Կարդինալ Հոլլերիք Կարդինալ Հոլլերիք 

Կարդինալ Հոլլէրիք նշանակուեցաւ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող։

Յառաջիկայ եպիսկոպոսական ընդհանուր սիւնհոդոսի նիւթն է. «Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն ե առաքելութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լուսսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս Կարդinալ Ժան Քլոտ Հոlլերիքը նշանակեց «Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն ե առաքելութիւն» բնաբանով յառաջիկայ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող։ Ան պիտի մասնակցի Սիւնհոդոսի նախապատրաստութիւնը հոգացող Սիւնհոդոսի Սովորական Խորհուրդի հաւաքներուն։

Կարդինալ Հոլlերիք ծնած է Լուսսեմպուրկի մէջ 9 օգոստոս 1958ին եւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցած է 1981ին, մինչ 1990 ստացած է քահանայական ձեռնադրութիւնը։ 12 յուլիս 2011 ին Պենետիկտոս ԺԶ զինք անուանեց Լուսսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս եւ նոյն տարուայ հոկտեմբերի վեցին ձեռնադրուեցաւ Եպիսկոպոս։

2018ին կը կուչի նախագահելու Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբը եւ 2019ի սեպտեմբեր մէկի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը յայտարարէ անոր Կարդինալի տիտղոսի շնորհման լուրը, որ տեղի կ՛ունենայ նոյն տարուայ հոկտեմբերի հինգին դառնալով Լուսսեմպուրկեան ծագումով պատմութեան մէջ առաջին կարդինալը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2021, 12:30