Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց “Leaders pour la Paix”  հիմնարկի անդամներուն Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց “Leaders pour la Paix” հիմնարկի անդամներուն 

«Համաճարակի ճգնաժամը աւելի հրատապ կը դարձնէ խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մարտահրաւէրն է օգնել կառավարիչներուն ու քաղաքացիներուն դիմագրաւելու հարցերը, զանոնք նկատելով հնարաւորութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը յանձնարարելով ունենալ « կառուցողական դերակատարութիւն մը` յատկապէս խթանելով հարցերու ու անոնց խոր հետեւանքներուն նկատմամբ իրազեկութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 4 սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց “Leaders pour la Paix” հիմնարկի մէկ պատուիրակութեան։

“Leaders pour la Paix” հիմնարկի նպատակն է քաղաքական իմաստութիւն առաջարկել ՝ ի ծառայութիւն խաղաղութեան և ընդհանուր բարիքին՝ նուազեցնելով հակամարտութիւնները զգօնութեան միջոցաւ։ Կազմակերութեան առաջին համագումարը կայացաւ Փարիզի մէջ 2018 թուականին։

Համաճարակի ճգնաժամը

Ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց աշխարհիս ներկայ ժամանակներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մասնաւորապէս համաճարակի յառաջացուցած ճգնաժամին ու անոր ծանր հետեւանքներուն` ընկերային եւ տնտեսական կեանքին վրայ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ բնապահպանական տագնապներուն, որոնց շարքին անօթութիւնը, կլիմայական փոփոխութիւնները, հիւլէական զինամթերքը, հաստատելով` որ այս բոլորի դիմաց «անոնց յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան աւելի քան երբեք անհրաժեշտ ու հրատապ կը նկատուի»։

Հարցերը դարձնել հնարաւորութիւն

«Մարտահրաւէրն է օգնել կառավարիչներուն ու քաղաքացիներուն դիմագրաւելու հարցերը, զանոնք նկատելով հնարաւորութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը յանձնարարելով ունենալ «կառուցողական դերակատարութիւն մը` յատկապէս խթանելով հարցերու ու անոնց խոր հետեւանքներուն նկատմամբ իրազեկութիւնը»։

Համաճարակը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, տագնապի մատնեց նաեւ քաղաքական գործունէութիւնը, այս մէկն ալ սակայն կարելի է հնարաւորութիւն մը դարձնել խթանելու համար աւելի լաւ քաղաքականութիւն մը, առանց որուն կարելի պիտի չըլլայ «համաշխարհային հասարակութեան մը զարգացումը, որ կարող ըլլայ խթանելու եղբայրութիւնը. սկսեալ ազգերէն եւ ժողովուրդներէն, որպէսզի անոնք ապրին ընկերային բարեկամութիւնը» (Fratelli tutti, 154)։

Ճարտարապետութեան եւ արհեստագործութեան կարիքը

«Խաղաղութիւնը կառուցելու համար կարիքը կայ ճարտարապետութեան եւ արհեստագործութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով` որ Ճարտարապետութեան մէջ ներդրում ունին ընկերութեան զանազան իշխանութիւնները մինչ արհեստագործութիւնը կը ներգրաւէ բոլորը, նոյնիսկ լուսանցքային ու բացառուած խաւերը։

Աշխատանք մշակութային եւ հիմնարկային գետնի վրայ

«Հարկաւոր է առ այդ աշխատանք տանիլ երկու մակարդակներու վրայ. ըլլայ մշակութային ըլլայ հիմնարկային գետնի վրայ։ Կարեւոր է խթանել դիմագիծերու մշակոյթ մը, որուն առանցքը կազմէ մարդ անհատի արժանապատւութիւնը եւ անոր պատմութեան յարգանքը։ Ու նաեւ հանդիպումի մշակոյթ մը, որուն մէջ անսանք եւ ընկալենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը» նշեց Քահանայապետը որ Հիմնարկային դասակարգին վրայ անհրաժեշտ նկատեց խթանել «բազմակողմնային երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը» որովհետև «բազմակողմային համաձայնութիւնները աւելի երաշխաւոր են քան երկկողմանի համաձայնութիւնները» ըսաւ ԱՆ, թելադրելով չի սահմանափակուիլ «տեսական քննարկումներու մէջ» այլ կապ պահել վէրքերուն հետ, դպչիլ մարմնին որ վնասներ կրած է»։

Արդար եւ աւելի եղբայրական ընկերութեան մը համար

Պատգամը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ներկաները քաջալերեց յառաջ ընթանալ իրենց «խաղաղութեան յանձնառումին մէջ ի նպաստ աւելի արդար եւ աւելի եղբայրական ընկերութեան մը»։

Թող Աստուած ձեզի թոյլ տայ ձեր կեանքին մէջ փորձարկելու այն ուրախութիւնը զոր Ան խոստացաւ խաղաղութիւնը կառուցողներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2021, 12:40