«Զգոյշ ըլլանք փակումի փորձութենէն». Ֆրանչիսկոս Պապ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 26 սեպտեմբեր 2021ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ։
«Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսին եւ Յովհաննէս առաքեալին միջեւ զրոյցը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ «Աշակերտները տեսած էին մարդ մը որ դեւեր կը հանէր Յիսուսին անունով եւ արգիլեցին անոր այդ մէկը ընելը, որովհետև մաս չէր կազմեր խումբին»։
Հսկենք մեր սրտին վրայ
«Բայց Յիսուս կը հրաւիրէ զանոնք չարգիլել ան` որ կը գործէ ի սպաս բարիքին որովհետեւ ան կ՛աշխատի իրագործելու համար Աստուծոյ ծրագիրը (Հմմտ Մարկոս 9,38-41)» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով նաեւ, որ Յիսուս կը զգուշացնէ փոխան մարդիկը բարիներու եւ չարերու միջեւ բաժնելու, հսկենք մեր սրտին վրայ, «որպէսզի չպատահի որ ենթարկուինք չարին ու միւսներուն գայթակղութեան պատճառ դառնանք»։
Յիսուսին խօսքերը կը բացայայտեն փորձութիւն մը, ապա կը նուիրեն յորդոր մը։
Փակման փորձութիւնը
Փորձութիւնը փակման փորձութիւնն է, տրուած ըլլալով որ աշակերտները կ՛ուզեն արգիլել բարի գործ մը, որովհետեւ զայն կատարողը մաս չի կազմեր իրենց խումբին։ Անոնք կը մտածեն թէ իրենք միակն են, որոնք իշխանութիւնն ունին աշխատելու Աստուծոյ Թագաւորութեան համար, ու թէ միւսները օտարներ են մինչեւ այն աստիճան որ թշնամանք ցոյց կու տան անոնց։
Սատանան բաժնող է
«Որեւէ փակում հեռու կը պահէ անոնք որոնք մեզմէ տարբեր կը մտածեն։ Ասիկայ պատմութեան բազմաթիւ չարիքներուն արմատն է. Բացարձակութեան արմատը, որ յաճախ առաջացուց բռնատիրութիւն ու բազմաթիւ բռնութիւններ անոնց նկատմամբ, որոնք տարբեր են» ըսաւ Սրբազան Պապը յանձնարարելով «հսկել նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ փակումի փորձութեան վրայ։ Որովհետեւ Սատանան որ բաժանող է, միշտ կասկածներ կը յառաջացնէ, որպէսզի մասնատէ եւ բացառութիւններ ստեղծէ»։
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ «մենք ալ շատ անգամ փոխանակ բաց եւ հեզ հասարակութիւն ըլլալու, կարող ենք տպաւորութիւնը տալ թէ «դասարանին առաջիններն ենք» ու միւսները հեռու կը պահենք մեզմէ։ Փոխանակ փորձելու բոլորին հետ միասին քալել, կարող ենք ցոյց տալ մեր հաւատացեալի ինքնագիրը, դատապարտելու եւ բացառելու համար»։
Հեռու մնալ «բոյնի» մտածելակերպէն
Առ այդ «խնդրենք շնորհքը յաղթահարելու համար դատողութեան և մարդիկը գրացուցակի վրայ դնելու գայթակղութիւնը» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով «բոյնի» մտածելակերպի վտանգներէն, օրինակ բերելով այն քահանան` որ կը մնայ միայն իր հաւատացեալներուն հետ կամ հովուական ծառայութեան գործիչները, որոնք փակուած են իրենց միջեւ, որպէսզի ոչ մէկը մուտք գործէ, ապա շարժումներն ու ընկերակցութիւնները որոնք սահմանափակուած են իրենց յատուկ խարիզմին մէջ և այլն:
Սուրբ Հոգին փակումներ չուզեր
«Այս բոլորը սպառնալիք է քրիստոնէական հասարակութիւններուն, որոնք այդպէսով կարող են դառնալ վայր բաժանումներու եւ ոչ թէ հաղորդութեան» աւելցուց Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «Սուրբ Հոգին փակումներ չուզեր։ Ան կ՜ուզէ բացութիւն, հիւրընկալող հասարակութիւններ, ուր տեղ կայ բոլորի համար»։
Յիսուս կը յորդորէ չի համակերպիլ չարին
«Փոխանակ դատապարտելու ամէն բան եւ բոլորը, զգոյշ ըլլանք մեր անձին նկատմամբ. որովհետեւ վտանգը կայ, որ մենք ճկուն չի գտնուինք ուրիշներուն հետ բայց ներողամիտ ըլլանք մենք մեր անձին հանդէպ» նշեց ապա Քահանայապետը, ընդգծելով` որ «Յիսուս կը յորդորէ չի համակերպիլ չարին եւ այդ կ՛ընէ ներկայացնելով ցայտուն պատկերներ. «Եթէ քու մէջդ բան մը գայթակղութեան պատճառ է, կտրէ զայն (Հմմտ Մարկոս 9, 43-48)։
«Հարց տանք մենք մեզի. «Ի՞նչն է իմ մէջս որ հակառակ է Աւետարանին» ապա «Ի՞նչն է` որ Յիսուս կ՛ուզէ որ ես կտրեմ իմ կեանքէս», ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց աղօթել Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի մեզ օգնէ ըլլալու հիւրընկալ ուրիշներուն հանդէպ եւ հսկել նաեւ մենք մեր վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