Ժողովրդական շարժումներու հաւաքը Ժողովրդական շարժումներու հաւաքը

Պապը աշխարհի հզօրներուն. Յանուն Աստուծոյ փոխեցէք մահուան համակարգը։

Ժողովրդական շարժումներուն յղած լսատեսողական պատգամի մը մէջ Քահանայապետը զօրեղ կոչ ուղղած է աշխարհի հզօրներուն հրաւիրելով գործել ի նպաստ աւելի արդար, զօրակից եւ եղբայրական աշխարհի մը։ Ան խնդրած է ջնջել աղքատ Երկիներուն պարտքերը, դադրեցնել զէնքերու արտադրումը, ապա «արտօնագիրերու» ազատութիւնը, որպէսզի բոլորն ալ պատրաստումի կարելիութիւնը ունենան։ Ան ապա ներկայացուցած է երկու անմիջական առաջարկներ. նուազագոյն աշխատավարձ և աշխատանքային օրուայ կրճատում։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միասին երազել համավարակէն ետք աւելի լաւ աշխարհ մը, փորձելով յաղթահարել այն դիմադրութիւնները, որոնք արգելք են «համայն մարդկութեան եւ արարչութեան հետ ներդաշնակութեամբ ապրելու» ձգտումին, որ կարելի է ձեռք բերել միայն ազատութեան, հաւասարութեան, արդարութեան եւ արժանապատւութեան ճանաչումի միջոցաւ։ Հարկաւոր է ապա փոխել «մահուան համակարգը» պահանջելով յեղաշրջել «Սթաթուս Քուօն» ու թոյլ տալ, որ մեր երազներուն մէջ ներթափանցէ «մեր բոլորին համար վերապահուած Աստուծոյ երազը»։ Այս է այն ինչ, որ առաջարկեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Մարդկային համապարփակ զարգացումի գերատեսչութեան կողմէ առցանց միջոցով կազմակերպուած Ժողովրդական շարժումներու ներկայացուցիչներուն ուղղած երկար լսատեսողական պատգամին մէջ, ուր յատուկ կոչ կ՛ուղղէ անոնց որոնք պատուաստներու արտօնագիրերու տէրերն են, որպէսզի զանոնք դնեն բոլորի տրամադրութեան տակ, այնպէս որ պատուաստը հասանելի ըլլալ բոլորին։

«Ընկերային բանաստեղծներ»

Նորին Սրբութիւնը կը նշէ, թէ ժողովրդական շարժումները ու զանոնք ներկայացնող անձերը եղան անոնք, որոնք աւելիով տառապեցան համավարակի հետեւանքներէն։ Քահանայապետը զանոնք կը կոչէ «Ընկերային բանաստեղծներ» անոնց «յոյս եւ արժանապատուութիւն ստեղծելու կարողութեան եւ քաջութեան» համար։

«Ձեզ տեսնելը ինծի կը յիշեցնէ որ մենք չենք դատապարտուած կրկնութիւններու եւ ոչ ալ կառուցելու ապագայ մը, որ հիմնուած է բացառութեան եւ անհաւասարութեան վրայ, թափօններու եւ անտարբերութեան վրայ, ուր առանձնաշնորհումի մշակոյթը անտեսանելի իշխանութիւն է եւ չարաշահումն ու ոտնձգութիւնները վերապրումի բնական մեթոտ։ Ո՛չ. Դուք այս մէկը լաւապէս կը հռչակէք» ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ։

«Աստուծոյ անունով կ՛ուզեմ խնդրել»

Նորին Սրբութիւնը ինը անգամ կրկնեց «Աստուծոյ անունով կ՛ուզեմ խնդրել» բառերը, ապա ներկայացուց երկու կարեւոր առաջարկեր` կառավարիչներուն եւ կրօնական ղեկավարներուն։

Սրբազան Պապին այս պատգամը կը յատկանշէ Եկեղեցւոյ յանձնառումին այլ հանգրուան մը, տնտեսա-ֆինանսական տիպարներու մէջ փոփոխութիւն խթանելու համար, արժեւորելով ժողովրդական պահանջները, միջանկեալ մարմինները եւ համակարգէն «հեռացուածները»:

Սննդական տագնապը

Քահանայապետը իր զրուցակիցները կ՛որակէ «ընկերային բանաստեղծներ» շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց, իրենց գործունէութեան համար ու կը յիշէ թէ ինչպէս այս տարի սննդական տագնապը հարուածեց աւելի քան քսան միլիոն անձեր ու պատճառեց զոհեր, որոնց թիւը կը «գերազանցէ Քովիտին պատճառած զոհերունը», նշեց Սրբազան Պապը, հրաւիրելով իրենց մարդկային դիմագիծը կորսնցուցած մեր «ընկերա-տնտեսական» համակարգերը պատշաճեցնել այսօրուայ իրականութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ յաճախ յղում կը կատարէ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան ապա կը խնդէ դուրս գալ այն բացասական կեցուածքէն` որ մեզի ըսել կու տայ թէ «այլընտրանք չկայ» ու թէ «այս մէկը միակ կարելի համակարգն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ յատուկ կոչեր կ՛ուղղէ «Յանուն Աստուծոյ»։

Աստուծոյ անունով բոլորէն կ՛ուզեմ խնդրել։ Մեծ գիտաշխանոցներէն, որպէսզի ազատ լքեն արտօնագիրները։ Մարդկային ժեստ մը կատարեն ու թոյլ տան, որ պատուաստը հասանելի ըլլայ իւրաքանչիւր Երկրի, ժողովուրդի, մարդ արարածի։

