Ֆրանչիսկոս Պապ. Անհրաժեշտ են որոշումներ որոնք սնունդի վերածեն զէնքերը

Սլովաքիայի մէջ այսօր ընթացք առած «GLOBSEC Bratislava Forum» -ին ուղղած մէկ լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Պապը հայեացքը կ՛ուղղէ յետ համաճարակի աշխարհի կառուցումին։ Ան հրաւէր կ՛ուղղէ անցեալի յստակ վերլուծութիւն կատարելու, ստուգելու համար այն պատասխանատուութիւնները որոնք մեզ հասցուցին առողջապահական ճգնաժամին։ Սրբազան Պապը հուսկ կը յորդորէ դէպի յառաջ քայլեր կատարել միասնական եւ յոյսի տեսլականով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տեսնել, դատել եւ գործել» երեք ճանապարհներ են զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ցոյց կու տայ որպէսզի աշխարհը աւելի լաւացած դուրս գայ համաճարակին պատճառած տագնապէն։ Նորին Սրբութիւնը այս մէկը կ՛առաջարկէ «GLOBSEC Bratislava Forum»ին ուղղած լսատեսողական պատգամին մէջ, որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր Սլովաքիայի մէջ ու կը տեւէ մինչեւ 17 յունիսին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հարիւրաւոր քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը եւ Եւրոպայի յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն Տէր Լայենը։ Բոլորին ալ հրաւիրուած են միասին խորհրդածելու «Աշխարհը աւելի լաւ կառուցենք» բնաբանի մասին։

Ընդունիլ անցեալի սխալները եւ ուղղել զանոնք

«Առաջին քայլը զոր պէտք է կատարել անցեալը դիտելն ու վերլուծելն է, ընդունելով գործուած սխալները ու ասկէ մեկնելով զարգացնել վերակառուցման գաղափար մը որ վերակերտէ եւ ուղղէ այն բաները որոնք Քորոնավիրուսէն առաջ լաւ չէին գործեր եւ որոնք պատճառ դարձան տագնապի սրացումին» դիտել կու տայ Սրբազան Պապը։

Անհաւասարութիւն եւ եսասիրութիւն

«Կը տեսնեմ աշխարհ մը որ ինքզինք խաբեց անվտանգութեան գաղափարի մը պատրանքով հիմնուած շահոյթի անօթութեան վրայ» կը նշէ Սրբազան Պապը ու կ՛աւելցնէ. Կը տեսնեմ տնտեսական եւ ընկերային կեանքի մը տիպարը որ բնորոշուած է բազմաթիւ անհաւասարութիւններով եւ եսասիրութեամբ ուր համաշխարհային բնակչութեան փոքրամասնութիւն մը տիրացած է բարիքներու մեծամասնութեան վրայ եւ որ շատ անգամ չի զլանար շահագործելէ մարդիկն ու կենսամիջոցները»։

Բնապահպանական պարտք

«Կը տեսնեմ կեանքի ապրելակերպ մը որ բաւականաչափ հոգ չի տանիր բնութեան» կը հաստատէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը խօսելով այն սովորութիւններու մասին, որոնք կը կործանեն այն բաները որոնք կը պատկանին բոլորին այդ մէկը նկատելով բնապահպանական պարտք մը, որ կը դիզէ յատկապէս աղքատներու եւ ապագայ սերունդներու վրայ։

Ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին

«Տագնապի մը ընթացքին չկայ միջակ ճանապարհ» կը շեշտէ հուսկ Սրբազան Պապը դարձեալ ընդգծելով որ տագնապէ մը դուրս կարելի գալ կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ ոչ երբեք առաջուան նման։

«Դատելով այն ինչ որ տեսանք եւ ապրեցանք մեզ կը խրախուսէ դառնալու աւելի կատարեալ եւ դէպի յառաջ քայլեր կատարելու» դիտել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ տագնապը զոր մեզ հարուածեց մեզի կը յիշեցնէ թէ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին ու այս տագնապը մեզի կը բանայ ապագայի մը ուր պէտք է Ճանչնալ իսկական հաւասարութիւնը բոլոր մարդոց միջեւ եւ անհատներու ու ժողովուրդներու հնարաւորութիւն տրուի զարգացումի իսկական եւ հաւասար կարելիութիւններու։

Մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը

Քահանայապետը այս ուղղութեամբ կը շեշտէ մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը ու կ՛առաջարկէ միասնական եւ յոյսի տեսութիւն մը, որ պէտք է մեկնի դարձի գործողութենէ որ յատկապէս նախատեսէ որոշումներ, որոնք մահը կեանքի կը վերածեն ու զէնքերը սնունդի։

Զարգացումի տիպար մը, հիմնուած ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան ու արարչութեան հետ ներդաշնակութեան վրայ։

«Բոլորս ալ կարիքը ունինք բնապահպանական դարձի մը, որ արարչութիւնը նկատէ որպէս հասարակաց տուն մը, զոր պէտք է պահպանենք» կը թելադրէ Քահանայապետը, որ պատգամը կ՛աւարտէ մաղթելով, որ այս օրերուն բանավէճը սատարէ ստեղծելու համար «վերականգնումի համակարգ մը, որ կարող ըլլայ խթանել ներառական ու կայուն լուծումներ։ Զարգացումի տիպար մը, որ հիմնուած ըլլայ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան վրայ ու արարչութեան հետ ներդաշնակութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2021, 12:45