«Գիտութիւնը մեծ միջոց է խաղաղութիւնը կառուցելու համար». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Իտալիոյ Ապրուցցօ նահանգի Թերամօ թեմին մէջ կազմակերպուած գիտնականներու համագումարին, Անոնց պարտականութեան յանձնելով կազմել նոր սերունդը, որ ըլլայ խաղաղութեան կառուցող։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գիտնականներու հետ հանդիպիլը «մարդկութեան համար յոյսի մեծ պարգեւ մըն է» որովհետեւ «անցեալին երբեք անհրաժեշտութիւն չէ եղած որքան այսօր վերսկսելու գիտական ​​հետազօտութիւններ` ժամանակակից հասարակութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու համար »: «Զարգացնելու համար գիտութեան իղձը որ կը թաքնուի իւրաքանչիւր մարդու եւ կնոջ սրտին մէջ» անհրաժեշտութիւնը կայ, որ գիտական հետազօտութիւնը բոլորին ծառայութեան տակ դնէ իր սեփական ուղղութիւնները, որոնելով միշտ համագործակցութեան նոր ձեւեր, բաժնեկցելով արդիւնքներու եւ կերտելով ցանցեր»։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամով մը դիմեց «Գիտութիւնն ու խաղաղութիւնը» խորագիրով Իտալիոյ Թերամօ քաղաքի համալսարանին մէջ կայացած միջազգային համագումարի մասնակցողներուն, Սուրբ Գաբրիէլի Յոբելենական տարւոյն առթիւ։

Հանդիպումը կազմակերպուած էր Թերամօ Թեմին կողմէ, որուն համար Սրբազան Պապը պատգամին մէջ յայտնեց իր խնդակցութիւնը, տրուած ըլլալով որ այս մէկը կը վկայէ թէ «պէտք չէ հակասութիւն ըլլայ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ» ըսաւ Ան։

Ոչ մէկ գիտական գիտելիք, պէտք է քալէ առանձին եւ ինքզինք զգայ ինքնաբաւ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդգծեց թէ համաճարակին պատճառաւ այժմ հարկաւոր է վերատեսել եւ նոր կապ առաջարկել ընդմէջ ընկերութեան եւ գիտութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ առողջապահական ճգնաժամը գիտութիւնը մղեց վերատեսելու կանխարգիլման հեռանկարները եւ առողջապահական համակարգի կայունութիւնը։

«Ոչ մէկ գիտական գիտելիք, պէտք է քալէ առանձին եւ ինքզինք զգայ ինքնաբաւ»։ Պատմական իրականութիւնը կարիքը ունի գիտելիքներու բազմազանութեան, որոնք իրենց առանձնայատկութիւններու բերումով կը սատարեն զարգացնելու նոր մշակոյթ մը, որ կարող ըլլայ կառուցել ընկերութիւնը խթանելով արժանապատուութիւնը եւ իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ զարգացումը» յարեց ի մէջ այլոց Սրբազան Քահանայապետը, որ պատգամի աւարտին ներկաներէն խնդրեց, որ սատարեն ու ընկերանան նոր սերունդներու կազմաւորման աշխատանքին, անոնց սորվեցնելով վախ չունենալ հետազօտութեան յոգնութենէն։

«Դարաշրջանային յեղաշրջումը կարիքը ունի գիտելիքի նոր աշակերտներու եւ դուք սիրելի գիտնականներ խաղաղութեան կառուցողներու նոր սերունդին վարժապետներն էք» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով նաեւ որ «Գիտութիւնը մեծ միջոց է կառուցելու համար խաղաղութիւնը» եւ գիտնականին պարտականութիւնն է « վկայել թէ ինչպէս կարելի է նոր ընկերային կապ մը ստեղծել», յանձնառու ըլլալով «գիտնական հետազօտութիւնը դարձնել աւելի մօտիկ համայն հասարակութեան» , սկսեալ տեղականէն մինչեւ միջազգայինը, որպէսզի միասին կարելի է յաղթահարել որեւէ հակամարտութիւն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2021, 10:30