«Յիսուս ամէն մէկ աղօթքի տիպարն ու հոգին է» Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի մասին խորհրդածութիւնը։

Յիսուս կ՛աղօթէ նաեւ մեզի համար, մեր տեղ ու մեր օգուտին համար։ Բոլոր մեր խնդրանքները մէկ ընդմիշտ հաւաքուեցան անոր խաչին վրայ Աղաղակին մէջ եւ լսելի դարձան Հօրմէն անոր Յարութեան մէջ. Եւ ասոր համար է՝ որ Ան երբեք չի դադրիր բարեխօսելէ մեզի համար իր Հօրը մօտ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 Յունիս 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատի Սան Տամազօ ներքնափակին մէջ հաւատացեալներու ներկայութեամբ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները կեդրոնացաւ Յիսուսի աղօթքի տիպարին վրայ։

Աղօթքը հիմնական է Յիսուսին եւ աշակերտներուն միջեւ կապին

«Աւետարանները մեզի ցոյց կու տան թէ որքանով աղօթքը հիմնական եղաւ Յիսուսին իր աշակերտներուն հետ ունեցած փոխյարաբերութեան մէջ եւ այս ի յայտ կու գայ առաքեալներ դարձողներուն ընտրութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Ղուկաս աւետարանիչին, որ այդ առաքեալներու ընտրութիւնը կը սահմանէ աղօթքի յստակ շրջագիծէն ներս. «Այդ օրերուն Յիսուս գիշերն ամբողջ անցուց Աստուծոյ աղօթելով։ Յաջորդ առաւօտ կանչեց իր աշակերտները եւ անոնցմէ ընտրեց տասներկու հոգի զորս առաքեալներ կոչեց» (Ղուկաս 6, 12 – 13)։

Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը

«Անոնց ընտրութիւնը ուրիշ չափանիշ չունի եթէ ոչ աղօթքը, Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը»։ Յիսուսին կեանքին մէջ յաճախակի կերպով ի յայտ կու գայ անոր աղօթքը իր բարեկամներուն համար։ Առաքեալները շատ անգամ կը դառնան մտահոգութեան առարկայ բայց Յիսուս, այնպէս ինչպէս զիրենք ընդունեցաւ Հօրմէն, զանոնք կը կռէ իր սրտին մէջ, իրենց բոլոր սխալներով, իրենց բոլոր անկումներով։ Յիսուս անոնց համար միշտ եղաւ վարդապետ ու բարեկամ, միշտ տրամադիր համբերութեամբ սպասելու աշակերտին դարձին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յիսուսի սէրը երբեք չի դադրիր

Վերջին ընթրիքի պահուն Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ. «Սիմոն ահաւասիկ սատանան ուզեց ձեզ մաղել ցորենի պէս։ Սակայն ես աղօթեցի քեզի համար, որպէսզի քու հաւատքդ չի պակսի։ Եւ դուն երբ դառնաս, պիտի հաստատես քու եղբայրներդ» (Ղուկաս 22, 31 – 32)։

«Տպաւորիչ է իմանալ թէ ինչպէս անկումի ժամանակ Յիսուսի սէրը չի դադրիր, ընդհակառակը ան աւելի թախանձագին կը դառնայ ու մենք ենք այդ աղօթքին կեդրոնը» դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ  «Յիսուսին առաքելութեան շրջադարձային մեծ պահերը կանխուած են միշտ խորունկ ու երկարատեւ աղօթքէ»։

