու, ուր կը գերիշխեն եղբայրութիւնն ու փոխ ըմբռնումը, իսկ տարաձայնութիւնները կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով»։

Ֆրանչիսկոս Պապը, ի վերջոյ, վստահեցուցած է, որ Սուրբ Աթոռի գրասենեակները անոնց տրամադրութեան տակ են՝ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներն դիմագրաւելու համար»՝ հայցելով իմաստութեան և խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւնները անոնց, անոնց ընտանիքներուն և ​​գործընկերներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 11:37