1629275165481.JPG

«Համաճարակէն ետք վերսկսիլ պատասխանատու հոգիով` ոչ թէ եսասիրութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապը Ռիմինիի միթինկին:

Կարիքը ունինք մարդոց, որոնք քաջութիւնը ունին ես ըսելու պատասխանատուութեամբ եւ ոչ թէ եսասիրութեամբ իրենց նոյնինքն կեանքով վկայելով` թէ կարելի է վստահելի յոյսով վերսկսիլ օրը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վաղը ուրբաթ 20 օգոստոսին սկիզբ առնող Ռիմինիի «Ժողովուրդներու բարեկամութեան» 42րդ հաւաքին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ յղած պատգամի մը մէջ իր օրհնութիւնը տալէ ետք հաւաքին մասնակիցներուն կը թելադրէ համաճարակէն ետք վերսկսիլ հաւաքական պատասխանատուութեան հոգիով, մէկդի դնելով եսասիրութիւնը ու մասնաւորապէս առաջարկելով անհրաժեշտ միջոցներ գտնել, ընկերութիւնը շարժումի մէջ դնելու համար, որուն համար կարիքը կայ «որ մէկ մը քաջութիւնը ունենայ ըսելու «ես», իր իսկ կեանքով հաղորդելով թէ կարելի է օրը սկսիլ վստահելի նոր յոյսով մը։

Եղբայրութիւնը եւ  ընկերային բարեկամութիւնը յաղթահարելու համար ճգնաժամը

Ռիմինի քաղաքի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Լամպիազիին ուղղած պատգամին մէջ, Քահանայապետը դարձեալ հրաւէր կ՛ուղղէ դիմելու եղբայրութեան ու ընկերային բարեկամութեան, յաղթահարելու համար Քովիտին յառաջացուցած ճգնաժամը։

Ռիմինի քաղաքը 1980էն ի վեր կը հիւրընկալէ «Ժողովուրդներու բարեկամութեան» վերոնշեալ հաւաքի ձեռնարկը եւ այս տարի ան կը նշուի «ներկայութեամբ» որուն բացման արարողութեան կը սպասուի նաեւ Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլայի ելոյթը։

 Քաջութիւն ունենալ ես ըսելու

Մինչեւ 25 օգոստոս տեւող այս միջազգային բնոյթ ունեցող հաւաքին այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Սորէն Քիերքըկաարի գրութիւններէն «Քաջութիւն ունենալ ես ըսելու», որուն մասին արտայայտուելով Քահանայապետը կը նշէ` թէ «ասիկա այսօր աւելի քան երբեք նշանակալից է. որովհետեւ պէտք է վերսկսիլ շիտակ քայլերով, ուշադիր ըլլալով չի մսխել առիթը զոր համաճարակի ճգնաժամը մեզի կը մատուցէ»։

Վտանգելու քաջութիւնը ազատութեան արարք է

Վերսկսում որ ինքնաբերաբար չի իրականացուիր որովհետեւ ամէն մէկ մարդկային ձեռնարկի մը մէջ ներառուած է ազատութիւնը եւ ազատութիւնը կ՛ենթադրէ թէ «իւրաքանչիւր մարդու հիմնական որոշումներուն ներքոյ կայ սկիզբ մը», ինչպէս կը հաստատէ Պենետիկտոս ԺԶ ը. «ազատութիւնը պէտք է միշտ նորէն ձեռք բերուի ի սպաս բարիքին եւ այս իմաստով մենք մեզ վտանգելու քաջութիւնը նախ եւ առաջ ազատութեան արարք է»։

Այս տագնապէն աւելի վատ կայ միայն զայն վատնելու ողբերգութիւնը

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ մէջբերուած են Քահանայապետին խօսքերը «Այս տագնապէն աւելի վատ կայ միայն զայն վատնելու ողբերգութիւնը»։

Արդարեւ մինչ համաճարակը ստիպեց որդեգրել «ընկերային հեռաւորութիւնը» մարդ անհատը` իւրաքանչիւրի «ես»ը դարձուց ուշադրութեան կեդրոն, շատ անգամ յառաջացնելով նաեւ վերազարթօնք մը` հիմնական հարցումներու հայող գոյութեան ու ապրելու օգտակարութեան իմաստին, ու հրահրեց նաեւ անձնական պատասխանատուութեան իմաստը։

