Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Գթութեան Քոյրերու մատակարարած «Բեթղեհէմ» կեդրոնը։

Գթութեան Քոյրերու միաբանութեան քոյրերը քսան տարիներէ ի վեր հոգ կը տանին տնանկներուն, աղքատներուն ու մասնաւորապէս հիւանդներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սլովաքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, 13 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, այցելութիւն տուաւ Պրաթիզլաւի մէջ գործող «Պեթլեմմէ – Բեթղեհէմ» կեդրոնին, որ մատակարարուած է Կալկաթայի Մայր Թերեզայի հիմնած Գթութեան Քոյրերու միաբանութեան քոյրերուն կողմէ, որոնք քսան տարիներէ ի վեր հոգ կը տանին տնանկներուն, աղքատներուն ու մասնաւորապէս հիւանդներուն։

«Պեթլեմմէ» կեդրոնը

Փոքրիկ կառոյցը կազմուած է երկու յարկէ։ Գետնայարկը կը ծառայէ ապահովելու կարիքաւորներուն հոգատարութիւնը, իսկ առաջին յարկին վրայ կայ երկարաժամկէտ հիւանդներուն վերապահուած սենեակ մը, որուն կողքին մատուր մը` նուիրուած Սուրբ Կոյս Մարիամի ամենասուրբ սրտին։

Շնորհիւ տեղւոյն բնակիչներու առատաձեռնութեան քոյրերը կարելիութիւնն ունին ապահովելու իրենց ծառայութիւնը ու հոգալու իրենց դուռը թակող աղքատներու պէտքերուն։

Սրբազան Պապը կեդրոն ժամանեց յետմիջօրէի 4ի ժամանակները ու դիմաւորուեցաւ Կեդրոնի մեծաւորուհիին կողմէն որ ապա անոր ներկայացուց իր միաբանակից քոյրերը, մինչ պատանիներու երգչախումբ մը երգերով կ՜ընկերանար այցին։

Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը

Կանգ առնելով կեդրոնի հրապարակին վրայ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց ողջունել ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնելով այնտեղ գտնուելուն համար։

«Ուրախ եմ ձեր մէջ գտնուելուս համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քոյրերու աշխատանքին համար, հիւրընկալութեան, օգնութեան եւ ուղեկցութեան աշխատանքին համար» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ ներկաներուն։

«Տէրն ալ մեր հետն է ան մեր հետն է երբ մենք ուրախ ենք եւ մեր հետն է նաեւ դժուար պահերուն ընթացքին, կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին, երբեք չի մոռնաք այս մէկը» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա այցելեց կեդրոնը ուր զինք դիմաւորուեցին կեդրոնին մէջ խնամուած հիւրերէն ոմանք։

Կեդրոնէն չմեկնած Քահանայապետը ներկաներէն խնդրեց միասին աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը հուսկ բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը կեդրոնի մեծաւորուհիին յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամը պատկերացնող արձանիկ մը։

Ան ապա ողջունեց այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները, մանուկները ու հիւանդները ապա հրաժեշտ առնելով ներկաներէն ուղղուեցաւ Պրաթիզլաւի «Ռիպնէ Նամէսթիէ» հրապարակ, ուր նախատեսուած է  Հրեայ Հասարակութեան հետ հանդիպումը։

Հանդիպում հրեայ հասարակութեան հետ

Հրապարակը կը գտնուի հին քաղաքի սրտին մէջ, Սան Մարթինօ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մօտ. Այնտեղ գոյութիւն ունէր Հրեաներու «Նէոլոկ» Ժողովարանը, որ քանդուեցաւ 1969ին` համայնավար կուսակցութեան կողմէ, հրեաներու «կեթթոյի» հետ միասին, այնտեղ կառուցելու համար «ըմբոստութեան կամուրջը»։

Սլովաքիայի հրեայ հասարակութիւնը կազմուած է 1871ին մինչ Սինակոկը կառուցուած էր 1893ին։ Այսօր այդ հրապարակին վրայ տեղադրուած է «Հոլոքոստի» յուշակոթողը, որպէս յիշատակութեան վայր` 105 հազար հրեաներու ոչնչացման։

Յայտնենք որ վերոնշեալ հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը Սլովաքիայի առաքելական այցելութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը կ՛աւարտէ Պրաթիզլաւի առաքելական պալատէն ներս հանդիպում ունենալով նախ Սլովաքիայի Խորհրդարանի նախագահին հետ ապա Երկրին վարչապետին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2021, 16:36