Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշէ «Plymouth»ի զոհերը։ Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշէ «Plymouth»ի զոհերը։  

Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշէ «Plymouth»ի զոհերը։ Չարը յաղթահարել բարիով։

20 տարեկան զինեալ երիտասարդ մը անցեալ 13 օգոստոսին ներխուժելով Անգլիոյ Plymouth քաղաքի ժողովրդական թաղամասի մը տան մը վրայ սպանեց չորս անձեր, որոնց շարքին մայր մը ու անոր փոքրիկ դուստրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը, Նորին Սրբութիւնը աղօթք ու զօրակցութիւն կը յայտնէ անցեալ 12 օգոստոսին Անգլիական Plymouth քաղաքին մէջ աղէտալի միջադէպին համար, որուն բերումով սպաննուեցան չորս անձեր ու նաեւ մարդասպանը։

20 տարեկան զինեալ երիտասարդ մը անցեալ 12 օգոստոսին ներխուժելով Անգլիոյ Plymouth քաղաքի ժողովրդական թաղամասի մը տան մը վրայ սպանեց չորս անձեր, որոնց շարքին մայր մը ու անոր փոքրիկ դուստրը։

Ողբերգութիւնը, հանդիսացաւ 17 օգոստոսին կազմակերպուծ յիշատակի ժամասացութեան   արարողութեան կեդրոնը, զոր նախագահեց քաղաքին եպիսկոպոս` Գերապայծառ Մարք օ Թուլ, որուն առթիւ ընթերցումը կատարուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին յղած ցաւակցական հեռագիրին, որուն մէջ Ան իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՛արտայայտէ յիշատակութեան երեկոյի մասնակցողներուն, աղօթքներ ապահովեցնելով զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն։

«Փրկիչ Քրիստոսը բոլորին պարգեւէ ուժ` հրաժարելու բռնութենէն ու չարը յաղթահարելու բարիով» գրուած է Քահանայապետի անունով ուղղուած ու կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2021, 10:13