Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի Սան Լուիճի հասարակութեան անդամները

Քահանան մարդ մըն է որ Աւետարանի լոյսի ներքոյ կը տարածէ Աստուծոյ համը իր ապրած շրջանակին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 7 յունիսին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Հռոմի Սան Լուիճի վարժարանի անդամները։ Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ հակառակ ժամանակակից ընկերութիւնը յատկանշուած է անհատականութեամբ եւ անտարբերութեամբ, Սան Լուիճի հասարակութեան անդամները միասնական կեանքի փորձառութիւնը կ՝ապրին դիմագրաւելով առօրեայ մարտահրաւէրները։«Սան Լուիճի վարժարանը կը գտնուի Հռոմի սիրտը, ուր եղբայրական կեանքը ու տարբեր յանձնառումները կը զգացնեն Աստուծոյ մօտիկութիւնը եւ սիրոյ հաւատարմութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով, որ այս տարին նուիրուած է Սուրբ Յովսէփին, հրաւիրեց վերագտնել սուրբ Յովսէփին հաւատքը, որ քնքուշ հայր մըն է, տիպար հաւատարմութեան եւ վստահ Աստուծոյ կամքին։

Հասարակութեան կեանքի տարբեր դժուարութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ հասարակաց կեանքի դժուարութիւններուն, նշելով որ այդ կեանքին մէջ միշտ կան փակուած փոքրիկ խումբեր, որոնք ուրիշները կը քննադատեն՝ ինքզինքին աւելի խելացի եւ բարձր զգալով։ Յորդորեց մէկը միւսը ընկալել, որպէս պարգեւ, նկատել տալով որ քահանան մարդ մըն է որ աւետարանի լոյսի ներքոյ, կը տարածէ Աստուծոյ համը իր շրջանակին մէջ եւ կը փոխանցէ յոյս խոցուած սիրտ ունեցողներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միշտ ունենալ ընդարձակ հորիզոններ եւ երազել ծառայասէր եկեղեցի մը, եղբայրական եւ զօրակից աշխարհ մը եւ կապուելով Քրիստոսին պիտի կարարեն ուրախութեան փորձառութիւն  եւ գրաւել սիրտերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Սան Լուիճի հասարակութեան պատասխանատու, Գերապայծառ Լուրտուսամիին, նշելով որ ան եղած է Ֆրանսերէն լեզուի իր թարգմանիչը, եղած է երջանիկ քահանայ մը։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնելով Գերապածառին մատուցած բոլոր ծառայութիւններուն համար նշեց որ Գերապայծառ Մարսէյ պիտի ժամանակէ հովուական ծառայութեան համար, Հռոմի մէջ Քրիստոսի բարի հովիւին անուշահոտը ձգելով։

Հայցելով Տիրամօր հովանին եւ Սուրբ Լուիճի պաշտապանութիւնը, ֆրանչիսկսո Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց խնդրելով, որ միշտ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2021, 13:07