Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Լամփետուզա կղզի Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Լամփետուզա կղզի 

Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան առաջին ճամբորդութեան տարեդարձը` Լամփետուզա կղզի։

«Աստուծմէ հայցենք որ ջնջէ անտարբերութիւնը մեր սրտերէն, Աստուծմէ հայցենք շնորհքը լալու մեր անտարբերութեան վրայ» ըսաւ ապա ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը որ քարոզի աւարտին աղօթք մը բարձրացնելով ամենագութ Տիրոջ ըսաւ. «Տէր, այս ծիսակատարութեամբ, որ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւն է, ներում կը խնդրենք մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն անոնց մեր ցուցաբերած անտարբերութեան համար։ Ամէն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2013-ի յուլիսի 8-ին ֆրանչիսկոս Պապ, իր Քահանայապետ ընտրութենէն մի քանի ամիսներ ետք իր առաջին հովուական այցելութիւնը յատկացուց Իտալիոյ հարաւային շրջանը գտնուող փախստականներու եւ գաղթականներու Կեդրոնատեղի Լամփետուզա կղզիին։

Լամփետուզայի Կղզին

Լամփետուզայի կղզին կը գտնուի Իտալիոյ հարաւային շրջանը եւ ունի 20 քմ քառակուսի տարածք եւ 6304 բնակիչ։ Ան որպէս եկեղեցական հողամաս մաս կը կազմէ Ակրիճէնթոյի Թեմին։

Աշխարհագրական իր դիրքին պատճառաւ միջերկրականի այս կղզին, վերջին տարիներուն, հազարաւոր ափրիկեցիներու եւ այլ երկիրներէն փախստականներու նպատակակէտ դարձած է, մինչ կղզիին ծովու ջուրերը դարձած են, դժբախտաբար, ողբերգութեան վայր մը, հազարաւոր զոհեր խլելով գաղթականներ փոխադրող նաւերու նաւաբեկութեան հետեւանքով։

Նորին Սրբութիւնը, խորապէս ազդուած խեղդամահ եղած գաղթականներու ու փախստականներու լուրերէն, որոշած էր այդ այցելութիւնը կատարել աղօթելու համար տեղահանութեան զոհերուն դիտաւորութեան, այցելելու գաղթականներու կեդրոնները, խրախուսելու Լամփէտուզա կղզիի բնակիչները եւ ամէնուն ուղղելու պատասխանատուութեան կոչ մը` օգնութեան հասնելու համար ''այդ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն''։

Ներգաղթ, փախստականութիւն ու մարդավաճառութիւն

Ներգաղթի, փախստականութեան ու մարդավաճառութեան հարցերը եղած են ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութիւններուն առանցքը։ Ան իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք Սուրբ Զատկուայ պատգամին մէջ մարդավաճառութիւնը որակած էր որպէս ''20րդ դարու ամէնէն տարածուած ստրկութիւնը''։ Ան յաճախ դատապարտած է ''ստրկացնող աշխատանքը'' մեղադրելով աշխարհի մէջ միլիոնաւոր անհատներու արժանապատուութեան ''ոտնահարումը'', աշխարհի մը մէջ ուր աւաղ շատ անգամ - ըսած էր Քահանայապետը - ''դրամն է որ կը գերիշխէ''։

Իսկ 24 մայիս 2013-ին թափառաշրջիկներու եւ փախստականներու Հովութեան Քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը ըսած էր ''մի մոռնաք որ Քրիստոսի մարմինը կը գտնուի ապաստանեալներու մարմինին մէջ, անոնց մարմինը Քրիստոսի Մարմինն է»։

Մօտիկութիւն ու կոչ գաղթականութեան հարցերը լուծելու համար

Սրբազան Պապը Իր այս հովուական այցելութեամբ ուզեց իր ու եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը յայտնել բոլոր տառատպեալներուն։ Եկեղեցի մը` որ իրմէ դուրս կ՛ելլէ երթալու համար կարօտեալին օգնութեան։ Ան ապա միեւնոյն ատեն ուզեց հաւաքական պատասխանատուութեան կոչ մը ուղղել որպէսզի այս ողբերգական իրողութեան համար լուծումներ գտնուին։

''Կայէն ու՞ր է եղբայրդ''. Քահանայապետին քարոզը

Լամփետուզա կղզիին այցելութեան ծիրէն ներս առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով ծովուն մէջ խեղդամահ եղած գաղթականներուն, յայտնեց թէ «այդ լաստանաւերը փոխանակ ըլլալու յոյսի եւ փրկութեան` դարձան դժբախտաբար մահառիթ»։

Ան ապա նշեց թէ ինչպէս մի քանի շաբաթներ առաջ իմացած էր նաւաբեկութեան ցաւալի լուրը ու որոշած էր հոն երթալ աղօթելու, իր մօտիկութիւնը յայտնելու եւ «յատկապէս արթնցնելու խիղճերը, որպէսզի այն ինչ որ պատահեցաւ նորէն չկրկնուի»։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր քարոզը կեդրոնացուց ս. գրային ընթերցումներուն վրայ ու մասնաւորապէս ''Ադամ ու՞ր ես'' հարցումին վրայ որ, ըսաւ Ան «եղաւ Աստուծոյ առաջին հարցումը ուղղուած մարդուն, անոր մեղանչելէն ետք»։