Ընկերութիւնը կարիքը ունի մարդոց որոնք ըլլան պատասխանատու ներկայութիւն

«Շատեր այս մէկը վկայեցին։ Մահուան ու ցաւին դիմաց, կարիքի ի յայտ գալուն դիմաց, շատ մարդիկ ետ չի քաշուեցան եւ վճռակամ ըսին ահաւասիկ եմ» կը կարդանք Քահանայապետին յղած պատգամին մէջ ուր ապա նշուած է թէ «ընկերութիւնը կարիքը ունի մարդոց, որոնք ըլլան պատասխանատու ներկայութիւն։ Առանց անձին չկայ ընկերութիւն, այլ անհատներու պատահական միաւորում, որոնք չեն գիտեր թէ ինչու միասին կը գտնուին։ Եւ այս պարագային անոնց միակ միացնողը կը դառնայ հաշիւի եսասիրութիւնը ու մասնաւոր շահը որ մարդիկը կը դարձնէ անտարբեր բոլոր բաներու ու բոլորի նկատմամբ։

Միւս կողէ դրամապաշտութիւնն ու իշխանապաշտութիւնը կը նախընտրեն գործել անհատներու հետ քան անձերու հետ, այսինքն «ես»ի մը հետ որ կեդրոնացած է իր սեփական կարիքներու ու իրաւունքներու վրայ փոխանակ «ես» ի մը` որ բաց ըլլայ ուրիշներուն ու միտի կազմելու եղբայրութեան ու ընկերային բարեկամութեան «մենք»ը։

Վերսկսելու մեկնակէտը մարդ արարածն է

Ի տես այս իրողութեան Սրբազան Պապը կոչ կ՜ուղղէ հանրային ասպարէզէն ներս պատասխանատու անձնաւորութիւններուն չի չարաշահելու անհատները այլ անոնց ծառայելու, որովհետեւ մեր ապրած դժուարութիւններէն ետք վերսկսելու մեկնակէտը ճիշդ «մարդ արարածն» է։

“Կարիքը կայ մարդոց որոնք քաջութիւն ունին ես ըսելու պատասխանատուութեամբ եւ ոչ թէ եսասիրութեամբ իրենց կեանքով վկայելով թէ կարելի է վերսկսիլ օրը վստահելի յոյսով”

«Ես ըսելու քաջութիւնը կը բխի հանդիպում կոչուող երեւոյթէն, ան ծնունդ կ՜առնէ ճշմարտութեան դիմաց ու ճշմարտութիւնը ներկայութիւն է» կը հաստատէ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը յղում կատարելով Հայր Լուիճի Ճուսսանիին որ Ռիմինիի հաւաքը կազմակերպող «Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն» եկեղեցական շարժումին հիմնադիրն է։

Կենդանի վկայութիւն տալ Աւետարանի ուրախութեան

«Քրիստոնեային քաջութեան ամենախոր պատճառը Քրիստոսն է» գրած է ապա Սրբազան Պապը պատգամին մէջ հաստատելով, որ «Յարուցեալ Տէրն է մեր վստահութիւնը որ մեզի փորձարկել կու տայ խոր անդորրութիւն մը նոյնիսկ կենաքի փոթորիկներուն մէջ»։

Կարդինալ Փարոլինը պատգամը կ՛աւարտէ Քահանայապետին մաղթանքով` որ այս Հաւաքին ընթացքին կազմակերպիչներն ու հիւրերը կենդանի վկայութիւն տան Աւետարանի ուրախութեան որ քաջութիւն կը պարգեւէ քալելու նոր ճամբաներու վրայէն։

Քրիստոսի մէջ հաւատքի հորիզոնը համայն աշխարհն է

Այս է սատարը որ Քահանայապետը կ՛ակնկալէ Ռիմինիի միթինկէն, վերսկսելու համար ուղեւորութիւնը այն գիտակցութեամբ թէ հաւատքը մեզ կը դնէ ճանապարհորդութեան մէջ եւ կարելի կը դարձնէ վկայութիւնն ու երկխօսութիւնը բոլորին հետ։ Առանց բացառութեան։ Որովհետեւ Քրիստոսի մէջ հաւատքի հորիզոնը համայն աշխարհն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2021, 12:00