Վիժումը մարդասպանութիւն է։ Եկեղեցին թող ըլլայ մօտիկ եւ կարեկից, ոչ քաղաքական. Ֆրանչիսկոս Պապը լրագրողներուն։

Պրաթիզլաւէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին զրուցելով իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն հետ երկխօսութեան մասին, հակասեմականութեան երեւոյթի եւ պատուաստի մասին ինչպէս նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը վիժումը վաւերացուցած քաղաքական անձնաւորութիւններուն մատակարարելու հարցի մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վիժումը մարդասպանութիւն է» Եկեղեցին չի փոխեր իր դիրքորոշումը, բայց ամէն անգամ որ եպիսկոպոսները խնդիր մը կը լուծեն ոչ որպէս հովիւներ, անոնք քաղաքական մէկ կողմի կողմը կը բռնեն»։ Այս հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պրաթիզլաւէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին լրագրողներուն հետ ունեցած իր աւանդական զրոյցի ժամանակ։

Եւրոպան պէտք է վերադառնայ իր հիմնադիր հայրերու երազին

Քահանայապետին ուղղուած առաջին հարցումներէն մին եղաւ հունգարացի լրագրողին հարցումը որ Սրբազան Պապին հարց տուաւ թէ ի՞նչու որոշած էր Պուտաբեշտի Սուրբ Հաղորդութեան Համաժողովին մասնակցիլ ու թէ ի՞նչպէս կը տեսնէ քրիստոնէութեան ապագան Եւրոպայի մէջ։

«Ոմանք գէշ մտածումներ ունեցան Պուտաբեշտի այցելութեանս վերաբերեալ բայց ան այսպէս կարգաւորուած էր ու ես ձեր Նախագահին խոստացայ կամ եկող կամ անոր յաջորդող տարին ձեր մօտ գալ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ Հունգարիայի արժէքները բազմաթիւ են ու թէ իրեն սրտին դպաւ «համամիութենական» զգացումը։

Եւրոպան պէտք է վերադառնայ իր հիմնադիր հայրերու երազին։ Եւրոպական Միութիւնը ժողով մը չէ գործունէութիւններ իրականացնելու համար, անոր հիմքին մէջ կայ ոգի մը, որ երազած էին Շումանը, Ատէնաուըրը, Տէ Կասփերին։ Վտանգը կայ, որ ան դառնայ լոկ կառավարման գրասենեակ, եւ այս մէկը լաւ բան չէ, ան պէտք է փնտռէ Եւրոպայի արմատները ու զանոնք դէպի յառաջ տանի» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ այն արտաքին միջամտութիւններուն, որոնք կ՛ուզեն Եւրոպական Միութիւնը շահագործել գաղափարախօսական գաղութատիրութիւններ տարածելու համար։

Պատուաստում

Պատասխանելով պատուաստումի մասին ուղղուած հարցումի մը Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ այս վերջին պատուաստէն յառաջ եկած տարակոյսներուն ու վախերուն մատնանշելով նաեւ` թէ «Կարդինալական Դասին մէջ ալ կան պատուաստը մերժողները» ու թէ անոնցմէ մին դժբախտաբար վարակուած է ու կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ։

Հունգարիայի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումը

Ակնարկելով ապա Հունգարիայի նախագահին ու վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումի մասին Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ Նախագահին հետ զրոյցներու նիւթերէն մին եղաւ բնապահպանութիւնը, որուն մէջ Հունգարիան առաջատար է, իսկ երկրորդ նիւթը եղաւ ժողովրդագրական ձմեռը, որուն համար նախագահը բացատրած է կառավարութեան երիտասարդ զոյգերուն տրամադրած օգնութիւնները։ Այս նիւթերու մասին միջամտութիւններ կատարեցին նաեւ Վարչապետն ու փոխ վարչապետը ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով որ նիւթերու մաս չի կազմեց գաղթականութեան հարցը ու ընդգծելով թէ այժմ մարտահրաւէրը կը մնայ այդ երիտասարդներուն աշխատանք հայթաթելը, նաեւ Սլովաքիայի մէջ, որպէսզի անոնք այլուր չի փնտռեն զայն։

Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ վիժումի հարցը

Քահանայապետին ուղղուած այլ հարցումներէն մին կը վերաբերէր Սուրբ Հաղորդութեան ու զայն վիժումը վաւերացնող քաղաքական մարդոց մատակարարման, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ ծագած այս հարցին շուրջ վէճին, նախագահ Պայտընի Վիժումի օրէնքը վաւերացնելէն ետք։

