Մարեմեան աղօթքը Ճեմելլի հիւանդանոցէն Մարեմեան աղօթքը Ճեմելլի հիւանդանոցէն

Սրբազան Պապը յիշեց Հայիթին, Ծովու Կիրակին եւ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը։

«Մօտիկ եմ սիրելի Հայիթիի ժողովուրդին ու կը մաղթեմ որ դադրի բռնութեան պարոյրը եւ Երկիրը կարողանայ վերսկսիլ դէղի խաղաղութեան եւ հաշտութեան ապագայի ուղեւորութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 11 Յուլիսին Ճեմելլի հիւանդանոցէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով Ճեմելլի հիւանդանոց ժամանած ուխտաւոր հաւատացեալներուն յիշեց Հայիթին ու երկրի նախագահի սպանութիւնը հաստատելով, որ ինք կը միանայ Հայիթիի եպիսկոպոսներու կոչին վար առնելու զէնքերը եւ ընտրելու կեանքը, ընտրելու միասին ապրիլ եղբայրաբար ի շահ բոլորին եւ ի շահ Հայիթիին։

Մօտիկութիւն Հայիթիին

«Մօտիկ եմ սիրելի Հայիթիի ժողովուրդին ու կը մաղթեմ որ դադրի բռնութեան պարոյրը եւ Երկիրը կարողանայ վերսկսիլ դէպի խաղաղութեան եւ հաշտութեան ապագայի ուղեւորութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Ծովուն Կիրակին, որ նուիրուած է յատկապէս ծովայիններուն։

Խնամք տանինք ծովուն 

«Կ՛աղօթեմ բոլոր անոնց համար որոնք հոգ կը տանին ծովուն եւ ովկիանոսներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. «Խնամենք ծովուն առողջութիւնը, ծովը առանց փլասթիքի»։

Ան ապա յատուկէն ողջունելով Լեհաստանի հաւատացեալները որոնք կը մասնակցին Ռատիօ Մարիամի դէպի Չեսթեքովայի ուխտագնացութեան։

Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը

Սրբազան Պապը հուսկ յիշեց թէ այսօր կը տօնուի Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը, Եւրոպայի պաշտպան սուրբը, այս առընչութեամբ ողջունելով Պենետիկտեան միաբանութեան բոլոր անդամները եւ բարի մաղթանքներ յայտներով Եւրոպային «թող ըլլայ միացած իր հիմնարար արժէքներուն» ըսաւ Ան ու Մարեմեան այս  յատուկ աղօթքը աւարտեց հրաժեշտ առնելով ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չի  մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2021, 12:42