ֆրանչիսկոս Պապը Քարլոս "Radio Cope"ի լրագրող Քարլոս Հերրեայի հետ ֆրանչիսկոս Պապը Քարլոս "Radio Cope"ի լրագրող Քարլոս Հերրեայի հետ 

«Երբեք մտքէս չանցաւ հրաժարական ներկայացնել». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին երկար հարցազրոյցը «Radio Cope»ի լրագրողներուն հետ։ Շօշափուած նիւթերու շարքին վիրաբուժութեան գործողութիւնը, Աֆղանիստանը, Չինաստանը, հեշտամահը եւ Քուրիայի բարեկարգումները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ ու կէս ժամ տեւած ու Վատիկանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կայացած Սպանական Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի Ռատիօ` «Radio Cope»ի հետ ունեցած երկար հարցազրոյցի մը ընթացքին, որ լոյս տեսաւ այսօր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ զանազան նիւթերու մասին, սկսեալ անցեալ 4 յուլիսի վիրաբուժական գործողութենէն, «որմէ ետք, ըսաւ Ան, մտքէս երբեք չանցաւ հրաժարական ներկայացնել»։ Շօշափուած նիւթերու շարքին եղան ապա Աֆղանիստանը, Չինաստանը, հեշտամահի հարցը, Վատիկանի մէջ կայացած դատավարութիւնը, Քահանայապետութեան մարտահրաւէրները, մանկապղծութեան դէմ պայքարը եւ Քուրիայի բարեկարգումները։

“Իններորդ տարուան սեմին հասած Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութիւնը հակառակ որոշ մամուլի արձանագրութիւններուն պիտի չընդհատէ իր ուղեւորութիւնը։”

Հարցազրոյցը սկիզբ առաւ ամէնէ պարզ հարցումով. «ինչպէ՞ս էք»։ «Տակաւին ողջ եմ» պատասխանեց Սրբազան Քահանայապետը ժպիտով մը, պատմելով թէ ինչպէս իր կեանքը փրկողը եղաւ Վատիկանի Բուժարանի մէկ հիւանդապահը, որ շատ պնդեց` որպէսզի Ինք գործողութեան ենթարկուէր։

«Այդ մարդը իմ կեանքս փրկեց» ըսաւ Քահանայապետը, որ բացայայտեց թէ գործողութենէն ետքը իր աղիքները կրճատուեցան 33 սմ, թէեւ այս մէկը արգելք մը չէ իր սովորական կեանքն ու գործունէութիւնները շարունակելու։

Աֆղանիստանի տագնապը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Քահանայապետը երկար կերպով անդրադարձաւ Աֆղանիստանի ապրած ողբերգութեան մասին, զայն որակելով «շատ դժուար կացութիւն», առանց բացայայտելու Սուրբ Աթոռին ու մասնաւորապէս Պետական Քարտուղարութեան այդ ուղղութեամբ իրագործած դիւանագիտական ջանքերը ի պաշտպանութիւն տեղական բնակչութեան։

Ան պարզապէս ըսաւ «Կարդինալ Փարոլինը լաւագոյն դիւանագէտն է որուն ես հանդիպած եմ։ Ան այն դիւանագէտներէն մէկն է որ միշտ բան մը կ՜աւելցնէ եւ ոչ թէ կը նուազեցնէ, մէկ մը` որ միշտ կը փնտռէ, համաձայնութեան մարդ մը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը որ ապա բարի խօսքեր օգտագործեց Անկելա Մերքելին համար, զայն որակելով «համաշխարհային քաղաքականութեան մեծ դէմքերէն մին»։ Ան ապա Ամերիկեան զօրքերուն Աֆղանիստանէն հեռացման հարցը նկատեց «Աֆղան ժողովուրդը լքել իր ճակատագրին», հաստատելով թէ մի գուցէ բոլոր հնարաւորութիւնները չի քննարկուեցան ու թէ այժմ պէտք է գտնել ելքի ճամբայ մը։