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց, թէ ինք քահանայութեան ընթացքին, ոչ մէկուն մերժած է Սուրբ Հաղորդութիւնը ու թէ իրեն երբեք չէ պատահած այդպիսի անձնաւորութիւնները ունենալու իր առջեւ, երբ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը բաշխէր։ Ընդհակառակը ըսաւ Ան, անգամ մը երբ կը գտնուէի ծերանոցի մէջ, հարցուցի ով կ՛ուզէր հաղորդուիլ ու բազմաթիւ ծերունիներ իրենց ձեռքերը բարձրացուցին, երբ մօտեցայ մէկ պառաւ կնոջ ու անոր տուի հաղորդութիւնը ան առաւ զայն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի ըսելով. «Շնորհակալութիւն ես հրեայ եմ»։ Ես ալ պատասխանեցի. «քեզի իմ տուածս ալ հրեայ է». ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ժպիտով ապա հաստատեց թէ «Սուրբ Հաղորդութիւնը կատարեալներուն յատկացուած մրցանակ մը չէ, անիկայ պարգեւ մըն է, նուէր է, Յիսուսին ներկայութիւնն է եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ։ Եւ Հասարակութենէն դուրս եղողները չեն կրնար մօտենալ Անոր։

Վիժումը մարդասպանութիւն է 

«Այլ խնդիր է վիժումը, անիկայ հարց չէ, մարդասպանութիւն է։ Ան որ վիժում կը կատարէ կը սպանէ։ Սաղմը կեանքի երրորդ շաբաթը արդեն ունի բոլոր անդամները, անիկայ մարդկային կեանք է եւ այդ կեանքը պէտք է յարգուի։ Հարցումս է. «արդա՞ր է սպաննել մարդկային կեանք մը, խնդիր մը լուծելու համար»։ Անիկա գիտական գետնի վրայ կեանք է։ Եւ Եկեղեցին այս նիւթին նկատմամբ շատ խիստ է, «որովհետեւ եթէ ընդունի վիժումը ան ընդունած կ՜ըլլայ մարդասպանութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա վերադառնալով Սուրբ հաղորդութեան նիւթին, նշեց թէ հասարակութիւնէն դուրս եղողներուն, սուրբ Հաղորդութիւնը շնորհելու հարցը աստուածաբանական չէ, այլ հովուական է։

Սակայն երբ եպիսկոպոսներ կամ եկեղեցին հարց մը կը լուծէ կամ մը սկզբունք մը կը պաշտպանէ ոչ հովուական կերպով ան կողմնակալ կը դառնայ քաղաքականութեան։ Հովիւը պէտք է Հովութիւն ընէ։ Ան հովիւն է բոլորին, նոյնիսկ նզովեալին։ «Հովիւը պէտք է ըլլալ Աստուծոյ ոճով, որ է մօտիկութեան, կարեկցութեան ու քնքշութեան ոճը» հաստատեց Քահանայապետը նշելով, որ երբ հովիւ մը դուրս կու գայ եկեղեցւոյ հովուական բնագաւառէն, կը դառնայ քաղաքական անձնաւորութիւն։ Եթէ կարելի է կամ կարելի չէ սուրբ հաղորդութիւնը տալ կախեալ է պայմաններէն...«Բոլորն ալ Աստուծոյ զաւակներ են ու կարիքը ունին մեր հովիւներու մօտիկութեան եւ հովիւը հարցերը կը լուծէ այնպէս ինչպէս Սուրբ Հոգին ցոյց կու տայ անոր» աւելցուց Սրբազան Հայրը։

Ամուսնութիւնը խորհուրդ է` միութիւն մարդու եւ կնոջ միջեւ

Քահանայապետը մատնանշեց ապա հակասեմականութեան ու նշեց թէ ան աճումի մէջ է հուսկ խօսելով միասեռականներու ամուսնութեան մասին հաստատեց թէ «Ամուսնութիւնը խորհուրդ մըն է ու թէ Եկեղեցին իշխանութիւն չունի փոխելու Տիրոջ հաստատած խորհուրդները»։

Կան օրէնքներ, որոնք կարող են լուծել շատ մը անձերու հարցերը, որոնք տարբեր սեռական կողմնորոշումներ ունին։ Այս մէկը կարեւոր է եւ պետութիւնները կարելիութիւնն ունին այս մարդոց թիկունք կանգնելու օրէնքներ որդեգրելով այդ ուղղութեամբ։ Բայց ամուսնութիւնը կը մնայ ամուսնութիւն։ Ասիկա չի նշանակեր դատապարտել միասեռականները, անոնք կը մնան մեր եղբայրներն ու մեր քոյրերը ու պէտք է անոնց ընկերանալ։ «Քաղաքացիական օրէնքները սակայն ոչ մէկ կապ ունին ամուսնութեան հետ, որպէս Խորհուրդ, որ կը մնայ միութիւն ընդմէջ այր մարդու ու կնոջ», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով շփոթութիւններ չի ստեղծել այս թեմայի շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2021, 17:30