Սուրբ Անտրէա Քիմ Թայէկոնն ու նահատակ բարեկամները Սուրբ Անտրէա Քիմ Թայէկոնն ու նահատակ բարեկամները 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Անտրէա Քիմ Թայէկոնի ծննդեան 200րդ յոբելեանի նշումին առթիւ։

Հաւատքի հերոս վկան ու Աւետարանի անխոնջ առաքեալը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 21 օգոստոս 2021ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քորէացի առաջին մարտիրոս Քահանայ Սուրբ Անտրէա Քիմ Թայէկոնի ծննդեան 200րդ Յոբելեանի նշումին առթիւ, պատգամ մը յղեց «սիրեցեալ Հարաւային Քորէայի հաւատացեալներուն», որուն մէջ հրաւիրեց գոհաբանութիւն մատուցել Աստուծոյ, որ Անտրէա Քիմի անձով ուզեց պարգեւել Հաւատքի հերոս վկայ մը ու Աւետարանի անխոնջ առաքեալ մը, դժուար ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, որ յատկանշուած էր «ձեր ժողովուրդի տառապանքով ու անոր դէմ մղուած հալածանքներով» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Աստուծոյ սէրը կը յաղթէ ատելութեան

«Ան իր բարեկամներուն հետ միասին ուրախալի յոյսով ապացուցեց թէ բարին միշտ յաղթական է, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը կը յաղթէ ատելութեան» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` թէ «Այսօր եւս չարին բազմաթիւ բացայայտումներու դիմաց, որոնք այլանդակ կը դարձնեն մարդուն գեղեցիկ դիմագիծը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն, պէտք է վերագտնել իւրաքանչիւր Մկրտեալի առաքելութեան կարեւորութիւնը, որ ամենուրէք կանչուած է ըլլալու խաղաղութեան եւ յոյսի գործիչ, պատրաստ, Բարի Սամարացիին նման, հպելու վէրքերուն վրայ անոնց որոնք կարիքն ունին սիրոյ, օգնութեան կամ պարզապէս եղբայրական մէկ հայեացքին» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով Քորէայի Եկեղեցական համայն հասարակութեանը, անոր վեհանձն առատաձեռնութեան համար, որով թիկունք կանգնեցաւ Քովիտ19 դէմ պատուաստուելու քարոզարշաւին` ի նպաստ աւելիով աղքատ երկիրներուն։

Ընկերային խաղաղութիւնը կը պահանջէ բոլորին մշտական յանձնառումը 

«Ձեր զգայնութիւնը ու ձեր ուշադրութիւնը Քրիստոսի Մարմնի մաս կազմող աւելի տկար անդամներուն նկատմամբ քաջալերանք է մենք մեզ դնելու ուրիշներու ծառայութեան տակ ու միեւնոյն ատեն կը ներկայացնէ զօրեղ հրաւէր մը` աւելի մեծ յանձնառութեան ի նպաստ վերջիններուն» նշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը որ պատգամին աւարտին մէջբերեց «Fratelli Tutti» շրջաբերականէն` ընկերային խաղաղութեան հայող հատուած մը, հաստատելով որ ընկերային խաղաղութիւնը կը պահանջէ բոլորին մշտական յանձնառումը ու այս ուղղութեամբ մաղթեց, որ «բոլոր անոնք` որոնք կը գործեն Քորէական թերակղզիին մէջ հաշտութեան ի նպաստ, նորոգուած յանձնառումով շարունակեն ըլլալ խաղաղութեան բարի արհեստաւորները, բոլոր քաջալերելով յարգալից եւ կառուցողական երկխօսութեան մը, աւելի լուսաւոր ապագայի մը համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը եւ իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելէ ետք խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2021, 16:35