Կան երկիրներ, որտեղ բնակիչներու ընդամէնը երեք, չորս տոկոսը պատուաստուած է» նկատել կու տայ Սրբազան պապը:

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել, ֆինանսական խումբերէն եւ վարկային միջվազային կազմակերպութիւններէն, որ աղքատ Երկիրներուն թոյլ տան իրենց բնակիչիններուն երաշխաւորելու առաջնային կարիքները ու ջնջեն այն պարտքերը, որոնք շատ անգամ պայմանագրուած են այդ ժողովուրդներու շահերուն դէմ։

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել, արդիւնահանման խոշոր ընկերութիւններէն - հանքարդիւնաբերութեանն, նաւթային- անտառային, անշարժ գոյքի, գիւղամթերքի, որ դադրեցնեն անտառներուն, խոնաւ վայրերուն եւ լեռներուն կործանումը ու դադրեցնեն գէտերուն եւ ծովերուն ապականումը ու դադրեցնեն նաեւ ժողովուրդներուն եւ սնունդի թունաւորումը։

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել, սնունդի մեծ ընկերութիւններէն, որ դադրեցնեն գին ուռճացնող արտադրութեան և բաշխման մենաշնորհային կառոյցներու պարտադրումը, որ ի վերջոյ, քաղցածներու հացը կը խլեն։

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել,, զէնքի արտադրողներէն ու վաճառողներէն վերջնականապէս դադրեցնելու իրենց գործունէութիւնը, որ կը հրահրէ բռնութիւն ու պատերազմ, յաճախ աշխարհաքաղաքական խաղերու ոլորտէն ներս, որոնց սուղ գինը` միլիոնաւոր կեանքեր և տեղաշարժներ են:

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել, արհեստագիտութեան հսկաներէն, որ դադրեցնեն մարդկային դիւրաբեկութեան չարաշահումը, շահեր կուտակելու համար մարդոց խոցելիութիւնը, առանց նկատի առնելու, թէ ինչպէս անոնք կ՜աճեցնեն ատելութեան ուղերձերը, սուտ լուրերը, դաւադրութեան տեսութիւնները եւ քաղաքական շահարկումները:

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել, հեռահաղորդակցութեան հսկաներէն, որ ազատականացնեն կրթական բովանդակութեան հասանելիութիւնը ու վարժապետներու հետ համացանցի միջոցաւ միջ փոխանակումը, որպէսզի աղքատ մանուկները «քարանթինայի» պայմաններու մէջ, կարողանան ստանալ պատշաճ կրթութիւն։

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել, հաղորդակցութեան միջոցներէն որ վերջ դնեն ապատեղեկատուութեան եւ յետ ճշմարտութեան տրամաբանութեան, զրպարտութեան, չարախօսութեան եւ այդ գայթակղութեան եւ պղտորութեան նկատմամբ հիւանդ գրաւչութեան. Թող փորձեն սատարել մարդկային եղբայրութեան ու վիրաւոր անձերու կարեկցանքին։

Կ՜ուզեմ Աստուծոյ անունով խնդրել, հզօր Երկիրներէն., որ դադրեցնեն յարձակումները, փակումները եւ միակողմանի պատժամիջոցները` ընդդէմ որեւէ այլ երկրի, աշխարհի որեւէ շրջանի մէջ։ Ոչ նորագաղութատիրութեան։ Հակամարտութիւնները պէտք է հանգուցալուծուին բազմակողմանի մարմիններու մօտ, ինչպէս է ՄԱԿը։

Մենք արդեն տեսանք, թէ ինչպէս կ՛աւարտին միջամտութիւնները, արշաւանքներն ու միակողմանի գրաւումները, նոյնիսկ երբ անոնք իրականացուած են ազնուագոյն դրդապատճառներով կամ ծածկոյթներով:

Երկու վերջին «կ՜ուզեմ խնդրել» քաղաքական մարդոց եւ կրօնապետերուն

Քահանայապետին երկու վերջին «կ՜ուզեմ խնդրել»ները ուղղուած են մէկը կառավարութիւններուն եւ քաղաքական գործիչներուն, որպէսզի անոնք ըլլան իրենց ժողովուրդներուն իսկական ներկայացուցիչները ու գործեն ի նպաստ հասարակաց բարիքին, նայելով իրենց հայրենակիցներու աչքերուն մէջ։ Իսկ միւսը` կրօնական Ղեկավարներուն, որպէսզի երբեք Աստուծոյ անունը չի գործածեն պատերազմներ կամ պետական ​​յեղաշրջումներ հրահրելու համար:

Նուազագոյն աշխատավարձ և աշխատանքային օրուայ կրճատում

Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ժողովրդական շարժումներուն կ՛առաջարկէ երկու յանձնառումի ճանապարհներ, որոնք կը հային նուազագոյն աշխատավարձի ի նպաստ պայքարին և աշխատանքային օրուայ կրճատումին, որպէսզի միշտ աւելի մարդիկ կարելութիւնը ունենան աշխատանքի շուկային մէջ մտնելու։

Սրբազան Պապը քաջատեղեակ է թէ շատեր այս նպատակներուն դէմ պիտի առարկեն, զանոնք նկատելով «անհասանելի»։ Բայց, կ՛ըսէ Ան, «ասոնք կարողութիւնը ունին մեզ շարժումի մէջ դնելու»։

“Այդքան շատ մարդիկ միասին երազեն այս յեղաշրջումը, յանձնառու ըլլալով զայն իրականացնելու, այնքան աւելիով այդ երազը կարող է իրական դառնալ։”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2021, 15:28