Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Չիլիի հանրապետութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Չիլիի հանրապետութեան նախագահը 

Չիլիի հանրապետութեան նախագահին այցը Վատիկան

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրին մէջ տիրող ներքին իրավիճակի մասին յատուկէն ուշադրութիւն դարձնելով ընկերա-տնտեսական զարգացումին, Սահմանադրութեան բարեկարգումի գործընթացքին ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու մասին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հինգշաբթի 9 սեպտեմբեր 2021ին առաւօտեան Տիար Սեպասթեան Փինիերա Էքէքինքը Չիլիի հանրապետութեան Նախագահը ընդունուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ու յաջորդիւ հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութեան Քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ, որ «Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին ինքնագոհութիւն արտայայտուեցաւ գոյութիւն ունեցող լաւ երկկողմ յարաբերութիւններու համար ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, ընկերային առադրութեան, աղքատներու պաշտպանութեան, գաղթականներու ու խոցելի անհատներու նկատմամբ միասնական յանձնառութեան համար»։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրին մէջ տիրող ներքին իրավիճակի մասին յատուկէն ուշադրութիւն դարձնելով ընկերա-տնտեսական զարգացումին, Սահմանադրութեան բարեկարգումի գործընթացքին ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու մասին, որուն առընչութեամբ մաղթանք յայտնուեցաւ խաղաղ համագործակցութեան մը ի նպաստ, ի տես նաեւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներդրումին ի նպաստ համայն բնակչութեան բարեսիրական, կրթական եւ ընկերային համակարգերէն ներս, մասնաւորապէս համաճարակի այս տագնապալի պահերու ընթացքին։

Այնուհետև բանակցութիւնները թոյլ տուին կարծիքներ փոխանակել միջազգային և տարածաշրջանային արդի խնդիրներուն և աշխարհի խաղաղութեան ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեանը վերաբերող որոշ հարցերու շուրջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2021, 13:00