Ստրկութիւնը Ստրկութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ստրկական աշխատանքի շահագործումը ոչ մշակոյթ է ոչ ալ գեղեցկութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապին պատասխանը Իտալացի արձակագիր Մաուրիցիօ Մաճճանիին որ բաց նամակով մը «ամօթ» որակած էր քրէական մեթոտներով գաղթականները շահագործելու երեւոյթին բացայայտումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կ՛արժէ արդեօք պատրաստել գեղեցիկ և իմաստուն գործեր, եթէ անոնց արտադրութեան համար ստրուկներու աշխատանք պէտք է»։ հարցումն է սա որ իտալացի արձակագիր Մաուրիցիօ Մաճճոնի մի քանի օրեր առաջ ուղղեց իտալական Il «Secolo XIX» օրաթերթի էջերէն, որուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց պատասխանել նամակով մը, որ լոյս տեսաւ նոյն թերթի էջերուն մէջ այսօր` 12 օգոստոսին։

Վիպագիր Մաուրիցիօ Մաճոնիին հարցումը Քահանայապետին

Տիար Մաճճոնի բացայայտած էր թէ իր ու այլ հեղինակներու գիրքերու տպագրութեան համար կ՛օգտագործուէին քրէական մեթոտներ, շահագործելով գաղթականները ու զանոնք ենթարկելով ստրկական աշխատանքի, որոնց առնչութեամբ յարուցուած է քրէական հարց։

Մէկ օգոստոսին լոյս տեսած Մաճոնիի յօդուածին մէջ հեղինակը ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «ոչ հաւատացեալ», հաստատելով թէ ինք դիմած է Ֆրանչիսկոս Պապին «բաժնեկցուած զգայնութեան» բերումով, տրուած ըլլալով` որ ինք եւս իր վէպերուն մէջ կը պատմէ վերջիններու ու հետիններուն պատմութիւնները ու անոնց նկատմամբ յաճախ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը։

«Քահանայապետին կը գրեմ որովհետեւ իմ որոնումներուս մէջ չգտայ այլ բարոյական հեղինակութիւն մը, որ ձայն ունենալէ աւելի պատրաստ է նաեւ ունկնդրելու ու դատելէ առաջ ինքզինք հարցաքննելու» կը նշէ վիպագիրը, դիտել տալով` թէ ինք «ամօթ» զգաց երբ իմացաւ թէ իր «այնքան ազնուական» աշխատանքը ուրիշներ կը ստիպեր ստրկութեան ճանապարհով ապրելու։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատասխանը

Անոր յղած իր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ թէ ուղղուած հարցումը անիմաստ չէ, որովհետեւ կը հայի մարդոց արժանապատուութեան, արժանապատւութիւն որ այսօր շատ յաճախ ոտնակոխուած է «ստրկական աշխատանքի» բերումով, շատերու մեղսակից լռութեան մէջ։

Շահագործումը մեղք է

Այս մէկը ակնյայտ եղաւ համաճարակի պատճառաւ սահմանափակումներու դրութեան ընթացքին երբ ի յայտ եկաւ թէ մշտապէս արտադրուող ու մեր սեղաններուն վրայ հասնող ուտելիքի ետին կային աննշմար ու անտեսանելի հազարաւոր անձեր, որոնց իրաւունքը ոտնահարուած էր ... շահագործումը կը ջնջէ դէմքեր եւ անուններ եւ ամէն մէկ շահագործումի ձեւ քրիստոնեաներուն համար մեղք է»  կը նշէ Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ կ՛առաջարկէ երկու լուծումներ հիմնուած երկու բայերու վրայ. առաջինը «մահուան մեխանիզմներու», «մեղքի կառոյցներու» դէմ մեղադրանքի բողոք ներկայացնելն է, գրելով ու հրապարակելով հարցեր ցնցելու համար խիղճերը` անտարբերութենէն  ու հարցաքննելով զանոնք, որպէսզի թոյլ չտան անզգայ ու անհոգ դառնալ ի տես այս երեւոյթներուն, իսկ երկրորդը «հրաժարիլն է»։ հրաժարիլ ոչ թէ «գրականութենէն ու մշակոյթէն» այլ այն սովորութիւններէն ու առաւելութիւններէն որոնց ետին, այսօր երբ ամէն ինչ իրար կապուած է ու իրարմէ կախուած, կը բացայայտենք թէ որոշ այլասերուած մեխանիզմներ կը վնասեն մեր եղբայրներու եւ քոյրերու արժանապատւութեան։

Բարձրացնել մարդու արժանապատուութիւնը

«Զօրեղ նշան է հրաժարիլ որոշ դիրքերէ ու յարմարաւէտութիւնէ տեղ տալու համար անոնց որոնք տեղ ու տարածք չունին» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով «Ոչ ըսել ի նպաստ աւելի մեծ այոյի մը ու բարեխղճօրէն մերժել՝ մարդու արժանապատուութիւնը բարձրացնելու համար»։

Քահանայապետի Նամակին եզրափակիչ կոչն է. «Այսօր բազմաթիւ նուաստացած և վիրաւոր անհատներու դիմաց, առանց որ որևէ մէկը զանոնք դարձնէ «գլխաւոր հերոսներ», մինչ «փողն ու շահերը կը գերակշռեն», «մշակոյթը թող թոյլ չտայ ինքզինք ենթարկելու շուկայական շահերուն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2021, 09:00