Հայիթիի մէջ  7,2 ուժգնութեամբ  հզօր երկրաշարժ Հայիթիի մէջ 7,2 ուժգնութեամբ հզօր երկրաշարժ  

Սրբազան Պապին մօտիկութիւնը երկրաշարժի թիրախ Հայիթիի բնակչութեան։

Հայիթիի մէջ 7,2 ուժգնութեամբ հզօր երկրաշարժ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14 օգոստոսին Հայիթիի մէջ տեղի ունեցաւ 7,2 մագնիտուդով երկրաշարժ որուն հետեւանքով արձանագրուած են հարիւրաւոր զոհեր եւ որոշ տեղեկատուական գործակալութիւններուն համաձայն այդ զոհերուն թիւը հասած է երեք հարիւրի, բայց կարող է վերածուիլ հազարներու ու գերազանցել 2010 թուականի Հայիթին հարուածող այլ աղէտալի երկրաշարժին զոհերու թիւերն ու աւերները։

Տեղական ԶԼՄ-ներու տուեալներու համաձայն երկրաշարժին ցնցումները զգացուած են նաեւ են Հայիթիի մայրաքաղաք «Port-au-Prince» ի մէջ որ կը գտնուի երկրաշարժի կեդրոնէն 150 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Ի տես վերոնշեալ երկրաշարժին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 15 օգոստոսին արտասանած կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին իր մօտիկութիւնը արտայայտեց երկրաշարժի զոհ բնակչութեան ապա Աստուծոյ նուիրեց աղօթքներ` զոհերուն համար, մինչ խօսքը ուղղելով վերապրածներուն անոնց արտայայտեց քաջալերանքի խօսքեր մաղթելով` որ անոնց նկատմամբ չի պակսի միջազգային հասարակութեան հետաքրքրութիւնը. «Բոլորին զօրակցութիւնը թող կարողանայ մեղմացնել այդ աղէտին հետեւանքներ։ Միասին աղօթենք Տիրամայրը Հայիթիի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ու Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ աղօթեց «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2021, 12:12