Հարաւային Սուտանի մէջ բռնութեան արարքներ Հարաւային Սուտանի մէջ բռնութեան արարքներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Հարաւային Սուտանի մէջ երկու մայրապետներու սպանութեան ի լուր։

Երկու մայրապետները սպաննուեցան Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ժուպայէն դէպի Նիմուլէ քաղաք տանող ճանապարհին վրայ, անոնց դէմ լարուած թակարդի մը թիրախ դառնալով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը Սրբազան Քահանայապետը իր խոր վիշտը յայտնեց ի լուր անցեալ կիրակի օր` 15 օգոստոսին Սուրբ Սրտի միաբանութեան խումբ մը մայրապետներու դէմ գործուած յարձակումին, որուն բերումով մահացան երկու մայրապետներ, Քոյր Մարիա Ապուտ եւ Քոյր Ռեճինա Ռոպա։

Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցութիւններ յայտնեց անոնց ընտանիքներուն ու կրօնական հասարակութեան այդ «անիմաստ բռնութեան արարքին համար» յոյս յայտնելով որ այս զոհաբերումը առիթ ըլլայ «զարգացնելու խաղաղութեան, հաշտութեան ու տարածաշրջանի մէջ անվտանգութեան գործընթացքը»։

Երկու մայրապետները սպաննուեցան Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ժուպայէն դէպի Նիմուլէ քաղաք տանող ճանապարհին վրայ, անոնց դէմ լարուած թակարդի մը թիրախ դառնալով։ Կրօնաւորուհիները այլ հաւատացեալներու հետ միասին Ժուպայէն դէպի Նիմուլէ կը վերադառնային Լաօ ժողովրդապետութեան հարիւր ամեակի տօնախմբութեան մասնակցելէն ետք։ Անոնք կը գտնուէին ճամփորդական փոխադրակառքի մը վրայ երբ զինեալ անհատներ յարձակեցան անոնց վրայ ու կրակ բանալով սպանեցին երկու կրօնաւորուհիները ու այլ երեք հաւատացեալներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2021, 18:45