Աղօթքը  լոյսի եւ ուժի մաիկ աղբիւր

«Հաւատքի այս ստուգումը կարծես նպատակ թուի սակայն ան նորոգուած ելակէտ է աշակերտներուն համար, ուր Յիսուսին առաքելութիւնը կը յառաջանայ ու Ան անոնց բացայայտօրէն կը յայտնէ ու կը խօսի իր չարչարանքներու, մահուան ու Յարութեան մասին։ Այս հեռանկարին մէջ աղօթքը կը մնայ միակ լոյսի եւ ուժի աղբիւրը։ Արդարեւ ամէն անգամ, որ ուղեւորութիւնը կը գտնուի զառիվերի դիմաց հարկ է դիմել թախանձագին աղօթքին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ակնարկեց  Պայծառակերպութեան դրուագին երբ Յիսուս իր հետն առնելով Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ Յակոբը լեռ բարձրացաւ աղօթելու համար։ «Եւ երբ կ՛աղօթէր անոր դէմքը այլակերպեցաւ, հագուստները շողափայլ սպիտակութիւն մը առին։ Եւ ահա երկու մարդիկ, Մովսէս եւ Եղիա յայտնուեցան փառքի մէջ եւ կը խօսէին Յիսուսին հետ իր մեկնումի մասին. Որ պիտի կատարուէր Երուսաղէմի մէջ» (Ղուկաս 9, 28-31)։

«Ասիկա իմ Որդիս է, իմ ընտրեալս, Անոր մտիկ ըրէք»

Յիսուսի փառքի կանխուած յայտնութիւնը ուրեմն տեղի ունեցաւ աղօթքի մէջ, մինչ Որդին մխրճուած էր Հօր հետ հաղորդութեան մէջ եւ լիովին համաձայն էր Անոր սիրոյ կամքին հետ, Անոր փրկութեան ծրագրին հետ։ Եւ այդ աղօթքէն յստակ խօսք մը դուրս կու գայ երեք աշակերտներուն համար. «Ասիկա իմ Որդիս է, իմ ընտրեալս, Անոր մտիկ ըրէք» (Ղուկաս 9, 35)։

Աւետարանի այս արագ ուղեւորութեան ընդմէջէն կը սորվինք թէ Յիսուս ոչ միայն կ՛ուզէ որ մենք աղօթենք այնպէս ինչպէս ինքը կ՛աղօթէ, այլ մեզի կը վստահեցնէ թէ նոյնիսկ երբ մեր աղօթելու փորձերը ըլլան ամենեւին ապարդիւն եւ անարդիւնաւէտ, մենք կարող ենք վստահիլ Անոր աղօթքին վրայ։ 

Յիսուս կ՛աղօթէ մեզի համար, այս պահուն եւս, մշտական կերպով

«Մենք պէտք է գիտակից ըլլանք, որ Յիսուս կ՛աղօթէ մեզի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Յիսուս կ՛աղօթէ մեզի համար, այս պահուն եւս։ Երբ դժուարութեան մը առջեւ ենք Յիսուս մեզի համար կ՛աղօթէ։ Ինքն է որ մեզի ըսաւ այս մէկը։ Չի մոռնանք թէ մեր իւրաքանչիւրիս կեանքի թիկունք կանգնողը Յիսուսին աղօթքն է մեզի համար, մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, անունով մականունով, Հօր առջեւ, որուն Ան ցոյց կու տայ վէրքերը, որոնք մեր փրկութեան փրկագինն են։

Նոյնիսկ եթէ մեր աղօթքները ըլլան միայն կմկմանք, նոյնիսկ եթէ անոնք ենթարկուած ըլլան փոխզիջումի, տարուբերուած հաւատքի մը պատճառաւ, երբեք պէտք չէ դադրինք վստահելու Անոր, մենք չենք գիտեր աղօթել բայց Ան կ՛աղօթէ մեզի համար։ Վայելելով Յիսուսի աղօթքին թիկունքը, մեր տատամսոտ աղօթքները կը հենուն արծիւի թեւերուն վրայ եւ կը բարձրանան մինչեւ Երկինք։  Մի մոռնաք, շեշտեց Սրբազան Պապը, Յիսուս կ՛աղօթէ մեզի համար։ Այժմ։ Փորձութեան պահուն, մեղքի պահուն, նոյնիսկ մեղքին մէջ Յիսուս մեծ սիրով կ՛աղօթէ մեզի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2021, 09:49