«Ծրագիրներ խաղաղութեան՝ ոչ թէ դժբախտութեան». Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լիբանանի Համար աղօթքի օրուան աւարտին։

«Լիբանանը փոքր ու մեծ երկիր ըլլալէ աւելի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհային պատգամ է, որ կը բարձրանայ Միջին Արեւելքէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի մէկ յուլիսին Վատիկանի մէջ կայացած Լիբանանի Քրիստոնեայ համայնքներու հովուապետերու աղօթքի եւ խորհրդածութեան միօրեայ հաւաքը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 6-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կայացած համամիութենական աղօթքով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի մէջ ապրող Լիբանանցի կղերական դասը եւ հաւատացեալները։

Քահանայապետին փափաքը այցելելու Մայրիներու երկիրը

Համամիութենական Աղօթքի արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկաներուն ուղղած պատգամով, որուն սկիզբը Ան նշեց թէ ինք իր սրտին մէջ կը կրէ Լիբանանը ու թէ իր փափաքն է այցելել Մայրիներու երկիրը, որուն համար մտահոգ է ի տես անոր ապրած ծանր տագնապին։

Ներողութիւն սխալներուն համար

Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքի մասնակցողներուն «որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին հրաւէրին եւ եղբայրական բաժնեկցութեան», ըսաւ Ան, դիտել տալով, որ իրենց աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան ընթացքին ջանացին կողմնորոշուիլ Աստուծոյ լոյսին տակ ու այդ լոյսին ներքոյ է որ ամենէն առաջ գտան «պղտորութիւններ», որոնք գործուած սխալներն են, «երբ հետեւողականութեամբ չի վկայեցինք Աւետարանը» ըսաւ Սրբազան Պապը ի սրտէ ներողութիւն հայցելով այդ սխալներուն համար։

Լիբանանի ժողովուրդը կարիքը ունի  յոյսի ե խաղաղութեան

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ լիբանանի տառապող ժողովուրդին աղաղակը նմանեցուց այն կնոջ աղաղակին որ Սիտոնի մօտ հանդիպեցաւ Յիսուսին անորմէ թախանձագին խնդրելով որ «օգնէ ինծի տէր»։

«Լիբանանի ժողովուրդը, որ յուսախաբ եւ ուժասպառ է, կարիքը ունի վստահութիւններու, յոյսի ե խաղաղութեան» ընդգծեց Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ իրենք իրենց աղօթքով ընկերացան այդ աղաղակին եւ ասկէ մեկնելով խրախուեց «Չի յուսահատիլ եւ չի յոգնիլ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին համար Երկնքէն հայցելու խաղաղութիւնը»

Չէ կարելի Լիբանանը թողուլ իր բախտին ու անբարեխիղճ մարդոց ձեռքերուն մէջ

Քահանայապետը հուսկ Լիբանանը որակելով «քաղաքակրթութեան եւ հոգեւորականութեան գանձ, որ դարերու հոլովոյթին ճառագայթեց իմաստութիւն եւ մշակոյթ, որ կը վկայէ խաղաղ համակեցութեան եզակի փորձարարութիւն» նկատել տուաւ թէ «չէ կարելի զայն լքել իր բախտին կամ ձեռքերուն մէջ անոնց որոնք անբարեխիղճ կերպով կը հետապնդեն իրենց սեփական շահեր»։

Լիբանանը Խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհային պատգամ է

«Լիբանանը փոքր ու մեծ երկիր ըլլալէ աւելի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհային պատգամ է, որ կը բարձրանայ Միջին Արեւելքէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտը դրաւ աղօթքի օրուան բնաբանին վրայ «Աստուած ունի խաղաղութեան ծրագիրներ» ։

«խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու «մենք այս դժբախտ օրերուն կ՛ուզենք բոլոր մեր ուժերով հաստատել որ Լիբանանը է ու կը մնայ խաղաղութեան ծրագիր» աւելցուց Ան։

Ովասիս եղբայրութեան

Անոր կոչումն է ըլլալ երկիր բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան, ովասիս եղբայրութեան` ուր տարբեր կրօններ եւ դաւանանքներ իրարու կը հանդիպին, ուր գոյութիւն ունին տարբեր հասարակութիւններ, որոնք  ընդհանուր բարիքը կը գերադասեն մասնակի առաւելութիւններուն վրայ։

Ծառայել խաղաղութեան

«Ասոր համար հիմնական է, որ անոնք որոնք իշխանութեան տէր են իրենք զիրենք դնեն խաղաղութեան իսկական ծառայութեան տակ եւ ոչ թէ անձնական շահերուն տակ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դատապարտելով Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի շահագործումը ի նպաստ արտաքին շահերուն»։

Արմատանալ տարեցներու խաղաղութեան երազներուն մէջ

«Հարկաւոր է լիբանանցիներուն տալ հնարաւորութիւն ըլլալու աւելի լաւ ապագայի մը դերակատարները իրենց հողերուն վրայ առանց աւելորդ միջամտութիւններու» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ճառը շարունակեց խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն որոնք դարերու ընթացքին ու յատկապէս դժուար պահերու ընթացքին յատկանշուեցան ճարպիկութեամբ եւ աշխատսիրութեամբ։

«Ձեր բարձր մայրիները, երկրի խորհրդանիշը, կ՛արտայայտեն եզակի պատմութեան ծաղկուն հարստութիւնը: Եւ կը յիշեցնեն` թէ խոշոր ճիւղերը կու գան միայն խոր արմատներէն» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով «արմատանալ տարեցներու խաղաղութեան երազներուն մէջ»։

Ոչ մէկը կը փրկուի առանձին

«Երբեք այսօրուայ նման չէինք հասկցած թէ կարելի չէ փրկուիլ առանձին եւ ասոր համար կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը.

