Ֆրանչիսկոս Պապին ողջագուրումը գաղթականներուն եւ տնանկներուն

Ցուցադրութեան մասնակցող գաղթականներու շարքին էին նաեւ քսան Աֆղանցիներ, որոնք վերջին օրերուն փախուստ տալով երկրէն` Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան օգնութեամբ ժամանած են Իտալիա։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրախութիւն եւ յուզմունք, ասոնք են զգացումները որ 100է աւելի գաղթականներ եւ տնանկներ ապրեցան 6 սեպտեմբերի երեկոյեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահի նախասենեակէն ներս, ուր համախմբուած էին մասնակցելու համար «Francesco» տիտղոսով ֆիլմի ներկայացումին, երբ ֆիլմի աւարտին անակնկալ կերպով անոնց այցելութիւն տուաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զրուցելով անոնց հետ ու մէկիկ մէկիկ ողջունելով Վատիկանի հիւրերը։

Ֆիլմին ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր «Ֆրանչեսքօ» ֆիլմի բեմադրիչ Էվեկնի Աֆինիվիսքիիի եւ «Laudato Sì» հիմնարկի կողմէ։ Ֆիլմնին ներկայացումը կատարեց նոյնինքն ֆիլմին հեղինակը։ Նշենք թէ «Ֆրանչեսքօ» ֆիլմին մէջ ներառուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան ճամբորդութեան մասին հատուած մը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ ու նաեւ հարցազրոյցներ եկեղեցական եւ քաղաքացիական հայ ներկայացուցիչներու հետ։

Ցուցադրութեան մասնակցող գաղթականներու շարքին էին նաեւ քսան Աֆղանցիներ, որոնք վերջին օրերուն փախուստ տալով երկրէն` Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան օգնութեամբ ժամանած են Իտալիա։ «Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղեց քաջալերանքի եւ մխիթարական խօսքեր» ինչպէս կը նշէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը այս առթիւ հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Ֆիլմի ցուցադրութեան աւարտին կազմակերպիչները բոլորին բաժնեցին սննդի փաթեթներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2021, 08:30