Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք 

Ֆրանչիսկոս Պապ Գերապայծառ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք անուանեց կղերի ժողովին նոր կառավարիչ։

69 ամեայ նոր կառավարիչը ֆրանչիսկոս Պապը մօտէն կը ճանչնայ 2014 ին, Քորիէա կատարած առաքելական այցելութեան առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Կղերի ժողովի նոր կառավարիչ անուանեց Տէժոնի թեմի եպիսկոպոս,Գերապայծառ Լազարօ Եու Հէունկ Սիքը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով տարիքի բերումով կարդինալ Պէնիամինօ Սթելլային հրաժարականը, կղերի ժողովին կառավարիչ նշանակեց Քորէային Տէժոն թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք։

69 ամեայ նոր կառավարիչը ֆրանչիսկոս Պապը մօտէն ճանչցած , 2014 ին Քորիէա կատարած առաքելական այցելութեան առիթով։

Գերապայծառ Լազարօ ծնած է 1951ին, քահանայ ձեռնադրուած է Տէժոնի թեմի համար եւ 2005 թուականին դարձած է թեմին եպիսկոպոսը։

Կղերի ժողովի նորանշանակ կառավարիչը եղած է Քորէիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խաղաղութեան կողմիտէի նախագահը, ան չորս անգամ այցելած է Հիւսիային Քորէան։

Նորին Սրբութիւն պատուիրեց նաեւ, որ Կարդինալ Պէնիամինօ Սթելան, ժողովին կղերի կառավարիչը շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ կղերի ժողովին նոր կառավարիչին պաշտօնի ստանձնումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2021, 13:19