«Յովսէփի ու Մարիամի հետ դէպի Յիսուս տանող ճանապարհին վրայ» «Յովսէփի ու Մարիամի հետ դէպի Յիսուս տանող ճանապարհին վրայ» 

Ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Պուտաբեշտ եւ Սլովաքիա առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Այս կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քահանայապետութեան 34րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը այցելած պիտի ըլլայ 51 երկիներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 9 սեպտեմբերի կէսօրին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի Մամլոյ Ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց յառաջիկայ 12էն 15 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իտալիոյ սահմաններէն դուրս կատարելիք Միջազգային 34 առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, որ պիտի ընդգրկէ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբէշտը ուր Սրբազան Պապը պիտի եզրափակէ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 52րդ համագումարը, ապա Սլովաքիան ուր նախատեսուած են այցելութիւններ Պրաթիզլաւ, Քոշիչէ, Փրեշով եւ Շաշթին քաղաքներուն։

34րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւն

Այս կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քահանայապետութեան 34րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը այցելած պիտի ըլլայ 51 երկիներ։

Քահանայապետը սոյն ճամբորդութիւնները կը կատարէ ընդառաջելով երկու երկիրներու տեղական իշխանութիւններու ու եպիսկոպոսներու հրաւէրին։

Նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապն էր, որ Իրաքէն Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին արտայայտած էր իղձը` այցելելու վերոնշեալ երկիրները, թէեւ Պուտաբեշտի պարագային կարելի չէ այդ մէկը նկատել որպէս այցելութիւն Հունգարիոյ այլ միայն հանգրուան` եզրափակելու համար Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովը, որ սկիզբ առաւ անցեալ 5 սեպտեմբերին։ Այս մէկը սակայն կորիզը կը հանդիսանայ առաքելական ճամբորդութեան որ դուռը բացաւ Սլովաքիայի այցելութեան։ 

Քահանայապետի մը երկրորդ ճամբորդութիւն 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երկրորդ Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Պուտաբեշտը եւ Սլովաքիան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն ետք։ Երջանկայիշատակ Քահանայապետը Հունգարիան այցելած էր 1991 եւ 1996 ապա Սլովաքիան 1990, 1995 եւ 2003ին։

Մինչ Պուտաբեշտի ճամբորդութիւնը եկեղեցական ու հոգեւոր բնոյթ ունեցող այց կը նկատուի Սլովաքիայի պարագային ան ունի հովուական բնոյթ։ Վերջինիս նշանաբանն է «Յովսէփի ու Մարիամի հետ դէպի Յիսուս տանող ճանապարհին վրայ»։

Մեկնում Հռոմէն դէպի Պուտաբեշտ

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմէն կը մեկնի կիրակի 12 սեպտեմբերին, առաւօտեան կանուխէն, ուղղուելով ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Պուտաբեշտ քաղաք, ուր կը ժամանէ մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք ու Պուտաբեշտի օդակայանին մէջ կայացած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութենէն ետք կ՛ուղղուի դէպի քաղաքի «Հերոսներու» կեդրոնական հրապարակը ` ուր հրապարակի մօտակայքը գտնուող Գեղարուեստի թանգարանէն ներս նախ հանդիպում կ՛ունենայ Երկիրն նախագահին ու Վարչապետին հետ հուսկ նոյն վայրին մէջ կը հանդիպի երկրին եպիսկոպոսներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Հանդիպում եպիսկոպոսներուն հետ

Հունգարիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ թանգարանի սրահներէն մէկու մէջ հանդիպում կ՜ունենայ Եկեղեցիներու համամիութենական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն ու հունգարիայի Հրեայ հասարակութիւններու պատուիրակութեան հետ։

Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի եզրափակիչ սուրբ պատարագ

Վերոնշեալ հանդիպումներու աւարտին Քահանայապետը կ՛ուղղուի «Հերոսներու» Հրապարակ, ուր նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն կը սպասուի աւելի քան 250 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որով վերջ կը գտնէ Պուտաբեշտի հակիրճ այցելութիւնը եւ Քահանայապետը կ՛ուղղուի օդակայան, որտեղէն հրաժեշտի արարողութեան աւարտին կը մեկնի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Սլովաքիայի մայրաքաղաք` Պրաթիզլաւ։

Պուտաբեշտի մէջ նախատեսուած են Սրբազան Պապին 5 ելոյթներ` որոնց շարքին երկու ճառ, մէկ քարոզ, մէկ ողջոյնի խօսք եւ մէկ Մարեմեան աղօթք։

