Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Լիբանանի Վարչապետ Միքաթին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Լիբանանի Վարչապետ Միքաթին

«Լիբանանը երկիր, պատգամ եւ խոստում է` որուն համար պէտք է պայքարիլ». Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Լիբանանի Վարչապետ Միքաթին։

Քննարկուեցան Լիբանանի ժողովուրդին ապրած ներկայ իրավիճակը մասնաւորապէս անդրադառնալով քաղաքական ճգնաժամին եւ ընկերա-տնտեսական պայմաններուն, յոյս յայտնելով որ արդարութիւնը եւ հարկաւոր բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը օժանդակեն վեր կանգնեցնելու Մայրիներու երկրին ճակատագիրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 25 նոյեմբեր 2021ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Լիբանանի վարչապետը, Տիար Նաժիպ Միքաթին, որ այնուհետեւ հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոնինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Լիբանանի հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը ու Մայրիներու երկրին մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը։

Քննակուած հարցերը

Քննարկուեցան Լիբանանի ժողովուրդին ապրած ներկայ իրավիճակը մասնաւորապէս անդրադառնալով քաղաքական ճգնաժամին եւ ընկերա-տնտեսական պայմաններուն, յոյս յայտնելով, որ արդարութիւնը եւ հարկաւոր բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը օժանդակեն վեր կանգնեցնելու Մայրիներու երկրին ճակատագիրը։

Վերահաստատելով` թէ որքան կարեւոր է իւրաքանչիւր լիբանանցիի լիիրաւ քաղաքացիութեան հայեցակարգի յառաջմղումը, ընդգծուեցաւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանանը շարունակէ ըլլալ Միջին Արեւելքէն բարձրացող խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամը։

Լիբանանը խոստում մըն է, որուն համար պէտք է պայքարիլ

Նշենք թէ Տիար Նաժիպ Միքաթիին Քահանայապետին հետ ունեցած առանձնազրոյցը տեւեց գրեթէ քսան վայրկեան, որուն աւարտին վարչապետը Քահանայապետին ներկայացուց իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները ու տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն, նշեց` որ «Լիբանանը երկիր է, պատգամ է ու նաեւ խոստում, որուն համար պէտք է պայքարիլ»։ Ան ապա ակնարկեց Լիբանանին` անցեալին ապրած դժուար ու վատ պահերուն ու ապահովեցուց իր աղօթքները, իր մօտիկութիւնը ու նաեւ աշխատանքը` որպէսզի իրականացուի այն միասնական ջանքը, օգնելու համար Լիբանանինւ ու զայն դարձեալ վերականգնեցնելու։

Լիբանան` Ոտքի ել

Մէջբերելով հուսկ Աւետարանական հատուածը ուր Յիսուս հարիւրապետի մահացած աղջկան ձեռքը բռնելով կ՛ըսէ «Ոտքի ել», Սրբազան Քահանայապետը աւելցուց. «Տէր Աստուած Լիբանանին ձեռքը բռնէ ու անոր ըսէ «Վեր կանգնիր»։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ նախքան ներկաներէն հրաժեշտ առնելը,  զանոնք հրաւիրեց պահ մը լռութեամբ աղօթելու։

Նուէրները

Յայտնենք թէ Վարչապետ Նաժիպ Միքաթին Քահանայապետին որպէս նուէր յանձնեց` անցեալ 4 օգոստոս 2020ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ծանրապէս վնասուած Լիբանանի Մելքիթներու Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիէն բերուած քար մը, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը պատուաւոր հիւրին նուիրեց Պրոնզէ ձուլուածք մը` որ կը պատկերացնէ խաղողի այգիին մէջ աշխատաւորներ ու կը կրէ հետեւեալ խօսքը. «Թող որթատունկի պտուղը և մարդու գործը մեզի համար դառնան փրկութեան խմիչք»։ Ֆրանչիսկոս Պապը Նաժիպ Միքաթիին յանձնեց նաեւ Քահանայապետական պատգամներու եւ փաստաթուղթերու հաւաքածոյ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2021, 12:26