preghiera-Libano.jpg

Լիբանանը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Սուրբ Աթոռին մօտ։ Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուայ ներկայացում։

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի զեկոյցին մէջ յատուկէն անդրադարձաւ մէկ յուլիսին նախատեսուած օրակարգի մասին, նշելով, որ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու հովուապետերը Քահանայապետին հետ միասին պիտի խորհրդածեն եւ աղօթեն «իրենց հետ բերելով ոչ միայն իրենց զիրենք այլ նաեւ ժողովուրդի մը աղաղակը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 Յունիս 2021-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնական սրահին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ յառաջիկայ մէկ յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ նախատեսուած Լիբանանի նուիրուած Աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Հովուապետերը։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փօլ Կալլակէր, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի եւ Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետկան խորհուրդի քարտուղարը գերապայծառ Պրայան Ֆարրել։

Սուրբ Աթոռը մտահոգ է Լիբանանի  քրիստոնեաներուն ապագայի ուղղութեամբ

Այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Գերապայծառ Փօլ Կալլակէր անդրադարձ կատարեց Լիբանանի իրավիճակին ու այնտեղ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ճգնաժամի մասին, հաստատելով որ Սուրբ Աթոռը մտահոգ է այդ ուղղութեամբ ու յատկապէս մտահոգ է քրիստոնեայ հասարակութիւններու ապագայով։

«Սուրբ Աթոռին համար Լիբանանը կարեւոր տեղ կը գրաւէ» ըսաւ ի մէջ այլոց գերապայծառ Կալլակէր մատնանշելով նաեւ թէ վերջին ամիսներուն Վատիկանի մէջ կայացած այլ Պետութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին Լիբանանը ու Լիբանանին օգնութիւն մատուցելու նիւթը եղած է քննարկումներու առարկայ։

Քրիստոնեայ հովուապետերը իրենց հետ կր բերեն ժողովուրդի մը աղաղակը

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի զեկոյցին մէջ յատուկէն անդրադարձաւ մէկ յուլիսին նախատեսուած օրակարգի մասին, նշելով, որ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու հովուապետերը Քահանայապետին հետ միասին պիտի խորհրդածեն եւ աղօթեն «իրենց հետ բերելով ոչ միայն իրենք զիրենք այլ նաեւ ժողովուրդի մը աղաղակը»։

Միասին քալել - կլոր սեղան

Կարդինալ Սանտրին ընդգծեց թէ այդ աղօթքի օրուան ընթացքին պիտի տեսնենք Քահանայապետը եւ հովուապետերը, որոնք կը քալեն միասին, ու այս մէկը պիտի կատարուի առաւօտեան երբ անոնք Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ հիւրընկալութեան հակիրճ պահէ մը ետք միասնաբար պիտի փոխադրուին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքա ուր «Հայր Մեր»-ի աղօթքէն ետք իւրաքանչիւր հովուապետ մոմ մը պիտի զետեղէ Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ, հայցելով Առաքեալին բարեխօսութիւնը։ Անոնք ապա պիտի փոխադրուին առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճ ուր տեղի պիտի ունենայ դռնփակ ժողովը, բոլորը հաւաքուած կլոր սեղանի մը շուրջ ի ներկայութեան նաեւ Լիբանանի մէջ առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիին։

Ժողովին մասնակիցները

Ժողովին մասնակիցներն են Մարոնիդ Համայնքի Պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Պութորս Ռայի, Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Իգնատիոս Եուսէֆ Եունան, Մելքիդ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Եուսսէֆ Ապսի, Քաղդէացի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը գերապայծառ Միշել Քասսարժ, ինչպէս նաեւ Լատիններու Առաքելական Փոխանորդը գերապայծառ Սեզար Եսսայեանը։ Ինչ կը հայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կարդինալ Սանտրին բացատրեց թէ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքի մահէն ետք այս օրերուն Զմմառու մէջ գումարուած է եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը ընտրելու համար անոր յաջորդը ու թէ մօտ օրէն յայտնի կ՜ ըլլայ թէ ո՞վ կը մասնակցի աղօթքի օրուան։

Իսկ ինչ կը հայի քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, հաւաքին պիտի մասնակցին Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքը` գերերջանիկ Եուհաննա Ժ Եազիժի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա վեհափառը, Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրեմը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ Աւետարանական հասարակութեան բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչը Վերապատուելի Ժոզէֆ Քասսապհասը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ եզրափակիչ աղօթքը

Կարդինալ Սանտրին բացատրեց ապա թէ խորհրդակցական հանդիպումները բաժնուած են երեք մասերու ու թէ պիտի եզրափակուին երեկոյեան 6-ին Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքով, որուն առթիւ Սրբազան Պապը ներկաներուն պիտի ուղղէ իր խօսքը։

Եզրափակիչ աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի մէջ ապրող Լիբանանցի կրօնաւորական հաստատութիւններուն անդամներն ու աշխարհական հաւատացեալները մինչ աղօթքի ընթացքին պիտի արտասանուին արաբերէն, ասորերէն, հայերէն եւ քաղդէական լեզուներով աղօթքներ։

Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան նուիրուած զինանշանը։

Զինանշանը կը պարունակէ Լիբանանի Հարիսայի Տիրամօր պատկերն ու մայրիի ծառը։ Զինանշանի կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Լիբանանի ազատութեան ու միութեան համար թափուած արիւնը, իսկ արեւի դեղին գոյնը կը խորհրդանշէ երկրի լոյսն ու ջերմութիւնը։

Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը անցեալ 4 սեպտեմբեր 2020ին, Լիբանանի աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրուան առիթով յղած պատգամին մէջ Լիբանանի ժողովուրդը հրաւիրեց միշտ վստահելու Աստուծոյ խօսքին որ իր ժողովուրդին կը խոստանայ խաղաղութեան ծրագիրները յոյսով լի ապագայ մը ունենալու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2021, 12:34