Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հովուական ծառայութեան մէջ ներգրաւել աշխարհականներն ու ընտանիքները»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը.«Ուր հասած ենք Սիրոյ ուրախութիւն յորդորագիրին հետ» խորագիրով ժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրոյ ուրախութիւն» յորդորագիրին հինգերորդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած համագումարին առիթով ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց ժողովի մասնակիցներուն, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց աւելի քան 30 եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերէ եւ միջազգային 30 կրօնական շարժումներէ կազմուած  ժողովի մասնակիցներուն։Պատգամին մէջ  Նորին Սրբութիւնը գնահատեց վերոյիշեալ ժողովը նկատելով զայն Սուրբ Աթոռի եւ եկեղեցական շարժումներու միջեւ էական ու կարեւոր գործունէութիւն։

«Սիրոյ ուրխութիւնը« պտուղնէ սինոդական խորհրդածութեան։

Անդրադառնալով ապա «Սիրոյ ուրախութիւն» առաքելական յորդորին նշեց, որ անիկա պտուղն է սինոդական խորհրդածութեան՝ ընտանիքի եւ պսակի վերաբերեալ եւ զայն կիրարկելու համար անհրաժեշտ է առաքելական դարձը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց որ Համաճարակի ճգնաժամի դժուար ժամանակահատուածին, եկեղեցին հրաւիրուած է անսալու ընտանիքներուն ձայնին ու զանոնք ներգրաւել իբրեւ հովուական ծառայութեան ենթականեր։

«Իւրաքանչիւր մկրտեալ աւետարանումի գործօն ենթակայ է», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ ընտանիքը տնային եկեղեցի է, վայր մը ուր կը գործէ Քրիստոսի խորհրդաւոր ներկայութիւնը՝ պսակեալներուն միջեւ ինչպէս նաեւ զաւակներու ու ծնողաց միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ ընտանիքներու մէջ ապրուած սէրը մնայուն ուժն է եկեղեցւոյ կեանքին։ Խրախուսեց հոգեւորականները միշտ ներգրաւել ընտանիքները, պսակեալները՝ գործելու համար եկեղեցիէն ներս։ Հրաւիրեց ձեռքբերել «սիրոյ ուրախութիւն» յորդորագրիը ու անոր մէջ գտնել հովուական ծառայութեան իւրայատուկ կէտերը, որոնք կը համապատասխանեն տեղական եկեղեցիներուն շօշափելի պահանջներուն ու զանոնք գործադրել  միսիոնարական սլացքով։

Ամէն ջանք թափել աշխարականներու կազմաւորման գծով

Սրբազան Հայրը քաջալերեց ամէն ջանք թափել աշխարականներու կազմաւորման գծով, յատուկէն պսակեալներու եւ ընտանիքներու, որպէսզի կարենան աւելի լաւ ըմբռնել իրենց եկեղեցական յանձնառութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ առաքելութիւնը որ կը բխի ընտանիքի եւ պսակելներուն էութենէն, նկատել տալով, որ բազմաթիւ ընտանիքներ գիտակից չեն մեծ պարգեւին զոր ստացան են սուրբ խորհուրդէն, արդիւնաբեր Քրիստոսի ներկայութիւնը որ կ՝ընկերանայ ընտանքներուն կեանքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ վեհաժողովին օրերը բարի առիթ հանդիսանան կիսելու համար գաղափարներ եւ հովուական ծառայութեան փորձառութիւններ, ինչպէս նաեւ ստեղծելու ցանց մը, որ կոչումներուն եւ կեանքի վիճակներու փոխլրացման մէջ, համագործակցութեան հոգիով եւ եկեղեցական հաղորդութիւնով, կարենայ հռչակել ընտանիքի աւետարանը արդիւնաբեր ձեւով, պատասխանելով ժամանակուան նշաններուն։

Հայցելով Տիրամօր եւ սուրբ Յովսէփի բարեխօսութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը արդիւնաբեր դարձնէ ժողովի աշխատանքները ընտանիքի բարիքի համար, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց, խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2021, 14:45