Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ յատուկ աղօթքով մեկնարկեց Լիբանանի համար խորհրդածութեան եւ աղօթքի օրը։

Արտասանուեցաւ արաբերէն լեզուով Հայր մեր աղօթքը, որմէ ետք բոլոր ներկաները ամփոփուեցան լռելեան աղօթքի մէջ ամէն մին իր աւանդութեան համաձայն եւ սրտին խորքէն հայցելու համար Աստուածային հովանին այսօրուան այս կարեւոր հաւաքի յաջողութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի մէկ յուլիս 2021-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Քահանայապետին եւ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու հովուապետերուն կատարած «Հայր Մեր»-ի աղօթքով մեկնարկեց Լիբանանին նուիրուած համամիութենական աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրը։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափորով, որ մեկնեցաւ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին բնակարանէն։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափօրով
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափօրով

Եկեղեցական բարձրաստիճան առաջնորդները միասնաբար քալեցին դէպի Սուրբ Պետրոսի տաճար ուր համախմբուեցան առաքեալի դամբանին շուրջ որուն Յիսուս յանձնեց Երկնքի բանալիները։ Արտասանուեցաւ արաբերէն լեզուով Հայր մեր աղօթքը, որմէ ետք բոլոր ներկաները ամփոփուեցան լռելեան աղօթքի մէջ ամէն մին իր աւանդութեան համաձայն եւ սրտին խորքէն հայցելու համար Աստուածային հովանին այսօրուան այս կարեւոր հաւաքի յաջողութեան համար։

Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ
Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ

Ամփոփումէն ետք Քահանայապետը առաջինը եղաւ որ իջաւ մինչեւ Սուրբ Պետրոսի դամբանը, որ զետեղուած է Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական խորանին տակ։ Անոր հետեւեցան ապա Լիբանանի քրիստոնեայ հասարակութիւններու համայնքապետերը, որոնք առաքելապետի դամբանին առջեւ, Քահանայապետէն ետք իւրաքանչիւրը վարեց ու զետեղեց մոմ մը, Սուրբ Պետրոսի բարեխօսութեան յանձնելով Լիբանանին նուիրուած այս յատուկ օրը։

Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին մօտ
Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին մօտ

Սուրբ Պետրոսի գետնադամբանին մօտ աղօթքի հակիրճ այլ ամփոփումէ մը ետք վերջ գտաւ խորհրդաւոր, հոգեպարար բայց իմաստալից արարողութիւնը ու բոլորը միասին ուղղուեցան Վատիկանի Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճ ուր նախատեսուած են այսօրուան դռնփակ խորհրդակցական նիստերը զոր գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցութեամբն` Վատիկանի կողմէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին, Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին նախագահ Կարդինալ Քիւրդ Քոխին, Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փօլ Կալլակէրին ու Լիբանանի մէջ Պապակն Նուիրակ գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիին իսկ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներն էին Մարոնիդ Համայնքի Պատրիարքը` Կարդինալ Պշարա Պութորս Ռայի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա վեհափառը, Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարքը` Իգնատիոս Եուսէֆ Եունան, Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքը` գերերջանիկ Եուհաննա Ժ Եազիժի, Մելքիդ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Եուսսէֆ Ապսի, Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրեմը, Քաղդէացի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը` գերապայծառ Միշել Քասսարժ, Լատիններու Առաքելական Փոխանորդը` գերապայծառ Սեզար Եսսայեանը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ Աւետարանական հասարակութեան բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչը Վերապատուելի Ժոզէֆ Քասսապհասը։

Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ժողով
Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ժողով

Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի առաջարկին` վեհափառը պիտի խօսի Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական-քաղաքական կացութեան եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւններուն մասին, իսկ Ռայի պատրիարքը պիտի խօսի եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան մասին:

Նշենք թէ ըստ տեղեկութիւններուն յիշեալ ժողովի նախաձեռնութեան մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւոր դեր ունեցած է` շուրջ երկու ամիս առաջ Պապին ուղղած իր նամակին ճամբով: Յայտնենք նաեւ թէ Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2021, 09:00