«Բաժնեկցութեան հացը ու համեմող աղը» առանցքը կազմեցին Քահանայապետին Սլովաքցիներուն ուղղած ճառին։

Խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, ընկերային եղբայրութիւնը, տկարներուն նկատմամբ հոգատարութիւնը, երիտասրադներն ու ապագան եղան Նորին Սրբութեան ճառին կեդրոնական նիւթերը։ «Մենք ունինք եղբայրութեան կարիքը` խթանելու համար միշտ աւելիով անհրաժեշտ ընդելուզում մը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին 34րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը Սլովաքիայի մէջ սկիզբ առաւ Նախագահական Պալատի այցելութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը Պալատի մուտքին դիմաւորուեցաւ Սլովաքիայի նախագահ` Տիկին Սուզաննա Քափութովայի կողմէ մինչ երկու մանուկներ Քահանայապետին մատուցեցին հացն ու աղը, որպէս սիրալիր հիւրընկալութեան արտայայտութիւն։

Բարի գալուստի «Փրոթոքլային» արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը առանձնական հանդիպում ունեցաւ նախագահուին հետ նախագահական պալատի «Ոսկեայ» սրահին մէջ, որմէ ետք Ան Նախագահական Պալատի պարտէզին մէջ հանդիպում ունեցաւ Երկրի քաղաքական, քաղաքացիական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Ուխտաւոր խոր արմատներով Հողի մը վրայ

Հանդիպումին սկիզբը Նախագահ Քափութովան Քահանայապետին ուղղեց բարի գալուստի խօսքը հուսկ Սրբազան Պապը ներկաներուն փոխանեց իր պատգամը, որուն սկիզբը երախտագիտութիւն արտայայտեց նախագահին ու բոլոր ներկաներուն ուրախութիւն յայտնելով Սլովաքիայի մէջ գտնուելուն համար, որպէս «ուխտաւոր մը երիտասարդ երկրի մը` որ ունի հին պատմութիւն», «Խոր արմատներով Հողի մը վրայ, որ կը գտնուի Եւրոպայի սիրտին մէջ»։

Սլովաքիան խաղաղութեան պատգամաւոր Եւրոպայի մէջ

«Սլովաքիային պատմութիւնը զայն կը մղէ ըլլալու խաղաղութեան պատգամաւոր Եւրոպայի սրտին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով երկրի դրօշի կապոյտ գոյնին, որ «կը խորհրդանշէ Սլաւ ազգերու հետ եղբայրութիւնը» ըսաւ Ան, հաստատելով որ «մենք եղբայրութեան կարիքն ունինք` խթանելու համար միշտ աւելիով անհրաժեշտ ընդելուզում մը»։

Եղբայրութեան կարիքը

Ակնարկելով համաճարակի ծանր ամիսներէն ետք նախատեսուած տնտեսական յուսալի վերազարթօնքին, Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ «տնտեսութեան վերականգնումը բաւարար չէ» ու  մաղթեց որ «մինչ տարբեր ճակատներու վրայ կը շարունակուին գերակայել պայքարները, այս երկիրը վերահաստատէ իր ընդելուզման ու խաղաղութեան պատգամը եւ Եւրոպան յատկանշուի զօրակցութեան հոգիով, եւ սահմանները շրջանցելով զօրակցութիւնը դարձնէ պատմութեան կորիզը»։

Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրները տիպար հաղորդութեան

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա Սլովաքիայի պատմութիւնը յատկանշող հաւատքին, յոյս յայտնելով, որ ան օգնէ սնուցելու եղբայրութեան զգացումները, յատկապէս սնունդ քաղելով Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրներու կեանքի օրինակէն, որոնք Աւետարանը քարոզեցին երբ ցամաքամասի քրիստոնեաները միացած էին եւ «հաղորդութիւնը կը փնտռէին բոլորի հետ»։

Անոնց հաւատքի ամրութիւնը կը թարգմանուէր ինքնաբուխ բացութեամբ եւ այս մէկը ժառանգութիւն մըն է զոր դուք կանչուած էք ընկալելու որպէսզի այս ժամանակահատուածին մէջ եւս ըլլաք միութեան նշան» ըսաւ Քահանայապետը։

Հացն ու աղը թանկարժէք պարգեւներ

Ան ապա մատնանշեց Սլովաքիայի ժողովուրդի հիւրընկալ վերաբերմունքին, ակնարկելով հիւրերուն անոնց նուիրած հացին ու աղին, ու ասկէ մեկնելով խօսքը կեդրոնացուց այդ երկու «թանկարժէք եւ պարզ պարգեւներուն վրայ» որոնց մասին կը կարդանք Սուրբ Գիրքին մէջ։

Բեկանուած ու բաժնեկցուած հացը պատգամ համակեցութեան

«Սուրբ Գիրքը կը հրաւիրէ հացը չի կուտակելու այլ բաժնեկցելու։ Հացը` որուն մասին կը խօսի Աւետարանը յաճախ կը բեկանուի։ Ասիկա զօրեղ պատգամ է մեր համակեցութեան համար, մեզի կ՛ըսէ թէ իսկական հարստութիւնը չի կայանար անքան բազմապատկելուն մէջ որքան հաւասար բաժնեկցութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու նշեց, թէ «հացը որ բեկանուելով դիւրաբեկութիւն կը ցուցաբերէ մեզ կը հրաւիրէ հոգ տանելու աւելիով տկարներուն»։

Թող ոչ մէկը ենթարկուի կշտամբումի եւ խտրականութեան։ Քրիստոնէական հայեացքը տկարներուն մէջ չի տեսներ հարց մը, կամ բեր մը, այլ քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնց պէտք է ընկերանալ ու պաշտպանել։

