Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք

Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք։ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի խնդրանքները ու ողջոյնի խօսքերը։

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Երանելի հռչակուած Գերապայծառ Մամերթօ Էսքուիուն, Աֆղանիստանի տեղահանները, Միացեալ Նահանգներու բնական աղէտը, Հրեաներուն նոր տարին, յառաջիկայ կիրակի սկիզբ առնող իր առաքելական ճամբորդութիւնը եւ Կալկաթայի Մայր Թերեզայի ծիսական տօնը։

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 սեպտեմբեր 2021ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով աղօթքին մասնակցող եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները , նախ յիշեց երէկ Արժանթինի Քաթամարքա քաղաքին մէջ երանելի հռչակուած Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ եւ Քորտպայի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Մամերթօ Էսուքիուն, «որ եղաւ Աստուծոյ Խօսքին անխոնջ քարոզիչը» ըսաւ Քահանայապետը, յոյս յայտնելով, որ «անոր օրինակը մեզ օգնէ միշտ աղօթքը միացնելու առաքելութեան ու ծառայելու խաղաղութեան եւ եղբայրներուն»։

Աֆղանիստանի տեղահանները

«Այս խռովութեան պահերուն, ուր աֆղանները ապաստան  կը փնտռեն, ես կ՜աղօթեմ անոնց միջեւ ամենախոցելիներուն համար. կ՛աղօթեմ որպէսզի բազմաթիւ երկիրներ հիւրընկալեն ու պաշտպանեն անոնք` որոնք նոր կեանք մը կը փնտռեն։ Կ՛աղօթեմ ներքին տեղահաններուն համար, որպէսզի անոնց մատուցուի օգնութիւն ու հարկաւոր պաշտպանութիւնը։

Թող որ երիտասարդ աֆղաններուն տրամադրուի կրթութիւնը, որ հիմնական է անոնց մարդկային խթանման համար ու թող` որ բոլոր աֆղանները, ըլլայ հայրենիքի, ըլլայ տարանցումի մէջ, ըլլայ զանոնք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ, ապրին արժանապատւութեամբ եւ իրենց հարեւաններուն հետ խաղաղութեամբ եւ եղբայրութեամբ» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը Աֆղանիստանի բնակիչներուն ի նպաստ ուղղած իր կոչին մէջ։

Միացեալ Նահանգներ։

Ան ապա իր աղօթքները ապահովեցուց Միացեալ նահանգներու  բնակչութեան, որ անցեալ օրերուն թիրախ դարձաւ զօրեղ Մրրիկի մը։ «Թող Աստուած ընդունի զոհերուն հոգիները ու թիկունք կանգնի անոնց` որոնք կը տառապին այս աղէտէն» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Հրեաներու Նոր Տարին

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա թէ յառաջիկայ օրերուն կը յիշատակուի Հրեաներու Նոր Տարին «Ռոշ Հա Շանա», հուսկ երկու այլ տօներ` «Եոմ Քիփուր»ը եւ «Սուքքոթ»ը։

«Սրտագին շնորհաւորութիւններս կ՛ուղղեմ բոլոր հրեայ կրօնի եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Թող` որ նոր տարին ըլլայ հարուստ խաղաղութեան ու բարութեան պտուղներով, բոլոր անոնց համար, որոնք հաւատարմութեամբ կը քալեն Տիրոջ օրէնքին համաձայն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Առաքելական ճամբորդութիւնը` Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովը

Ան ակնարկեց նաեւ յառաջիկայ Կիրակի օր սկիզբ առնող իր առաքելական ճամբորդութեան, նախ Պուտաբեշտ` Սուրբ Հաղորդութեան Գիտաժողովին եզրափակումին առիթով, ապա  Սլովաքիա` ուր «ուխտագնացութիւնը պիտի աւարտի յաջորդ չորեքշաբթի օր, Երկրին պաշտպան սրբուհի` Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած ժողովրդական մեծ արարողութեամբ» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ «Անոնք պիտի ըլլան օրեր, որոնք կը յատկանշուին աղօթքով ու պաշտամունքով Եւրոպայի սրտին մէջ»։

«Մինչ կ՜ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնք պատրաստեցին այս ճամբորդութիւնը ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց, կ՛ողջունեմ նաեւ անոնք` որոնք ինծի կը սպասեն եւ որոնց ես ալ ի սրտէ կը փափաքիմ հանդիպիլ… Բոլորէն կը խնդրեմ, որ ինծի ընկերանան աղօթքով եւ այցելութիւններս կը յանձնեմ հաւաքի բազմաթիւ հերոս վկաներուն, որոնք այդ վայրերուն մէջ վկայեցին Աւետարանը, հակառակ հալածանքներուն։ Թող` որ անոնք օգնեն Եւրոպային այսօր եւս վկայութիւն տալու, Տիրոջ բարի աւետիսին, որ կը սիրէ եւ կը փրկէ, ոչ այնքան խօսքերով այլ գործունէութեամբ, ողորմութեան եւ հիւրընկալութեան գործերով», ըսաւ Քահանայապետը, որ ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը։

Կալկաթայի Մայր Թերեզան

Ան ի վերջոյ յիշեց նաեւ այսօր յիշատակուող Կալկաթայի Մայր Թերեզայի ծիսական տօնը , ողջունելով Գթութեան Քոյրերը, «որոնք համայն աշխարհին մէջ յանձնառու են հերոսական ծառայութեան մը մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2021, 12:50