Արժանթինի Քարիթասին մատուցած ծառայութիւնները Արժանթինի Քարիթասին մատուցած ծառայութիւնները 

«Սիրել եւ ծառայել հետեւելով ժամանակներու նշաններուն». Ֆրանչիսկոս Պապը Արժանթինի Քարիթասին։

«2021 հասարակական երթին», կը կատարուի ամէն երեք տարին անգամ մը։ Զատորոշումի պահ մըն է ան, որ կը ներգրաւէ Արժանթինի Քարիթասին հովուական բոլոր ծառայողները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լսատեսողական պատգամով մը Սրբազան Քահանայապետը հոգեպէս միացաւ Արժանթինի Քարիթասին նախաձեռնած «2021 հասարակական երթին», որ կը կատարուի ամէն երեք տարին անգամ մը։ Զատորոշումի պահ մը, որ կը ներգրաւէ Արժանթինի Քարիթասին հովուական բոլոր ծառայողները միասնաբար խորհրդածելու ու իրար ունկնդրելու Սուրբ Հոգւոյն լոյսին ներքոյ, գնահատելու հանար ներկայ եւ ապագայի մարտահրաւէրները։

Երկրին հասարակութիւններու կեանքի եւ յոյսի հասարակական ու սիւնհոդոսական այս երթին Նորին Սրբութիւնը ուզեց բացայայտել իր մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը.

«2021 ի երթը, սիւնհոդոսական գործընթացք մըն է զոր կը կատարենք ամէն երեք տարին անգամ մը, փորձառութիւն մը` որպէսզի մենք մեզ դնենք «դէպի դուրս», իրար ունկնդրենք ու զատորոշենք թէ ինչպէս պէտք է սիրել ու ծառայել աւելի գործնական կերպով, ժամանակներու ու պարագաներու հիման վրայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ աւելցնելով «Ձեզի կը մաղթեմ լաւագոյնը եւ թող Տէրը ընկերանայ ձեր այդ երթին, եւ բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար»։

Արժանթինի Քարիթասի բացատրութեամբ վերոնշեալ երթը ունի երկու հանգրուան., մէկ կողմէն Սուրբ Կոյս Մարիամի Սուրբ Յովսէփի ու Մանուկ Յիսուսին սրբապատկերներուն ուխտագնացութիւնը մէկ թեմէն միւսը, մէկ քաղաքէն միւս քաղաք, արթնցնելու դիտմամբ ուրախութիւնն ու յոյսը` որոնք ծնունդ կ՜առնեն ժողովրդական հաւատքէն։ Ապա իւրաքանչիւր հասարակութեան Հովուական զատորոշումը որ կը մղէ առաջարկներու եւ որոշումներու, որոնք «մեզ կ՛օգնեն բացայայտելու նշանները, որ Աստուած կը զարթնեցնէ ամենուրէք, հուսկ շարունակել խորացնել եկեղեցւոյ բարեգործութեան հովուական ուղեցոյցները», նշուած է Արժանթինի Քարիթասին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2021, 08:00