Կոչ կ՛ուղղենք.

ձեզի քաղաքացիներուդ. Մի յուսալքուիք, մի յուսահատիք, ձեր պատմութեան մէջ վերագտէք յոյսը նորէն ծաղկելու։ 

Ձեզի քաղաքական ղեկավարներ. Որպէսզի ձեր պատասխանատուութիւններու հիման վրայ գտնէք արագ եւ կայուն լուծումներ, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ներկայի հարցերուն  համար, յիշելով` որ չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեանն։

Ձեզի սփիւռքի սիրելի լիբանանցիներ, որպէսզի ձեր երկրին ծառայութեան տակ դնէք ձեր ամենալաւ կենսամիջոցներն ու ուժերը։

Ձեզի միջազգային հասարակութեան անդամներ. Միասնական ջանքերով թող հաստատուին պայմաններ որպէսզի Երկիրը դէպի անդունդ չընթանայ, այլ վերսկսի վերականգնումի ճանապարհ մը։ Այս մէկը բարիք պիտի ըլլայ բոլորին համար։

Ապագան խաղաղ կ՛ըլլայ միայն եթէ միասնական է

«Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ. Որպէս Քրիստոնեաներ մենք կ՛ուզենք այսօր նորոգել մեր յանձնառումը միասնաբար կառուցելու ապագայ մը, որովհետեւ ապագան խաղաղ կ՛ըլլայ միայն եթէ միասնական է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «քրիստոնէական տեսութիւնը ի յայտ կու գայ Երանութիւններէն», ու թէ «մենք քրիստոնեաներս կանչուած ենք ըլլալու խաղաղութեան սերմնացաներ, եղբայրութեան արհեստաւորներ» ու պէտք չէ փախուստ տանք ներկայի պատասխանատուութենէն, ու մշակենք ապագայի վրայ յոյսի հայեացք մը»։

Միակ ուղին խաղաղութեան ուղին է

Մենք կը հաւատանք որ Աստուծոյ ցոյց տուած միակ ուղին խաղաղութեան ուղին է։ Ասոր համար կ՜ուզենք մեր իսլամ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ինչպէս նաեւ այլ կրօններու անդամներուն ապահովեցնել բացուածք եւ տրամադրութիւն համագործակցութեան կերտելու համար եղբայրութիւնը եւ խթանելու խաղաղութիւնը։

Խաղաղութիւնը արդարեւ կարիքը չունի յաղթողներու եւ պարտուողներու, այլ եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք հակառակ անհասկացողութիւններուն ու անցեալի վէրքերուն, կը քալեն հակամարտութենէն դէպի միութիւն։

Գիշերային սեւ վարագոյրէն անդին մեզ կը սպասէ լուսաբացը

Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ. Այսօր մերը դարձուցինք Ժպրան Խալիլ Ժպրան բանաստեղծին յոյսով լի խօսքերը. «Գիշերային սեւ վարագոյրէն անդին մեզ կը սպասէ լուսաբացը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով պատանիներուն որոնք արարողութեան ընթացքին հովուապետերուն յանձնեցին վարուած լապտերները ու հաստատելով թէ ճիշդ իրենք երիտասարդներն են այդ լապտերները, որոնք կը վարին խաւար այս պահու ընթացքին։

Երիտասարդներէն է որ կ՛անցնի երկրին վերածնունդը

Սրբազան Պապը հրաւիրեց առ այդ մեծ ուշադրութիւն յատկացնել նոր սերունդին, նկատի առնելով անոնց երազները եւ յոյսի ձգտումները «որովհետեւ անոնցմէ է որ կ՛անցնի երկրին վերածնունդը»։ Ան ապա մատնանշեց նաեւ կիներուն ու անոնց կարեւոր դերակատարութեան մտաբերելով Հարիսայի Տիրամայրը բոլորին Մայրը, որ իր հայեացքով եւ բազկատարած բազուկներով կ՛ողջագուրէ բոլորին յոյսերը։

Թող Լիբանանը վերսկսի ճառագայթել խաղաղութեան լոյսը։

Մեկնելով բանաստեղծին խօսքերը Սրբազան Պապը նշեց, թէ «պէտք է ընդունինք որ արշալոյսին հասնելու համար ուրիշ ճանապարհ չկայ եթէ ոչ գիշերը։ Եւ այս տագնապի գիշերուան մէջ պէտք է որ միացած մնանք ապա հրաւիրեց «որեւէ ջանք եւ յանձնառում յանձնել Յիսուսին` Խաղաղութեան Իշխանին, որպէսզի Նարեկացիին խօսքերով «սպառի հակամարտութիւններու աղջամուղջը եւ ծագի յոյսի արշալոյս մը»։

Թող դադրին թշնամութիւնները ու մար մտնեն տարաձայնութիւնները և Լիբանանը վերսկսի ճառագայթել խաղաղութեան լոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2021, 18:58