Արժանթինի մէջ  պատուաստում Արժանթինի մէջ պատուաստում 

Արժանթին. Քահանայապետին աղօթքը Քովիտի հիւանդներուն համար

Նշենք թէ անցեալ 14 Յուլիսին Արժանթինի մէջ քորոնաժահրէն մահացածներուն թիւը գերազանցեց 100 հազարը ու այս մէկը մեծապէս մտահոգիչ է ի տես նաեւ «տլելդա» տարբերակի տարածումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ձեզ կ՜օրհնեմ առաջ ընթացէք». Ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերական խօսքերն են ասոնք, որով ան ուզեց իր հայրենակիցներու «Entretiempo» շարժումի անդամները խրախուսել, որպէսզի շարունակեն իրենց վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի ձեռնարկը նուիրուած Քորոնաժահրէն վարակուած հիւանդներուն։

Քահանայապետին ուղուած նամակ

Արդարեւ անցեալ 27 յուլիսին «Entretiempo» շարժումի անդամ Ռոտրիկօ Ֆերնանտէզ Մատերօ Քահանայապետին յղեց ել-նամակ մը որուն միջոցաւ անոր պատմեց շարժումին ի գործ դրած աղօթքի ձեռնարկը, որ սկզբնական շրջանին ներգրաւած է փոքր խումբ մը ապա արագօրէն տարածուած ու ընդլայնուած։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատասխանը

28 յուլիսին Ռոտրիկօ Ֆերնանտէզ ՄատերոՆ կը ստանայ իր նամակին պատասխանը. «Սիրելի եղբայր, շնորհակալութիւն գրութեանդ համար։ Եւ խորին շնորհակալութիւն վարդարանի աղօթքին համար։ Քեզի ու «Entretiempo» շարժումի բոլոր բարեկամներուդ կ՛ուղարկեմ իմ ջերմ ողջոյններս եւ իմ օրհնութիւնս։ Առաջ ընթացէք այսպէս»։

Արժանթինի մէջ Քովիտէն մահացածներու թիւը 100 հազարէ աւելի

Նշենք թէ անցեալ 14 Յուլիսին Արժանթինի մէջ քորոնաժահրէն մահացածներուն թիւը գերազանցեց 100 հազարը ու այս մէկը մեծապէս մտահոգիչ է ի տես նաեւ «տլելդա» տարբերակի տարածումին։

Քահանայապետին սիրոյ արտայայտութիւնը

Ռոտրիկօ Ֆերնանտէզ Մատերօ Արժանթինի Կաթողիկէ «ԱՅՔԱ» լրատու գործակալութեան փոխանցելով քահանայապետին հետ ունեցած նամակագրութեան լուրը հաստատած է թէ Սրբազան Պապին այս մօտեցումը «մեծ սիրոյ արտայայտութիւն է»։ «Ան մեզի յատկացուց ժամանակ որպէս հոգատարութիւն Պուէնըս Այրըսի Եկեղեցւոյ այս հատուածին» ըսած է Մատերօ։

Ամէն երեկոյ ժամը 10ին «Zoom» հարթակի միջոցաւ Վարդարանի աղօթքը

Աղօթքի ձեռնարկը սկիզբ առաւ անցեալ 3 յունիսին երբ «Entretiempo» շարժումի մաս կազմող երկու անդամներ հիւանդանոց փոխադրուեցան Քորոնա ժահրի վարակումի բերումով։ «Այդ օրէն ասդին ամէն երեկոյ ժամը 10ին «Zoom» հարթակի միջոցաւ կը միանանք` միասին աղօթելու համար վարդարանը։ Սկիզբը 100 հոգի էինք այժմ այդ թիւը գերազանցած է 250ը, որոնց շարքին չեն պակսիր նաեւ անձինք` որոնք հաւատքի կեանքէն հեռու կ՛ապրէին» նշեց ի մէջ այլոց Ռոտրիկօ Ֆերնանտէզ Մատերօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2021, 09:00