Արդարութիւնը ու կաշառակերութեան դէմ պայքար

Բեկանուած եւ հաւասար կերպով բաժնեկցուած հացը կը հրահրէ արդարութեան կարեւորութիւնը` իւրաքանչիւրին տալու ինքզինք իրականացնելու հնարաւորութիւնը։ Հարկաւոր է առ այդ կառուցել ապագայ մը, ուր օրէնքները կը կիրակուին հաւասարապէս բոլորին» ըսաւ Քահանայապետը, յանձնարարելով նաեւ լուրջ պայքար մղել կաշառակերութեան դէմ ու խթանել օրինականութիւնը։

Ոչ ոք թող մնայ մեկուսացուած

Հացը ամենօրեայ աշխատանքին նմանցնելով Սրբազան Պապը նկատել տուաւ թէ «այնպէս ինչպէս առանց հացի չկայ սնունդ, առանց աշխատանքի չկայ արժանապատուութիւն։ Արդար եւ եղբայրական ընկերութեան մը հիմքը կը կազմէ այն իրաւունքը` որուն սահմանումով  բոլորին կը մատուցի աշխատանքի հացը, որպէսզի ոչ ոք ինքզինք զգայ մեկուսացուած կամ ստիպուած ըլլայ իր ընտանիքն ու ծագման երկիրը լքելու՝ աւելի լաւ բախտ որոնելու համար։

«Դուք Երկրին աղն էք»

Մատնանշելով ապա աղի պարգեւին Քահանայապետը մէջբերեց Յիսուսին խօսքերը «Դուք Երկրին աղն էք» (Մատթ 5,13) նշելով` որ աղը համ կու տայ կերակուրին ու մտածել կու տայ այն համին առանց որուն կեանքը անհամ կը դառնայ։

Զօրակցութեան համը

«Արդարեւ բաւարար չեն արդիւնաւէտ կառոյցները բարի դարձնելու համար մարդկային համակեցութիւնը, կարիքը կայ համին, զօրակցութեան համին» յարեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով զօրակցութեան ու վեհանձնութեան կարեւորութիւնը, ու այս ասպարէզէն ներս անհրաժեշտ նկատելով երիտասարդներուն ներգրաւումը, որպէսզի անոնք իրենք զիրենք զգան երկրին ապագային դերակատարները։

Երիտասրադները

«Չկայ վերանորոգում առանց երիտասարդներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով անոնց յոգնութեան ու վհատութեան հոգեվիճակին, ու մատնանշելով որ անոնց կեանքին մէջ պակաս տարրը «միւսներուն հոգ տանիլն է»։

«Պատասխանատու զգալ մէկու մը համար կեանքի համ կը պարգեւէ ու թոյլ կու տայ բացայայտել թէ երբ բան մը կը նուիրենք պարգեւ մըն է զոր մենք կ՜ընենք մենք մեզի համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով ներկաները որ իրենց աւանդութիւններուն համեղ համերը չի խաթարուին սպառողութեան մակերեսութեան ու նիւթական շահոյթներու պատճառաւ։

Քրիստոնէական տեսութիւնը

Ճառին մէջ Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ երկրի սահմանադրութեան ու Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերուն ժառանգութեան վրայ խաղաղութիւնը կերտելու իղձին։ Անոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, առանց ճնշումի եւ պարտադրումի Աւետարանով պտղաբերեցիին մշակոյթը, յառաջացնելով շահաւէտ գործընթացքներ։ Ահա այս է ճանապարհը` երանութիւններու ճանապարհը որ մեզի ցոյց կու տան Սուրբերը եւ որմէ կը բխի ընկերութեան նկատմամբ քրիստոնէական տեսութիւնը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յիշեց բազմաթիւ գրողները, բանաստեղծները ու մշակոյթի մարդիկը, որոնք եղան Երկրին աղը եւ որոնք հակառակ որ կալանաւորուեցան ազատ մնացին ներքնապէս, օրինակ դառնալով քաջութեան, հետեւողականութեան եւ անարդարութեան դէմ դիմադրումի ու մասնաւորապէս ներումի։ «Ահա այս է ձեր երկրին աղը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ճառին վերջին հատուածը յատկացուց Համաճարակի ճգնաժամին, որ ըսաւ ան, մեզի սորվեցուց որքան դիւրին է քայքայուիլ ու մտածել միայն մենք մեզի համար։

Բոլորս ալ դիւրաբեկ ենք ու կարիքաւոր մէկը միւսին

«Վերսկսինք այն գիտակցութենէն, որ բոլորս ալ դիւրաբեկ ենք ու կարիքաւոր մէկը միւսին։  Այս տագնապը ընկալենք որպէս կոչ` վերատեսելու մեր կեանքի ապրելաոճերը։  Վերականգնենք մեր ձեռքերը միասին կառուցելու համար ապագան» Եղան Նորին Սրբութեան խրախուսական հրաւէրները մաղթելով որ «այս մէկը կատարուի մեր հայեացքը ուղղելով միւսին»։

Ան ապա ակնարկեց Սլովաքիայի լեռներու գեղեցկութեան, հրաւիրելով մշակել այդ գեղեցկութիւնը համբերութեամբ, ջանասիրութեամբ, քաջութեամբ, բաժնեկցութեամբ, սլացքով եւ ստեղծագործութեամբ։

«Աստուած օրհնէ ձեզ։ Աստուած օրհնէ այս երկիրը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրաեակելով իր խօսքը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2021, 10:23