Չինաստանի հետ երկխօսութիւնը

Խօսելով Սուրբ Աթոռին Չինաստանի հետ երկխօսութեան ու կննքուած ժամանակաւոր համաձայնութեան մասին, հայող եպիսկոպոսներու անուանումին, Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները դիւրին չեն, «բայց երբեք պէտք չէ հրաժարիլ երկխօսութենէն»։ Գուցէ սխալներ կը գործունին երկխօսութեան ընթացքին սակայն ան կը մնայ ճանապարհը որուն վրայ պէտք է քալել։ Մինչեւ օրս մենք Չինաստանի հետ ունեցանք երկխօսութիւն, մեր քայլերը կ՛ընթանան դանդաղ… նշեց Նորին Սրբութիւնը որ ապա ընդգծեց թէ ինք ներշնչում կը քաղէ երբեմնի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Ակոսթինօ Քազարոլիէն «մարդ` որուն պարտականութիւնն էր կամուրջներ կառուցել կեդրոնական Եւրոպայի հետ»։ Ան փոքրիկ քայլերով կառուցեց կամուրջներ ու մենք տեսակէտով մը «պէտք է հետեւինք այդ գործընթացին, երկխօսութեան գործընթացին» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով նաեւ Աւագ Իմամ Ալ Թայըպին հետ դրական երկխօսութիւնը։

Քահանայապետութեան մարտահրաւէրները։

Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ Ինք Արժանթինէն եկած էր փոքր պայուսակով մը ու թէ 13 մարտ 2013ին ընտրութիւնը մեծ անակնկալ մը եղաւ իրեն համար։

«Ես կ՛իրագործեմ այն ինչ որ Կարդինալական Ժողովը որոշած էր, ես ոչ մէկ բան հնարած եմ, այլ կը հնազանդիմ ժամանակին առնուած որոշումներուն» յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա խօսեցաւ Եկեղեցիէն ներս մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններու հարցը արմատախիլ ընելու գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ Հռոմի Քուրիայի մէջ բարենորոգումներու աշխատանքին ու Սուրբ Աթոռի “Praedicate Evangelium” առաքելական սահմանադրութեան մասին, որուն ստորագրութիւնը եւ հրատարակումը պիտի իրականայ մօտ ատենէն։

Վատիկանի մէջ դատավարութիւնը` կաշառակերութեան դէմ պայքարը։

Անդրադառնալով Վատիկանի մէջ ընթացք առած ու Վատիկանեան ֆինասնի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին հայող դատարարութեան, Սրբազան Պապը նշեց թէ ինչպէս վերջին տարիներուն Վատիկանի Պետութեան արդարադատութեան համակարգին մէջ յառաջդիմութիւններ կատարուեցան, որուն հիման վրայ «արդարութիւնը» դարձաւ աւելի անկախ։

Նորին Սրբութեան սոյն խօսքերը կը հային անցեալ 27 յուլիսին Վատիկանի մէջ սկիզբ առած դատավարութեան, Պետական Քարտուղարութեան եկամտային միջոցներով գործուած յանցագործութեան, որուն համար մեղադրուած են 10 անձեր, որոնց շարքին է նաեւ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն, որուն մասին արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ ինչք ամենայն սրտով կը փափաքի որ ան անմեղ ըլլայ։ «Անիկա եղաւ իմ համագործակիցներէս մին եւ ինծի մեծապէս օգնեց։ Անձ մըն է` որուն նկատմամբ ունիմ մեծ յարգանք եւ իմ մաղթանքս է որ ան անմեղութեամբ դուրս գայ այս հարցէն»։

Մանուկներու չարաշահումի դէմ պայքար կոչ կառավարութիւններուն

Մանուկներու նկատմամբ ոտնձգութիւններու դէմ պայքարի մասին խօսելով Սրբազան Քահանայապետը գովեց` Մանուկներու Պաշտպանութեան Վատիկանի Յանձնախումբի նախագահ` Կարդինալ Օ՛Մալլէյի աշխատանքը եւ անոր քաջութիւնը ուղղուած արմատախիլ ընելու այդ ոճիրը,։ Ան կոչ ուղղեց աշխարհի բոլոր կառավարութիւններուն որպէսզի պայքարին մանկական պոռնկագրութեան դէմ, որ «լուրջ եւ համաշխարհային հարց մըն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քննադատելով այն կառավարութիւնները, որոնք թոյլ կու տան մանկական պոռնկագրութեան արտադրութիւնը եւ այս մէկը նկատելով «հրէշային»։

