1626175282915.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր ցաւը յայտնեց Իրաքի «Իմամ Հուսէյն» հիւանդանոցին մէջ պատահած աղէտալի հրդեհին առնչութեամբ

հրդեհը ծագած է Քորոնա» ժահրով վարակուածներու մեկուսացումի բաժինին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ իր «խոր ցաւը» յայտնեց հարաւային Իրաքի Զի Քար նահանգի Նասիրիա շրջանի «Իմամ Հուսէյն» հիւանդանոցին մէջ պատահած աղէտալի հրդեհին առնչութեամբ, որուն հետեւանքով աւելի քան 60 անձեր մահացած են։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք, որ հրդեհը ծագած է Քորոնա» ժահրով վարակուածներու մեկուսացումի բաժինին մէջ։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիրին մէջ՝ ուղղուած Իրաքի մէջ Պապական նուիրակ գերապայածառ Միթժա Լեսքովարին, ֆրանչիսկոս Պապ իր հոգուոր մօտիկութիւնը կը յայնեց աղէտէն տուժուածներուն ու իր աղօթքը կ՝ապահովեցուց մեռեալներուն, մխիթարութիւն հայցելով անոնց հարազատներու ու բարեկամներուն։

Նշենք, որ ապրիլին Պաղտատի «Իպն Խաթիպ» հիւանդանոցի «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու մեկուսացումի բաժինին մէջ եւս հրդեհ տեղի ունեցած էր: 82 անձեր մահացած էին եւ աւելի քան 100 ուրիշներ վիրաւորուած:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2021, 10:18