Գերմանիոյ մէջ բնական աղէտ Գերմանիոյ մէջ բնական աղէտ 

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Գերմանիոյ մէջ ջրհեղեղէն տուժած անձերուն համար

Վատիկանի Պետական քարտուղարի ստորագրութեամբ, Գերմանիոյ դաշնային հանրապետութեան նախագահին յղած Ֆրանչիսկոս Պապինն ցաւակցական հեռագիրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորապէս կը ցաւի եւ իր մօտիկութիւն կը յայտնէ Գերմանիոյ մէջ մեծ ջրհեղեղէն տուժած անձերու համար, որուն հետեւանքով ցարդ արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր ու աւերուածութիւններ։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղարի ստորագրութեամբ, Գերմանիոյ դաշնային հանրապետութեան նախագահին յղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր մտահոգութիւնն ու մօտիկութիւնը կը յայտնէ Ռենանիա – Վէսթֆալիա մարզէն ներս տեղի ունեցող բնական աղէտի առնչութեամբ ապահովուելով իր աղօթքը զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը վստահեցուց նաեւ աղէտի հետեւանքով անյայտ վիճակի մէջ գտնուող անձերու , վիրաւորներում ու տուժածներում ու բոլոր անոնց, որոնք բնական աղէտի պատճառով զրկուեցան իրենց տուներէն ու անձնական բարիքներէն։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը յայտնէ կամաւորներու եւ շտապ օգնութեան հասնող ջոկատներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2021, 09:18