Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասրադ ընտանիքի մը հետ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասրադ ընտանիքի մը հետ 

Ընտանիքը կենդանի է եթէ խտրականութիւն չի գործեր ու կը բացուի կեանքին. Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետին պատգամը ընտանիքներու 14րդ ուխտագնացութեան մասնակիցներուն։ Դուք հաւատքի լուսաւոր դիմագիծն էք դժուարութեան ու տառապանքի ժամանակի մը մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան 

Ընտանիքը կենդանի է, եթէ միացած է աղօթքի մէջ։ Ան ուժեղ է երբ կը վերագտնէ Աստուծոյ Խօսքը։ Առատաձեռն է, եթէ բաց կը մնայ կեանքին, խտրականութեան չի դիմեր ու կը ծառայէ կարիքաւորներուն։ Այս բառերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կ՛ուղղէ ընտանիքներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իտալիոյ ընտանիքներու ազգային 14րդ ուխտագնացութեան, որ սկիզբ առաւ 11 սեպտեմբերին ու կը ներգրաւէ Իտալիոյ 19 Մարզերու 20 սրբավայրեր։

Հաղորդութեան եւ ուրախութեան վկայութիւն

Քահանայապետը պատգամին մէջ նախ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այս «Հաղորդութեան եւ ուրախութեան վկայութեան» համար, որ կը թարգմանուի միաձայն արձակուած ճիչին մէջ. «Ընտանիքի կենդանի է»։ Ան ապա կը գնահատէ ջանքերը` հանդիպելու բազմաթիւ անձերու, դառնալու համար սիրոյ ուրախութեան կենդանի նշանը որ կը յորդի ընտանիքի Աւետարանէն։

Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքի լուսաւոր դիմագիծը

«Ուխտագնացութեան մասնակցող ընտանիքները ցոյց կու տան Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքի լուսաւոր դիմագիծը, ժամանակահատուածի մը մէջ ուր կ՛ապրուի ճնշումը` դժուարութիւններուն, տառապանքին ու նոր աղքատութիւններուն» կը հաստատէ Սրբազան Պապը։

Փնտռել հաղորդութեամբ ապրուած ու բաժնեկցուած ուրախութիւնը

Ան ապա հրաւէր կ՛ուղղէ չի փնտռելու սպառողական եւ անհատական ուրախութիւնը որ միայն սիրտը կը ծանրացնէ այլ փնտռել այն ուրախութիւնը որ կ՛ապրուի հաղորդութեան մէջ, որ բաժնեկից է ու մասնակից, որովհետեւ, կը գրէ Սրբազան Պապը, «աւելի երանելի ենք պարգեւելու մէջ քան ընդունելու մէջ»։

 

Աղօթք Ընտանիքներու 10րդ Հաւաքին համար

«Արդարեւ եղբայրական սէրը կը բազմապատկէ մեր ուրախութեան կարողութիւնը որովհետեւ մեզ կարող կը դարձնէ ուրախանալու ուրիշներու բարիքին համար», կ՛աւելցնէ Նորին Սրբութիւնը որ պատգամի աւարտին կը քաջալերէ ընտանիքները քալելու աղօթքի, Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեան, միութեան, վեհանձնութեան ու ծառայութեան ճանապարհին վրայ, որպէսզի լաւապէս պատրաստեն 2022ի յունիսի 22էն 26 Հռոմի մէջ նախատեսուած Ընտանիքներու Համաշխարհային 10րդ հաւաքը, որուն համար Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին աւարտին հրաւէր կ՛ուղղէ այժմէն իսկ աղօթելու այդ Հանդիպումին նուիրուած պաշտօնական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2021, 09:30