Քահանայապետը մի քանի օր եւս կը մնայ հիւանդանոցին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ յետ վիրահատման խնամքը ու երէկ իր համագործակիցներուն հետ կիսեց Արժանթինի եւ Իտալիոյ մարզական յաղթանակներու ուրախութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը հանդարտ օր մը անցուց ու շարունակեց յետվիրահատման գործողութեան խնամքի ընթացքը։ Կատարելագործելու համար վերականգնումի եւ բժշկական խնամքի ընթացքը Սրբազան Քահանայապետը մի քանի օր եւս պիտի մնայ հիւանդանոցին մէջ»։ Այս կը յայտարարէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունին, երկուշաբթի 12 յուլիսին հրապարակած տեղեկագիրին մէջ։

«Երէկ Մարեմեան աղօթքէն առաջ Քահանայապետը ուզեց հանդիպիլ Ուռուցքաբանութեան բաժանմունքի մէջ խնամք ստացող հիւանդներու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, որոնք ապա իրեն ընկերացան տասներորդ յարկի պատշգամ, որտեղէն տեղի ունեցաւ Մարեմեան Աղօթքը» գրուած է Մաթթէօ Պրունիի հրապարակած տեղեկագիրին մէջ ուր կը նշուի նաեւ թէ աղօթքէն ետք Սրբազան Պապը ողջունեց իր յարկին վրայ խնամուած հիւանդներ ու զրուցեց բժշկական անձնակազմին հետ։

«Կէսօրէն ետք Սրբազան Քահանայապետը պատարագը մատուցեց Հիւանդանոցի մասնաւոր մատրան մէջ իրեն հոգ տանող անձնակազմի անդամներու մասնակցութեամբ» նշուած է միշտ վերոյիշեալ տեղեկագիրին մէջ ուր ապա Մաթթէօ Պրունին կը յայտնէ թէ «Սրբազան Պապը, կիսելով Արժանթինի հաւաքականի եւ Իտալիոյ հաւաքականի յաղթանակներու ուրախութիւնը յատուկէն անդրադարձաւ մարզանքի ու անոր արժէքներու իմաստի մասին ու այն մարզական կարողութեան մասին որ կարող է ընդունիլ որեւէ արդիւնք` նոյնիսկ պարտութիւնը. «Միայն այսպէս է որ կեանքի դժուարութիւններու դիմաց կարելի է միշտ մենք մեզ դնել խաղի մէջ, պայքարելով առանց յանձնուելու, յոյսով եւ վստահութեամբ» ըսած է Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2021, 12:00