Քահանայապետին հանդիպումը  Քարմելիթան միաբանութեան անդամներուն հետ Քահանայապետին հանդիպումը Քարմելիթան միաբանութեան անդամներուն հետ 

Նուիրեալ կեանքը մաս է Եկեղեցւոյ. Բաց ըլլալ Աստուծոյ հորիզոնին». Քահանայապետին ճառը Քարմելիթան միաբանութեան անդամներուն։

Յաճախ ոմանք հարց կու տան թէ ո՞րն է նուիրեալ կեանքի ապագան ու «կործանման որոշ մարգարէներ» կը հաստատեն թէ այդ կեանքը կարճ ու հիւծումի մէջ է։ Սակայն սիրելի եղբայրներ այս յոռետես տեսութիւնները սահմանուած են հերքուելու ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ տեսութիւնները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քարմելիթան միաբանութեան կեանքը հայեցողական կեանք է։ Սա է պարգեւը որ Հոգին Սուրբ շնորհեց Եկեղեցւոյ, Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի եւ Խաչի Սուրբ Յովհաննէսի ու բազմաթիւ Քարմելիթան սուրբերու հետ միասին։ հաւատարիմ այս պարգեւին քարմելիթան կեանքը պատասխան մըն է ժամանակակից մարդու ծարաւին, որ խորքին մէջ ծարաւն ունի Աստուծոյ` ծարաւը յաւիտենականութեան»։ Խօսքերն են ասոնք որոնք պարունակուած են ֆրանչիսկոս Պապին ճառին մէջ զոր Ան արտասանեց այսօր` առաքելական պալատէն ներս ընդունելով Քարմելիթան միաբնութեան Ընդհանուր Վարչութեան ժողովին մասնակիցները որոնք կը ներկայացնեն միաբանութեան չորս հազարէ աւելի անդամները։

Ունկնդրել, զատորոշել, վկայել

Ճառին սկիզբը ողջունելով ներկաները Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ միաբանութեան ընդհանուր ժողովի առթիւ ընտրուած աստուածաշնչական երեք ընդերումներուն, որոնցմէ առաջինը` ունկնդրել այն ինչ որ կ՛ըսէ Սուրբ Հոգին (Գործք առաքելոց 2,7). Երկրորդը «զատորոշել ժամանակներուն նշանները (Մատթ 16,3) ապա դառնալ վկաներ` մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը (Գործք առաքելոց 1,8)։

Նորին Սրբութիւնը ճառի առաջին մասը կեդրոնացուց վերոնշեալ երեք բայերու վրայ. ունկնդրել, զատորոշել ու վկայել, հաստատելով` թէ անոնք Յիսուսի աշակերտի վարուելակերպը ըլլալու են։ Ան ապա մատնանշեց համաճարակին յառաջացուցած տագնապին դիտել տալով որ անոր դրականութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ որ այս ճգնաժամը «մեզ մղեց մտածելու էականին» ու ասկէ մեկնելով ներկաները հրաւիրեց քննելու իրենց միաբանութեան «առողջութիւնը»։

Հայեցողական կեանքի ապաքան բաց Աստուծոյ հորիզոնին

Յաճախ ոմանք հարց կու տան թէ ո՞րն է նուիրեալ կեանքի ապագան ու «կործանման որոշ մարգարէներ» կը հաստատեն թէ այդ կեանքը կարճ ու հիւծումի մէջ է։ «Սակայն սիրելի եղբայրներ այս յոռետես տեսութիւնները սահմանուած են հերքուելու ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ տեսութիւնները» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը աւելցնելով որ «Հայեցողական կեանքը մաս է Եկեղեցւոյ, այնպէս ինչպէս զայն ուզեց Յիսուս», ուստի պէտք է հեռու պահել վերապրելու մտահոգութեան փորձութիւնը ու լիապէս ապրիլ ներկայի շնորհքը, հաւատարիմ մնալով ներկային ու բաց ըլլալով Աստուծոյ հորիզոնին, մխրճուած մնալով անոր սիրոյ խորհուրդին մէջ։

Աւետարանական հաւատարմութիւն

Քահանայապետը յիշեցուց որ աւետարանական հաւատարմութիւնը կը նշանակէ սրտի կայունութիւն ու ան կը պահանջէ յանձնառում հիմնուած Աւետարանի արժէքներուն վրայ ու հրաժարում այն ամէն բաներէն, որոնք արգելք կը հանդիսանան մեր լաւագոյնը պարգեւելու Տիրոջ եւ միւսներուն։

Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն, եղբայրական կեանք եւ առաւելութիւն 

Այս արջնութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց ներկաները սերտ պահելու կապը ընդմէջ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը, հասարակութեան եղբայրական կեանքը եւ առաքելութիւնը, դիտել տալով «Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը կը հասուննայ լռութեան մէջ, ամփոփումի մէջ եւ Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեամբ» ու թէ այս մէկը «կրակ մըն է զոր պէտք է սնուցել ու պաշտպանել ամէն օր», որովհետեւ անոր ջերմութիւնը կ՛օգնէ ապրելու եղբայրական կեանքը ու վերանորոգելու առաքելութիւնը ստեղծագործութեամբ, ուշադրութիւն դարձնելով ժամանակակից աշխարհին ու անոր պահանջներուն։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Պապը դարձեալ շեշտը դրաւ Աստուծոյ բարեկամութեան, եղբայրական կեանքի ու առաքելութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ներդաշնակութեան վրայ ապա հայցեց որ Սուրբ Հոգին լուսաւորէ ու առաջնորդէ անոնց քայլերը այս ճանապարհին վրայ ինչպէս նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամը պահապան կանգնի անոնց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2021, 11:55