Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Տիրամօր հովանիին յանձնեց Հունգարիա եւ Սլովաքիա կատարելիք ճամբորդութիւնը։

Աւանդութեան համաձայն Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր նուիրուած տաճարը Սուրբ Կոյսին յանձնելով առաքելական 34րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 10 սեպտեմբերի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած աթոռանիստ Եկեղեցին` Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան, այնտեղ աղօթելով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ, ինչպէս սովոր է ընել ամէն մէկ միջազգային ճամբորդութենէն առաջ ու ետք։

«Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Կոյսին նուիրուած խորանին վրայ զետեղեց ծաղկեփունջ մը, ապա ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ» կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Կիրակի 12 սեպտեմբերին սկիզբ առնող Հունգարիա եւ Սլովաքիա կատարելիք ե այս առաքելական ճամբորդութեան համար Սրբազան Պապը անցեալ կիրակի օր Մարեմեան աղօթքին աւարտին հաւատացեալներէն եւս խնդրած էր որ իրեն ընկերանան աղօթքով, հայցելով նաեւ «Հաւատքի բազմաթիւ հերոս վկաներուն» բարեխօսութիւնը, որոնք այդ վայրերուն մէջ վկայեցին Աւետարանը հակառակութիւններու ու խտրականութիւններու հանդերձ»։

Տիրամայրն է ուրեմն  Ֆրանչիսկոս Պապին 34րդ միջազգային ճամբորդութեան առաջնորդը, որ դէպի «Եւրոպայի սիրտ ուխտագնացութիւն» մըն է, բայց եւ ամէնէ առաջ «հոգեւոր ճամբորդութիւն» մըն է, որ սկիզբ պիտի առնէ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով ու պիտի աւարտի Ցաւերու Տիրամօր ուխտատեղիի այցելութեամբ` յառաջիկայ 15 սեպտեմբերին` Շաշթինի Եօթը Ցաւերու Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2021, 08:30