Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լիթուանիոյ Հանրապետութեան Վարչապետին Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լիթուանիոյ Հանրապետութեան Վարչապետին 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լիթուանիոյ Հանրապետութեան Վարչապետին հետ։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ինքնագոհութիւն արտայայտեցուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Լիթուանիոյ հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար, բացայայտելով քրիստոնէական հաւատքի ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը բարոյական արժէքներու խթանումին ու մարդկային արժանապատւութեան ու ընտանիքի պաշտպանութեան համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 3 սեպտեմբեր 2021ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Լիթուանիոյ վարչապետ Տիկ. Ինկրիտա Շիմոնիթէին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՜ընկերանար Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրը Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ինքնագոհութիւն արտայայտեցուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Լիթուանիոյ հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար, բացայայտելով քրիստոնէական հաւատքի ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը բարոյական արժէքներու խթանումին ու մարդկային արժանապատւութեան ու ընտանիքի պաշտպանութեան համար։

Զրոյցները ապա կեդրոնացան կողմերը հետաքրքրող հարցերու վրայ, ինչպիսի են համաճարակի պատճառաւ ուխտադրուած ներկայ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար Պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը, միջազգային ու տարածաշրջանային մակարդակի վրայ Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական արտակարգ իրավիճակները ՝ յատուկ յղում կատարելով աֆղանականի իրավիճակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2021, 15:05