Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը. « John 17 movement» շարժումի անդամներուն։

«John 17 Movement» շարժումը սիրոյ վրայ հիմնուած կազմակերպութիւն մըն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 9 յունիսին, երեկոյեան ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Նիւ Եորքի Սուրբ Յովսէփ անուան նորընծայարանէն ներս կայացած John 17 շարժումի անդամներուն հանդիպումի մասնակիցներուն։
Հանդիպումին ներկաներուն շարքին էր նաեւ Կարդինալ Ժոզէֆ Թոպինը։

Պատգամին մէջ սրբազան հայրը ողջունեց հանդիպումի մասնակիցները նկատելով սոյն հանդիպում որպէս հոգեւոր կրթութիւն յարաբերական համերաշխութեան վերաբերեալ, նոր ուղեւորութիւն մը քրիստոնեաներու համերաշխութեան համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ John 17 Movement շարժումը սիրոյ վրայ հիմնուած կազմակերպութիւն մըն է, որուն անդամները իրար զիրար իբրեւ եղբայրներ կը զգան, բոլորը միեւնոյն հօր զաւակները կը զգան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց սիրոյ վրայ ըսելով Սէրը կարիքը չ՝ունի աստուածաբանական խորունկ ճանաչողութիւններուն որոնք թէպէտ կարեւոր են։ Սէրը կեանքի հանդիպում մըն է ,նախ Յիսուս Տիրոջ հետ, Յիսուսի անձին, եւ այդտեղէն, այս սիրոյ հանդիպումէ կը ծնին բարեկամութիւնը, եղբայրութիւն, եւ միեւնոյն հօր զաւակները ըլլալու վստահութիւնը։
Սիրոյ մէջ քրիստոնեաները միասնաբար կրնան աշխարհը փոխել, անձերը փոխուի լ որովհետեւ Աստուած սէր է։

Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորելով շարունակել ընթանալ կիսելով եղբայրական սիրոյ կեանքը նկատել տալով որ John 17 Movement շարբժումը վկայութիւն իրենց յոյս եւ ուրախութիւն կը ներշնչէ։

«Թող Աստուած օրհնէ ձեզ։ Հաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար, որովհետեւ այս աշխատանքը երբեք դիւրին չէ։ Ցտեսութիւն։» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2021, 20:00