Հեշտամահը «մնացորդացի մշակոյթի» նշան

Սրբազան Քահանայապետը խօսելով ապա հեշտամահի մասին զայն նկատեց «օգտագործել ու դափել մշակոյթի մը» նշանը որ տարածուած է արդի ընկերութիւններուն մէջ։

«Այն ինչ որ օգտակար չէ կը դափուի։ Տարեցները օգտագործուելիք ու դափուիք իրեր են։ Նմանապէս անբուժելի հիւանդները. Նաեւ անցանկալի մանուկները...»։ Ասիկա մնացորդացի մշակոյթն է, որ մեծ ազդեցութիւն ունի Արեւմուտքի մէջ ապրուած «ժողովրդագրական ձմեռուան» վրայ, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Եկեղեցին կը պահանջէ որ մարդիկը մեռնին արժանապատւութեամբ։

 

Կլազկովի կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած ժողովը

Չարաշահումներու մասին խօսելով Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ արարչագործութեան դէմ գործուած չարաշահումներուն։ Ան ապա յոյս յայտնեց իր մասնակցութիւնը բերելու յառաջիկայ մէկ եւ երկու նոյեմբերին կլիմայական փոփոխութիւններու նուիրուած ՄԱԿի (COP26) վեհաժողովին։

Հաղորդակցութեան Բաժանմունքինառաջարկութիւններ

Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սրբազան Պապին անցեալ 24 Մայիսին Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքին տուած այցելութեան ու այդ առթիւ անոր արտասանած խօսքերուն, որոնց մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ ոմանք չի հասկցան իր խօսքերուն իմաստը ու թէ իր միտքը յանդիմանելը չէր այլ զգուշացնեն էր որոշ երեւոյթներէ։ Բայց ըսաւ Քահանայապետը ես կը մտածեմ որ Հաղորդակցութեան Բաժանմունքը խոստումնալից է ու ան կը ներկայացնէ Քուրիայի ամենամեծ գերատեսչութիւնը որ կառավարուած է աշխարհականէ մը եւ որ թռիչք կ՛առնէ նոր սլացքով։ «Օսսերվաթորէ Ռոմանոն» որ ես կը կոչեմ «կուսակցութեան օրաթերթը» մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրեց ու անոր մշակութային մշակած ջանքերը հիանալի են» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ընտանիք, Ոտնագունդ. արցունքներ։

Հարցազրոյցի աւարտին խօսքը կեդրոնացաւ նաեւ եկեղեցական այ հարցերու վրայ ինչպէս Գերմանական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական գործընթացքը ապա միջազգային հարցեր ինչպէս Քաթալոնիայի անկախութիւնը եւ գաղթականութեան հայող քաղաքականութիւնները, որոնց համար Սրբազան Պապը վերահաստատեց չորս բայերը. «Ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել»։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա իր ընտանեկան կապերուն մասնաւորապէս Մեծ Մօր հետ իր յատուկ կապին ինչպէս նաեւ ոտնագունդի Սան Լորենցօ խումբին երկրպագու ըլլալուն եւ մանաւանդ ինքզինք զգալու «մեղաւոր մը որ կը ջանայ բարիք ընել»։

Քահանայապետը հուսկ խոստովանեցաւ թէ իրեն կը պակսին Պուէնըս Այրեսի օրերը, երբ ազատութեամբ կրնար շրջագայել ու քալել ճանապարհներու վրայ։ Շատ կը փափաքէի փողոցներուն մէջ քալել, սակայն պէտք է ինքզինքս զսպեմ որովհետեւ պիտի չի կարենամ ոչ իսկ տասը մեթր քալել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2021, 13:00