Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «մարդկային անձի մշակութային եւ համապարփակ զարգացումը դռները կը բանայ դէպի ապագայ։»

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական նամակը Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համասպրանի տնօրէնին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի Ճեմելի հիւանդանոցէն Վատիկան վերադարձին Ֆրանչիսկսոս Պապ շնորհաւորական նամակ մը յղեց Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համասպրանի տնօրէն տիար Ֆրանքօ Անելիին ։ Նամակին մէջ սրբազան Հայրը նշեց, որ Ճեմելի հիւանդանոցին մէջ առողջապահական գործողութեան ընթացքը զուգադիպեցաւ Սուրբ Սիրտ Կաթողի համալսարանի հիմնադրութեան առաջին տարեդարձին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի նախագահին հիւանդանոցին մէջ ստացած սիրալիր միջավայրին եւ բժիշկներու ու հիւանդապահներու բարձր արհեստավարժական որակին համար։

«Խնամքը սիրտի արտայայտութիւն է։ Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համալսարանը իր անուան մէջ կը կրէ մարդկային անձի հոգածութիւնը։ Մարդկայի անձին մշակութային եւ համապարփակ զարգացումի դռները դէպի ապագայ կը բանան։ Քրիստոսի տառապող մարմինը հիւանդներու մէջ կը պահանջէ ներկայ եւ ուշադիր հայեցաք որ կարող է յոյս սփռել դժուար կացութիւններու ներքեւ։ գրած է նամակի մէջ Սրբազան Հայը աւեցնելով որ շնորհակալ է Սիրտ Յիսուսի համասպրանի բոլոր ընտանիքին ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2021, 11:28