Թոքիօ 2020 պարաօլիմպիական խաղեր Թոքիօ 2020 պարաօլիմպիական խաղեր 

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը պարաօլիմպիական խաղերու մարզիկներուն։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Եազնա Կորայի Տիրամօր տօնը ու հինգ տարիներ առաջ կեդրոնական իտալիան հարուածող երկրաշարժը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 օգոստոսին գլխաւորած Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն յիշեց երէկ Թոքիոյի մէջ սկիզբ առած պարաօլիմպիական խաղերը, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով մարզիկներուն։

«Իմ ողջոյնս կ՛ուղարկեմ մարզիկներուն ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց որովհետեւ բոլորիս կը նուիրեն յոյսի եւ քաջութեան վկայութիւն մը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով` թէ «անոնք կը բացայայտեն թէ ինչպէս մարզական յանձնառումը կ՛օգնէ յաղթահարելու անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւնները»։

Եազնա Կորա սրբավայրի  տօնը

Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Լեհ հաւատացեալները յիշեց թէ «վաղը Լեհաստանի մէջ կը նշուի Եասնա Կորայի սրբավայրին մէջ մեծարուած Մայր Աստուծոյ տօնը։

«Հինգ տարիներ առաջ կարողացայ երիտասարդներուն հետ միասին կանգ առնել անոր սեւ դէմքին դիմաց ու անոր յանձնել Լեհաստանի ու համայն աշխարհի եկեղեցին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Կեդրոնական Իտալիոյ երկրաշարժի հինգերորդ տարեդարձ

Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ ուղղած ողջոյններուն մէջ յիշեց նաեւ կեդրոնական իտալիոյ բնակիչները, որոնք հինգ տարիներ առաջ թիրախ դարձած էին ահաւոր երկրաշարժի մը, խրախուսելով բոլորը յառաջ ընթանալու յոյսով ու հարկաւոր նկատելով «վերականգնումի» ապացոյց մը տալ, շնորհիւ նաեւ իշխանութիւններու շօշափելի աջակցութեան, առանց յուսալքումի մատնուելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2021, 11:18