Սրբազան Քահանայապետին  մտահոգութիւնն ու կոչը ի նպաստ Աֆղանիստանին Սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնն ու կոչը ի նպաստ Աֆղանիստանին 

«Աֆղանիստանի համար աղօթենք խաղաղութեան Աստուծոյն» Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնն ու կոչը ի նպաստ Աֆղանիստանին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը միանամ Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակի միասնական մտահոգութեան ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ իմ հետս աղօթէք Խաղաղութեան Աստուծոյն, որպէսզի դադրի զէնքերու ժխորը եւ կարելի ըլլայ լուծումներ որոնել երկխօսութեան սեղանին շուրջ». Այս խօսքերով է որ Սրբազան Քահանայապետը իր մտահոգութիւնը արտայայտեց ի տես Աֆղանիստանի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան ու թալեպաններու դէպի Երկրին մայրաքաղաք ներխուժումին։

Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց նաեւ թէ միայն երկխօսութեամբ է որ այդ երկրին մարտիրոս բնակչութիւնը, մարդիկ, կիներ, տարեցներ ու մանուկներ, կարող են վերադառնալ իրենց տուները, ապրիլ խաղաղութեամբ ու ապահովութեամբ, փոխադարձ յարգանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2021, 12:13