Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաքելական 34 ճամբորդութիւնը։

Մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք Սրբազան Քահանայապետը օդանաւը, սաւառնելէ ետք Խրուաթիոյ օդային տարածքին վրայ վայրէջք կատարեց Պուտաբեշտի օդակայան
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Կիրակի 12 սեպտեմբեր 2021ի առաւօտեան կանուխ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ուղղուեցաւ դէպի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն ժամը 7։45-ին Ալիթալիա ընկերութեան թռիչքով, իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն եւ գրեթէ 80 լրագրողներու հետ միասին ուղղուեցաւ Հունգարիայի մայրաքաղաք Պուտաբեշտ, այնտեղ գլխաւորելու համար անցեալ կիրակի սկիզբ առած Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային համագումարին եզրափակիչ Սուրբ պատարագը։

34րդ միջազգային ճամբորդութիւնը 

Այս կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին 34րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը եւ բացի Պուտաբեշտէն կ՛ընդգրկէ նաեւ Սլովաքիան ուր Նորին Սրբութիւնը պիտի փոխադրուի այսօր յետմիջօրէին։ Հունգարիոյ հանգրուանը արդարեւ նկատուած է «հոգեւոր» բնոյթ ունեցող այց մը ու կեդրոնացած է Սուրբ Հաղորդութեան Համագումարի եզրափակիչ պատարագին վրայ թէեւ մի քանի ժամ տեւող այս այցելութեան առթիւ Սրբազան Պապը հանդիպումներ կ՛ ունենայ քաղաքական զանազան իշխանութիւններու ու եկեղեցական եւ կրօնական անձնաւորութիւններու հետ։

Ժամանում Պուտաբեշտ

Մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք Սրբազան Քահանայապետը օդանաւը, սաւառնելէ ետք Խրուաթիոյ օդային տարածքին վրայ վայրէջք կատարեց Պուտաբեշտի օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն ի ներկայութեան Հունգարիոյ Փոխ Վարչապետի։

Պաշտօնական հանդիպումները

Հիւրընկալող եւ հիւր երկիրներու Պատուիրակութիւններու ներկայացումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ քաղաքի «Հերոսներու» կեդրոնական հրապարակ ` ուր հրապարակի մօտակայքը գտնուող Գեղարուեստի թանգարանէն ներս հանդիպում կ՛ունենայ Երկրին նախագահ Տիար Եանոս Ատէրի եւ Հունգարիոյ Վարչապետ Տիար Վիքթոր Օրպանի հետ։

Հանդիպում Հունգարիայի նախագահի եւ վարչապետի հետ
Հանդիպում Հունգարիայի նախագահի եւ վարչապետի հետ

Գեղարուեստի թանգարանի մէկ դահլիճին մէջ Քահանայապետը կը հանդիպի նաեւ երկրին եպիսկոպոսներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը հուսկ այլ սրահի մը մէջ հանդիպում կ՜ունենայ Եկեղեցիներու համամիութենական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն ու հունգարիայի Հրեայ հասարակութիւններու պատուիրակութեան հետ ուր Սրբազան Պապը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը։

Հանդիպում Հունգարիայի եպիսկոպոսներուն հետ
Հանդիպում Հունգարիայի եպիսկոպոսներուն հետ

Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի եզրափակիչ սուրբ պատարագ

Վերոնշեալ հանդիպումներու աւարտին Քահանայապետը կ՛ուղղուի «Հերոսներու» Հրապարակ, ուր նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն կը սպասուի աւելի քան 250 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2021, 08:27