Մարդը իր դիրքն ու տեղը կորսնցուց արարչագործութեան մէջ

''Ու՞ր ես''։ Մարդը իր դիրքն ու տեղը կորսնցուց արարչագործութեան մէջ, որովհետեւ կը կարծէր դարձած է հզօր, տէր ամէն բանի։ Ներդաշնակութիւնը խզուած է, մարդը սխալած է եւ այդ իրողութիւնը կը կրկնուի մարդկային յարաբերութիւններու միջեւ։ Եղբայրը կը դառնայ թշնամի, կը խանգարէ կեանքս, բարօրութիւնս։

Աստուած, երկրորդ հարցում մը կ'ուղղէ. ''Կայէն ու՞ր է եղբայրդ'' ։ Մարդու երազանքը դառնալու հզօր, Աստուծոյ նման մեծ, կ'առաջնորդէ զայն շարք մը սխալներու, որոնք կը դառնան շղթայ մը մահուան։

Աստուծոյ այս երկու հարցումները այսօր եւս զօրաւոր կերպով կ'արձագանգեն։

Ու՞ր է եղբայրդ - անոր արեան ճիչը ինծի հասաւ

Այսօր շատերը ուղեկորոյս են։ Ուշադիր չենք աշխարհին, ոչ իսկ ի վիճակի ենք խնամելու եւ պաշտպանելու արարչագործութիւնը, որ Աստուած ստեղծեց բոլորիս համար։ Ոչ իսկ կարող ենք պաշտպանել մէկը միւսը եւ երբ մոլորումը համաշխարհային ծաւալ կ'ունենայ կը հասնինք ողբերգութեան։

«Ու՞ր է եղբայրդ - անոր արեան ճիչը ինծի հասաւ», կ'ըսէ Տէրը։ Այս հարցումը ուրիշին ուղղուած չէ այլ ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս։

Խեղդամահ եղած մեր եղբայրներն ու քոյրերը կ'աշխատէին դուրս գալ դժուար կացութենէ մը, կը փնտռէին քիչ մը անդորրութիւն, խաղաղութիւն, լաւագոյն տեղ մը` իրենց ու իրենց պարագաներուն համար, սակայն անոնք գտան մահը։

Փախստականները անդորրութեան փոխարէն կը գտնեն անհասկացողութիւն, մերժում, անոնց ճիչը կը բարձրանայ դէպի Աստուած։

Կորսնցուցինք եղբայրական պատասխանատուութեան իմաստը

''Ու՞ր է եղբայրդ - ո՞վ է պատասխանատու այդ արեան։ Ոչ ոք եւ ամէնքս։ Սակայն Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը հարցնէ. ''Ու՞ր է եղբայրդ, անոր արեան ճիչը ինծի հասաւ''։ Այսօր ոչ ոք կը զգայ պատասխանատուութիւնը այդ ողբերգութեան, որովհետեւ կորսնցուցինք եղբայրական պատասխանատուութեան իմաստը։

«Բարօրութեան մշակոյթը մեզ անտարբեր ու անհոգ կը դարձնէ ուրիշին ցաւին դիմաց», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը «Անտարբերութեան համաշխարհականացում» նկատելով այս մէկը որ, աւելցուց Ան, «մեզ կը դարձնէ առանց անունի ու առանց դիմագիծի պատասխանատուներ»։

''Ադամ ու՞ր ես''։ ''Ու՞ր է եղբայրդ''։ Երկու հարցումներ են ասոնք որ Աստուած արարչագործութեան սկիզբը կ'ուղղէ մարդուն եւ այսօր մեզի կ'ուղղէ։

Անտարբերութեան համաշխարհայնացումը

Իմ կարգիս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կ'ուզեմ երրորդ հարցում մը ուղղել. ''Մեզմէ ո՞ր մէկը լացաւ այս ողբերգութեան համար` այդ անհատներու համար որ եկած էին մարդավայել կեանք մը փնտռելու''։ Ընկերութիւն մըն ենք որ կորսնցուց փորձառութիւնը լացի եւ վշտակցութեան, համաշխարհայնացումը անտարբերութեան։

«Աստուծմէ հայցենք որ ջնջէ անտարբերութիւնը մեր սրտերէն, Աստուծմէ հայցենք շնորհքը լալու մեր անտարբերութեան վրայ» ըսաւ ապա ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը որ քարոզի աւարտին աղօթք մը բարձրացնելով ամենագութ Տիրոջ ըսաւ. «Տէր, այս ծիսակատարութեամբ, որ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւն է, ներում կը խնդրենք մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն անոնց մեր ցուցաբերած անտարբերութեան համար։ Ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2021, 09:37