Նորին Սրբութեան կ՜ընկերանան եւ ճամբորդութիւնը կը լուսաբանեն 74 լրագրողներ։

Ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը` Սլովաքիա

Յիսուն վայրկեան տեւողութեամբ ճանապարհորդութենէ մը ետք Պուտաբեշտէն մեկնած Քահանայապետական օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Պրաթիզլաւի օդակայան, ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք Քահանայապետը կը փոխադրուի Սլովաքիայի Պապական Նուիրակութիւն, որ այս օրերուն կը հանդիսանայ Քահանայապետին կեցութեան վայրը։

Եւրոպայի Սիրտը

Ի դէպ Սլովաքիան կը գտնուի Եւրոպային սիրտը։ Ան եղած է Կեդրոնական Եւրոպայի առաջին երկիրը որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս կրօն 828 թուականին։  1200 տարիներ ետք այդ արմատներուն շնորհիւ է որ Սլովաքիան կը մնայ հիմնական գետնի վրայ քրիստոնեայ երկիր որուն բնակչութեան 65 տոկոսը կաթողիկէ են ու 85 առ հարիւրը Քրիստոնեայ։ 

Պրաթիզլաւի մէջ համամիութենական հանդիպում

Սլովաքիայի մէջ առաջին հանրային հանդիպումը նախատեսուած է Քահանայապետին Պրաթիզլաւ ժամանումին նոյն օրը, Պապական Նուիրակութեան շէնքին մէջ, եւ ունի համամիութենական բնոյթ` տրուած ըլլալով որ անոր պիտի մասնակցին տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Հանդիպումներ նախագահին եւ քաղաքական իշխանութիւններուն հետ

Ֆրանչիսկոս Պապին Սլովաքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը կը սկսի անոր Նախագահական Պալատ կատարելիք այցելութեամբ ուր Քահանայապետը նախագահին տուած քաղաքավարական այցին աւարտին պալատին մէջ կը հանդիպի երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ինչպէս նաեւ Սլովաքիոյ մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Հանդիպում կղերական դասին հետ եւ այցելութիւններ

Սոյն հանդիպումին կը յաջորդէ Սլովաքիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն, կղերական դասին, նորընծաներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ հանդիպումը Պրաթիզլաւի Սան Մարթինօ Աթոռանիստ եկեղեցւոյն մէջ։

Յետմիջօրէին Սրբազան Պապը կ՛այցելէ «Betlemme» կեդրոնը ապա կը հանդիպի Պրաթիզլաւի հրեայ հասարակութեան հետ, հուսկ երեկոյան` Պապական Նուիրակութեան շէնքէն ներս կ՜ընդունի Խորհրդարանի նախագահը ապա վարչապետը։

Քոշիչէ, Փրեշով եւ երիտասարդներու հետ հանդիպում

Ճամբորդութեան երրորդ օրը խորհրդանշական իմաստ ունի ու բաւականին խիտ օրակարգով օր մըն է։

Նորին Սրբութիւնը այդ օր օդանաւով կը փոխադրուի Քոշիչէ եւ այնտեղէն ինքնաշարժով կ՛ուղղուի դէպի Փրեշով ու քաղաքի մարզասրահէն ներս կը նախագահէ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանի Բիւզանդական ծէսով Սուրբ Պատարագին։

Կէսօրէն ետք Սրբազան Քահանայապետը Քոշիչէ փոխադրուելով Հանդիպում կ՛ունենայ «Ռոմ- Քնչու» հասարակութեան հետ, հուսկ ժամը 5 ին Քոշիչէի մարզադաշտէն ներս կը հանդիպի Սլովաքիայի երիտասարդներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Հանդիպման աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Պրաթիզլաւ։

Ուխտագնացութիւն դէպի Շասթինի Տիրամօր Սրբավայր

Ճամբորդութեան վերջին օրը յատկացուած է Շասթինի Տիրամօր Սրբավայրին, ուր Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի առաւօտեան կանուխ ու նախ քան Սրբավայրին մէջ նախատեսուած պատարագի արարողութիւնը Ան, Սլովաքիայի եպիսկոպոսներուն հետ միասին, կ՜ամփոփուի Սուրբ Կոյս Մարիամի եօթը վէրքերու Պազիլիքային մէջ, յատուկ աղօթք նուիրելով Սուրբ Կոյսին, որմէ ետք Ազգային Սրբավայրի տարածքին վրայ կը գլխաւորէ Ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ Պատարագը, որով կ՜աւարտի Նորին Սրբութեան 34րդ միջազգային ճամբորդութեան յայտագիրը եւ Ան փոխադրուելով Պրաթիզլաւի օդակայան վերադարձ կը կատարէ Հռոմ` հուսկ Վատիկան։

Սլովաքիայի մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի ունենայ 10 ելոյթներ որոնցմէ հինգն ճառեր են, երկուքը քարոզներ, մէկը աղօթք ու երկուքը ողջոյնի խօսքեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2021, 13:27