Քլարիսներու վանքէն տեսարան (Ռավելլօ) Քլարիսներու վանքէն տեսարան (Ռավելլօ) 

Տօն Ասսիզացի Սրբուհի Պայծառի։ Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հետեւեցէք անոր օրինակին»

Ասսիզիի սրբուհի Քիարայի ծիսական տօնը որ եղաւ լուսաւոր տիպար մը եւ գիտցաւ քաջութեամբ եւ վեհանձնութեամբ ապրիլ իր Քրիստոսին յարումը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կը տօնենք Ասսիզիի սրբուհի Քիարայի ծիսական տօնը, որ եղաւ լուսաւոր տիպար մը եւ գիտցաւ քաջութեամբ եւ վեհանձնութեամբ ապրիլ իր Քրիստոսին յարումը։ Հետեւեցէք անոր օրինակին, որպէսզի կարենաք անոր նման հաւատարմօրէն համապատասխանել Տիրոջ կոչին»։  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ողջունեց տարեցները, երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները հրաւիրելով զանոնք ու բոլոր հաւատացեալները հետեւելու Սրբուհի Քիարայի օրինակին։

Արդարեւ 11 օգոստոսին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սրբուհի Պայծառի ծիսական տօնը։

Ան (Սանթա Քիարան) ՝ ծնած էր  Իտալիոյ Ասսիզի գիւղաքաղաքը, 1193 ին ազնուական, հարուստ եւ շատ առաքինի ծնողներէ։ 

Մօտաւորապէս 18 տարեկան էր երբ ծնողքը ուզեցին զինք ամուսնացնել մեծահարուստ ազնուականի մը հետ, սակայն ինք կը մերժէ այդ առաջարկը։

Այդ ատենները սրբութեան մեծ համբաւ կը վայելէր ֆրանչիսկոս Ասսիզացին. Քիարա իրմէ խորհուրդ առնելով  առանց տարակուսելու կը վճռէ խզել իր կապերը աշխարհի հետ եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ։ 1212-ի՝ Ծաղկազարդի տօնին կը սկսի իր կրօնաւորական կեանքը։

Սրբուհի Քիարա 42 տարի մեծ խոհեմութեամբ, աստուածավախութեամբ եւ կանոնի ճշգրիտ գործադրութեամբ  իր իսկ կեանքովը ուսուցանեց եւ կատարելութեան ուղիէն ընթացաւ, ծոմապահութեամբ,  աղօթքով եւ հսկումով։

Բազմաթիւ հրաշքներով  Սրբուհի Քիարա  հռչակաւոր դարձաւ իր կենդանութեան ատեն իսկ։ Իր կեանքի վերջին ժամերուն  երջանկութիւնը ունեցաւ Տիրամօր եւ Սուրբ  ու նահատակ կոյսերու այցելութիւնը վայելելու։  

12 Օգոստոս 1253-ին, խաղաղօրէն իր հոգին աւանդեց։ Իր մահէն ետք ալ  բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան իր բարեխօսութեամբը, եւ 1255-ին, երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Դ. Քահանայապետը  զինք արժանացուց խորաններու պատուոյն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2021, 10:00